Անին Թուրքիոյ Համար Կարեւոր է, Այնտեղ Նոր Պեղումներ Պիտի Իրականացուին․ Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարար

04 ՄԱՐՏ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ շրջած է Կարս նահանգի զբօսաշրջային վայրերով եւ յայտարարութիւն ըրած է Անիի աւերակներուն հետ կապուած։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet-ը։

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրսոյը Կարս նահանգին մէջ այցելած է Սարիղամիշի լեռնադահուկային կեդրոն, Սարիղամիշի մէջ 19-րդ դարուն ռուս ցարին կողմէ կառուցուած Եկատէրինայի պալատ, Կարսի բերդ եւ Անիի աւերակներ։

Անիի մէջ, թուրք նախարարը, այցելած է Մայր տաճար եւ Մանուչէի մզկիթ, զրուցած տեղացի զբօսաշրջիկներու հետ, որմէ ետք՝ մամուլի համար յայտարարութիւն ըրած է։ Նախարարը նշած է, որ Անին կարեւոր է Թուրքիոյ համար՝ շեշտելով, որ UNESCO-ի ցանկին մէջ անիկա ներառուած է իբրեւ քաղաքակրթութիւններու օրրան։

Ըստ նախարարին՝ շուտով Անիի մէջ պիտի սկսի 6 ամսեայ պեղումներու փուլ, որուն պիտի ներգրաւուին մեծ թիւով հնագէտներ։

Նախարարը, իր խօսին մէջ որեւէ կերպով չէ յիշատակած «հայ» կամ «Հայաստան» բառերը, հակառակ անոր, որ Անիի մէջ գտնուող բոլոր յուշարձանները, բացառութեամբ մէկուն, հայկական են, եւ Անին հանդիսացած է Հայոց մայրաքաղաքաը 10-11-րդ դարերուն։

yerakouyn.com/2019/03/04/անին-թուրքիոյ-համար-կարեւոր-է-այնտեղ-ն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail