Գործս Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Համակարգին Նկատմամբ Որեւէ Ոտնձգութիւն Չարտօնելն է

Գործս Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Համակարգին Նկատմամբ Որեւէ Ոտնձգութիւն Չարտօնելն է. Արթուր Վանեցեան

04 ՄԱՐՏ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ –ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակը ժամանակի որեւէ պահու չի կրնար նուազիլ, անիկա ամէն օր միայն պէտք է աճի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Արցախ կատարած այցին վերաբերեալ ըսած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ մամուլի մէջ լայն քննարկման առարկայ դարձած է Արցախի մէջ ըրած իր յայտարարութիւնները, արձագանգ եղած է նաեւ Ատրպէյճանէն, Վանեցեան մեկնաբանած է, ըսելով,- «Ես մասնագէտ սպայ եմ եւ իմ գործս անվտանգութիւն ապահովելն է, եւ չարտօնել որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համակարգին նկատմամբ: Ասիկա յատկապէս կարեւոր է այն պայմաններուն մէջ, երբ հարեւան երկրէն ամենաբարձր մակարդակներով գրեթէ ամէն օր հիմնահարցի ռազմական ճանապարհով լուծման, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման յայտարարութիւններ կը հնչեն։ Բնականաբար, մեր անվտանգութեան համակարգը պէտք է պատրաստ ըլլայ արձագանգելու այս սպառնալիքներուն։ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակը ժամանակի որեւէ պահու չի կրնար նուազիլ, անիկա ամէն օր միայն պէտք է աճի եւ ասոր ուղղուած են մեր ջանքերը»:

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութիւն կատարած վերջին այցին ընթացքին՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այն ծրագիրը, որ կ՝անուանենք վերաբնակեցման ծրագիր, իմ եւ մեր բոլորի իրական գնահատականով մեր երկրի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ, այն խօսքերը, այն արտայայտութիւնները եւ այն մարդիկ, որոնք միշտ կը շահարկեն թեման, թէ հողերը ետ պիտի տան, պիտի բանակցին, պիտի զիջին եւ այլն, այդ ծրագիրին իբրեւ արդիւնք մենք յստակ ուղերձ պիտի տանք ողջ հայ ժողովուրդին եւ ողջ աշխարհին, որ մենք ոչ մէկ թիզ հող ետ յանձնելու նպատակ չունինք, այլ ընդհակառակը, մեր հողերուն մէջ պէտք է բնակին մեր հայրենակիցները եւ շէնցնեն մեր երկիրը»:

yerakouyn.com/2019/03/04/գործս-հայաստանի-եւ-արցախի-անվտանգութ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail