Ռուսիա Ատրպէյճանին Կը Յանձնէ Թալիշներու Շարժումին Ղեկավարը

01 ՄԱՐՏ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 1 Մարտին, Ատրպէյճանի Պետական ապահովութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ Ռուսիա Պաքուի իշխանութիւններուն յանձնած է թալիշներու ազգայնական շարժումի ղեկավարներէն Ֆահրատտին Ապպասովը, որ Պաքուի կողմէ կը մեղադրուի «օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու յանձնարարութեամբ Ատրպէյճանի պետականութեան դէմ գործելու, ազգամիջեան թշնամանք հրահրելու եւ սահմանադրական կարգը բռնի ուժով տապալելու կոչեր կատարելու» յանցանքով:

Ատրպէյճանի թալիշ փոքրամասնութեան մշակութային իրաւանց պաշտպանութեան եւ ինքնավարութեան համար տասնամեակներէ ի վեր պայքարող Ապպասով, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ նաեւ աջակցած է Արցախի անկախութեան, երկու օր առաջ անհետացած էր Մոսկուայի արուարձաններուն մէջ գտնուող բանտէն։

Ըստ անոր փաստաբանին՝ ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր Միջազգային թափանցիկութիւն (Transparency International) կազմակերպութեան, զինք արտայանձելու Պաքուի դիմումին հիման վրայ՝ անցեալ Սեպտեմբերին ձերբակալուած Ապպասով անյայտ վայր մը փոխադրուած էր ռուս իրաւապահ համակարգի աշխատակիցներու կողմէ։

«Կը պահանջենք Ռուսիոյ իշխանութիւններէն անաչառ եւ արդիւնաւէտ հետաքննութիւն իրականացնել այս գծով», յայտարարեց Միջազգային թափանցիկութիւն կազմակերպութիւնը, շեշտելով, որ ենթական ձերբակալելու ոչ մէկ հիմք գոյութիւն ունէր։

«Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ որեւէ մէկը արտայանձնել երկրի մը, ուր ան կրնայ չարչարանքներու եւ դաժան վերաբերմունքի արժանանալ», աւելցուց կազմակերպութիւնը:

62ամեայ գործիչը մասնակցած էր շատ կարճատեւ կեանք ունեցած (Յունիսէն Օգոստոս 1993) Թալիշ-Մուղանեան ինքնավար հանրապետութեան հաստատման գործին, դառնալով ինքնահռչակ այդ հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ: 1994ին ան արտագաղթեց Ռուսիա, այնտեղէն շարունակելով թալիշներու իրաւանց պաշտպանութեան պայքարը: 2005ին ան Երեւան այցելած էր՝ մասնակցելով Թալիշագիտութեան առաջին միջազգային համաժողովին, քայլ մը, որ Պաքուի կողմէ նկատուած էր «անջատողականութեան ու դաւաճանութեան վառ դրսեւորում»: Անոր դէմ Պաքուի հալածանքը առաւել սաստկացաւ երկու տարի առաջ, երբ իր հիմնած համացանցային «Թալիշիստան» կայանէն Ապպասով յայտարարած էր, թէ թալիշներու ազգայնական շարժումը միշտ պաշտպանած եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ պաշտօնական Ստեփանակերտին:

«Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ եթէ Ղարաբաղի հայերը կամ աշխարհի որեւէ այլ անկիւն ապրող որեւէ ժողովուրդ կը պայքարի յանուն իր անկախութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մենք լիովին պիտի աջակցինք անոնց: Ղարաբաղի հայերը բացառութիւն չեն: Մենք մեր պետականութեան համար պայքարի առաջին օրէն մինչեւ հիմա կոչ կ՛ընենք մեր ժողովրդին՝ աջակցելու Ղարաբաղի հայերուն, Արցախի պետականութեան ճանաչման եւ, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, չպատերազմիլ Ղարաբաղի հայերուն դէմ», ըսած էր ան:

asbarez.com/arm/338899/Ռուսիա-Ատրպէյճանին-Կը-Յանձնէ-Թալիշնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail