«Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Լիբանան Կ՛աջակցի Հայաստանին»» Կ՛ըսէ Նեպիհ Պըրրի

21 հոկտեմբեր 2015
bry-kalousd-
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս յայտարարած է, որ Լիբանան միշտ ալ Հայաստանի կողքին է եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հարցով ալ կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովին զուգահեռ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող, միջազգային հարթակներու վրայ եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

«Միջխորհրդարանական կապերը միջպետական յարաբերութիւններու կարեւոր բաղադրիչն են. խորհրդարաններու մակարդակով յարաբերութիւններու աշխուժացումը, ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ բազմակողմ ձեւաչափով կը նպաստէ փոխըմբռնման եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման», նշած է Գալուստ Սահակեան:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպումին համար եւ վստահեցուցած, որ Լիբանան միշտ ալ Հայաստանի կողքին է: Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին մասին` Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը վերահաստատած է Հայաստանի դիրքորոշման աջակցելու եւ անոր զօրակցելու լիբանանեան կեցուածքը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Նեպիհ Պըրրի ցաւով նշած է, որ արդէն գրեթէ չքացած են կարելիութիւնները այդ տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելու, ուստի անհրաժեշտ է Սուրիոյ մէջ ուժով դադրեցնել տեղի ունեցող վայրագութիւնները:

Գալուստ Սահակեան իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է Հայաստան եւ ստացած փոխադարձ հրաւէր:

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail