Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆ ՍՈՒՏԵՐԸ
Ի՞նչ կարեւոր է ոմանց համար՝ կառավարութեան անդամներուն տուած յստակեցումներն ու բացատրութիւնները այս կամ այն նիւթով։ Ի՞նչ կարեւոր են սուտ լուրերու հերքումները, ապատեղեկատւութեան բացայայտումները, շինծու տեղեկութիւններու խայտառակ բացայայտումները։
Բայց իրապէս, ի՞նչ կարեւոր է։ Նախկին ռեժիմի եւ անոնց լծակիցներու վարձկան եւ ինքնակոչ մունետիկները պիտի շարունակեն գոռալ-գոռգռալ, որ Նոր Հայաստանի մէջ թմրանիւթերու ազատ վաճառք պիտի սկսին, Սորոսը յատուկ ներկրուած ԼԳԲՏ-ներով պիտի ողողէ երկիրը, Լեւոնը ապազգային իր ծրագիրները պիտի իրականացնէ իր հոգեզաւակ Նիկոլի միջոցով…
Ու դեռ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի իրենց վարձկան եւ ինքնակոչ քարոզիչներով պիտի պոռան-կանչեն, որ Արցախը արդէն յանձնած են եւ վաղը առտու երբ արթննանք, արդէն Ստեփանակերտի մէջ ադրբեջանական դրօշակ պիտի տեսնենք։
Ու դեռ՝ Հայաստանի իրենց վարձկան եւ ինքնակոչ իմաստակները հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային արժեքներու կորուստի մասին ողբ ու կոծ պիտի հնչեցնեն, պիտի գովերգեն անցեալը ու մանաւանդ՝ իրենք իրենց, եւ Աւետարանի նախատեսած սուտ մարգարէներու նման, ափոքալիբս պիտի կանխատեսեն եւ պիտի ներկայանան իբրեւ ազգի ու հայրենիքի փրկիչներ…
«Ֆէյք նիուզ»-ի այս քարոզիչներուն, վարձու եւ ինքնակոչ ափոքալիբսի սուտ մարգարէներուն մեր ժողովուրդը միայն մէկ բան ունի ըսելիք՝ ձեր ժամանակը վաղուց անցած է։ Դուք արդէն ժամկետանց դեղի կը նմանիք, ինչքան ալ ձեր թոյնը ներարկէք մեր ժողովուրդի եւ մեր նոր սերունդի երակներուն մէջ, միեւնոյնն է, ազդեցութիւն պիտի չունենայ։
Նոր Հայաստանը առաջ պիտի երթայ ինքնավստահ քայլերով, մեր հայրենիքը պիտի ըլլայ հզօր եւ պանծալի, մեր երիտասարդութիւնը Հայաստանը պիտի վերածէ զարգացած ու յառաջադէմ, ուժեղ եւ հպարտ երկրի… Սա ոչ թէ ցանկութիւն է, այլ անխուսափելի ճակատագիր։ Իսկ դուք, սուտի եւ կեղծիքի մարգարէներդ, այդպէս ալ պիտի չհասկնաք, որ այլեւս ետդարձ չկայ։
Լոյսի ճառագայթներուն հետեւողը այլեւս խաւարին չի վերադառնար, երբե՛ք։ Եւ այո՛, պիտի չհասկնաք, որ նոր սերունդի վճառականութիւնը անշրջելի է եւ անոնք պիտի շարունակեն լոյսի ճանապարհով յառաջանալ ու դէպի յաջողութեան գագաթ տանիլ հայոց կարավանը… իսկ եթէ շարունակէք չհասկնալ, մեր ժողովուրդի կարավանը լոյսի ուղղութեամբ պիտի քալէ անշեղ, ու հեռուէն պիտի լսուին մութ ու գորշ լուսանցքի վրայ մնացած խաւարամիտներու ոռնոցները…
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ