Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Սփիւռքի Նեդրումը Հայաստանի Տնտեսութեան Մէջ. Ստեղծել Ուսումնական Բարձրագոյն Հիմնարկներ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

03 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պիտի մղուիմ այն մեկնակէտէն, որ մեր հայրենիքը սուրբ է: Արդարեւ, քննադատութիւն չէ, որ պիտի կատարեմ, այլ` շինիչ կարծիքներու փոխանցում, նպատակ ունենալով հայեացքները մօտեցնել` գործնական եւ շօշափելի արարքի վերածելու մեր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած անսակարկ սէրը:

2015 թուականին կատարուած սերտողութիւն մը, KPMG համաշխարհային ընկերութեան կողմէ, կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2.998.600 հոգի է, իսկ «Ուըրլտ պանք»-ի սերտողութեան վրայ հիմնուելով` այս բնակչութեան 99,8 տոկոսը գրագէտ է (գրել եւ կարդալ գիտէ). երեւոյթ մը, որ յոյժ գնահատելի է:

Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով` այսօր Հայաստանի մէջ ունինք 26 պետական համալսարաններ, 40 ոչ պետական համալսարաններ, որոնց մէջ 31-ը արտօնագրուած համալսարաններ կը նկատուին, իսկ միւսները` բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ, այսինքն` կաճառներ (Academia):

2017 օգոստոսին ԱՐՔԱ լրատուական աղբիւրի տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով` «Էջ Էս Պի Սի կրուփ»-ը (HSBC group) կ՛ըսէ, որ Հայաստանի մէջ միջին սակը համալսարանական մակարդակի ուսանողի վրայ մօտաւորապէս 852 ամերիկեան տոլար է տարեկան եւ ապրուստի ծախսերը` 3400 տոլար. երեւոյթ մը, որ քաջալերական է, երբ կը բաղդատենք շրջանին մէջ այլ պետութիւններու հետ, օրինակ` Ռուսիոյ, ուր տարեկան ուսման եւ ապրուստի ծախսերը կը նախատեսուին մօտաւորապէս 9441 ամերիկեան տոլար:

Ներկայ ընդհանուր համալսարանական ուսանողներու թիւն է 123.700 (ըստ պետական աղբիւրներու), որոնց 5 տոկոսը, այսինքն` մօտաւորապէս 6500-ը օտարահպատակներ են:

Կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել եւ գնահատել կրթութեան նախկին նախարարները` Արմէն Աշոտեանը եւ Լեւոն Մկրտչեանը, որոնք առանց ճիգ խնայելու` հսկայ աշխատանք կատարեցին բազմաթիւ պայմանագիրներ ստորագրելու կարգ մը հիմնարկներու հետ, ինչպէս` «The bologna process» եւ «Erasmus»-ը, որոնք դուռ կը բանան եւրոպական ուսման մակարդակի չափանիշի (standard) հասցնելու համալսարանները եւ ուսանողներու ազատ տեղափոխում կատարելու դէպի Եւրոպա կամ Եւրոպայէն դէպի Հայաստան (Transfer of students):

Հոգեկան պարտք կը զգամ նաեւ արտայայտելու այն ժխտական կէտը, որ թէեւ շրջանին մէջ համալսարաններու մակարդակը գոհացուցիչ է, երբ կը բաղդատենք նախկին խորհրդային պետութիւններու հետ, բայց երբեք գոհացուցիչ չէ, երբ կը բաղդատենք համաշխարհային մակարդակի այլ պետութիւններու հետ:

Բարձր ուսման մակարդակով համալսարաններ ստեղծելը միակ երաշխիքն է մեր ապագայի մտաւորական գերազանցումի եւ գոյատեւման, որ նաեւ մագնիսական ուժ մը կը դառնայ օտար ուսանողներ ներգրաւելու, հրաւիրելու, այսպիսով այլ աղբիւր մը կը դառնայ մեր հայրենիքի պետութիւնը զօրացնելու:

Երբեք պէտք չէ բաւարարուինք մեր համալսարաններու ուսման ներկայ մակարդակով, որոնք շատ հեռու են ամերիկեան, եւրոպական կամ ասիական համալսարաններէն: Որեւէ պատճառաբանութիւն չ՛արդարացներ այս երեւոյթը: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօք ի՞նչն է, որ մենք չունինք մեր համալսարաններու ուսման մակարդակը բարձացնելու: Անձամբ ձանձրացած եմ ոչ համոզիչ ու անհեթեթ լոզունգներէն, որ` մենք դրամ չունինք եւ մենք տկար ենք: Իբրեւ նախկին դասախօս ֆրանսական եւ ամերիկեան համալսարաններու մէջ` որեւէ կերպով չեմ կրնար բաղդատական մը ընել այդ եւ սոյն համալսարաներուն միջեւ:

Մենք մղիչ ուժի պէտք ունինք, որ թօթափենք ներկայիս տիրող «յետխորհրդային մակարդակը» եւ սլանանք դէպի առջեւ:

Եթէ այս գրած տողերս համոզիչ չեն կարգ մը ընթերցողներու, դժբախտաբար պիտի ստիպուիմ ապաւինիլ միջազգային այս կամ այն սերտողութիւններու արդիւնքներուն, որոնք կը յայտնեն, որ Երեւանի պետական համալսարանի կարգը 2746-րդն է աշխարհի համալսարաններու կարգին մէջ: Ռուսական-հայաստանեան պետական համալսարանը` 5458-րդը, Վանաձորի պետական համալսարանը` 15837-րդը, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը` 6904-րդը, պետական ճարտարագիտական համալսարանը` 19042-րդը, կրնաք դուք հաստատել այս տեղեկութիւնները` դիմելով webometric.info.europ.armenia-կայքէջին:

Այս լսելէ եւ կարդալէ ետք, ձեզի հարց պիտի տամ, որ եթէ դրամական կարելիութիւններ ունենայիք, արդեօք ո՞ւր պիտի ուզէիք ղրկել ձեր զաւակը ուսման:

Ինծի համար պատասխանը շատ յստակ է: Ուստի դիմացնիս ունինք մեծ մարտահրաւէր մը, իսկ հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ այժմ. ի՞նչն է, որ մեզի կը պակսի այս աշխատանքը յաջողցնելու: Առաջին հերթին պէտք է ընդունինք այս դառն իրականութիւնը եւ ապա միասնաբար աշխատինք զայն բարելաւելու:

Ունինք անկախ հայրենիք, ունինք նաեւ գերկազմակերպուած ադամանդեայ սփիւռք մը` իր ճիւղաւորումներով եւ երկար տարիներու փորձառութեամբ: Անհամար են բարձրագոյն ուսուման տէր, հայրենասիրութամբ տոգորուած մտաւորական սփիւռքահայերը, որոնք պատրաստ են այս երազն ալ իրականացնել. սփիւռքի ներդրումը Հայաստանի մէջ` ստեղծելու համար ուսման բարձրագոյն հաստատութիւններ:

aztagdaily.com/archives/428756?

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail