27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ:
Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու որակական իսկական փոփոխութիւնը կարծէք թէ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մի քանի տարիներուն։ Իրանի գազի աւելի մեծ ծաւալներով դէպի Հայաստան արտահանումը, գազը Հայաստանի ճամբով դէպի Վրաստան եւ այլ երկիրներ արտածելու հնարաւորութեանց քննարկումը, հիւսիս-հարաւ ճանապարհի շինարարարութեան Իրանի մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը, ելեկտրուժի ոլորտի մէջ համագործակցելու համաձայնութիւնը, Եւ այլ տնտեսական, հաղորդակցական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու ընդարձակման մասին պայմանաւորուածութիւնները իսկապէս աննախընթաց մակարդակի կրնան բարձրացնել երկու երկիրներու միջեւ պատմական կապերը։
Այս իրողութենէն պիտի մտահոգուին բազմաթիւ շրջանային երկիրներ եւ որոշ մեծ պետութիւններ։ Իրանի դէմ պատժամիջոցները մերժելու եւ տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի եւս խորացնելու Հայաստանի կեցուածքը դժգոհ պիտի պահէ Ամերիկան, իսկ Մոսկուան պիտի մտահոգուի, որ Իրանի հետ զարգացող եւ խորացող առեւտրատնտեսական կապերը Հայաստանը նուազ կախեալ պիտի դարձնեն Ռուսաստանէն։
Որոշ հայեր եւս պիտի մտահոգուին եւ յուսախաբ պիտի ըլլան. մանաւանդ անոնք, որոնք Իրան-Հայաստան կապերու փլուզում եւ աղէտ կը քարոզէին դեռ ընդդամէնը մի քանի շաբաթ առաջ։
Բայց բոլորն ալ ուշ կամ կանուխ պիտի հասկնան, որ Հայաստանը ունի ի՛ր շահերը եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը նախ եւ առաջ Հայաստանի՛ շահերէն կը բխի եւ այս կամ այն երկրին դէմ չէ ուղղուած։ Հայաստանը պիտի առաջնորդուի նախ եւ առաջ ի՛ր շահերով, եւ ոչ թէ՝ ուրիշին շահերուն սպասարկումը սեփական շահի երաշխաւորութիւն համարելով։
Եւ լեգիտիմ, ժողովուրդին արդար քուէն ստացած իշխանութիւնը միայն կրնայ քալել ինքնիշխանութեան եւ փոխադարձ յարգանքի, վստահելի գործընկերութեան ճանապարհով։
ORIGINE SOURSES- facebook.com/photo.php?fbid=10218809748177375&set=a.10200205527243479&type=3&theater