Ակնարկ. Անհամաձայնութիւնը` Ոչ Թէ Անժամկէտին, Այլ Հանրաքուէին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտ

23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019 – ԱԿՆԱՐԿ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտի տուած հարցազրոյցով արտայայտուած միտքերը դուռ կը բանան որոշ դիտարկումներու բանակցային իրավիճակին եւ անոնցմէ բխող հայկական կողմի ընելիքներուն մասին:

Հոկլընտ կ՛ըսէ, որ այսօր սեղանի վրայ գտնուող հարցի Լաւրովեան նախագիծին նկատմամբ որեւէ կողմ իր համաձայնութիւնը չէ տուած, ուստի բեկումնային պահ սպասելը ճիշդ պիտի չըլլայ, հակառակ անոր որ շփման գիծին ուղղութեամբ կտրուկ կրճատուած են միջադէպերը:

Լաւրովեան նախագիծը, ըստ Հոկլընտի, հիմնականին մէջ մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած փաստաթուղթ է. հիմնական տարբերութիւնը հանրաքուէի առաջարկն է, որ պէտք է կազմակերպուի Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու, ներառեալ Պաքուի շուրջ կացարաններու մէջ բնակող տեղահանուած ազրպէյճանցիներուն մասնակցութեամբ: Կողմերը կ՛ուզեն, որ հանրաքուէն ստոյգ ամրագրուած ժամկէտներ ունենայ:

Այս մասը Հոկլընտի յայտարարածներուն նկարագրական բաժինն է. մեկնաբանականը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ ներկայացուած հարցականի տեսքով, թէ արդեօք Մոսկուան գոյավիճակի (սթաթիւս քօ) փոփոխութեան համաձայն կ՛ըլլա՞յ` զայն նկատելով իր դերի ազդեցութեան չէզոքացում:

Երբ փորձենք կապակցել այստեղ յայտնուած միտքերը կ՛եզրակացնենք, որ Մոսկուան թէ՛ հակամարտութեան կարգաւորման նախագիծ կ՛առաջադրէ եւ թէ՛ գոյավիճակի պահպանման հետամուտ կը դառնայ: Իսկ գոյավիճակի պահպանման համար կը ներառէ անժամկէտ հանրաքուէի սկզբունքը, որը կ՛արժանանայ երկկողմ անհամաձայնութեան:

Եթէ ընդունինք ամերիկացի նախկին համանախագահին առաջ քաշած հանրաքուէի մասնակիցներու բաղադրութեան բացատրութիւնը, ապա կը հետեւցնենք, որ միակողմանիօրէն այսպէս կոչուած Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի մասնակցութեան ապահովման մասին կը խօսուի: Այստեղ անմիջապէս կը մտաբերուի, որ հիւսիսային Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին հանրաքուէի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան մասին յուշում չկայ:

Քաղաքականօրէն պարզ կը դառնայ հայկական կողմի բարձրաձայնած տեսակէտը, որ Երեւանը իրաւասու չէ բանակցելու, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը չէ մասնակցած Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն, մինչ նախապէս Արցախի եւ այժմ Պաքուի մէջ ապրող ազրպէյճանցիները մասնակցած են Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այդպիսով լիազօրած Ալիեւը զիրենք ներկայացնելու: Այս մօտեցումը, շարունակելով տրամաբանութիւնը, պէտք է յանգեցնէ նոր հանրաքուէ կազմակերպելու անիմաստութեան: Եւ ի հարկէ Ստեփանակերտին բանակցութիւններուն միանալու անհրաժեշտութեան շեշտումին: Նոր հանրաքուէ կազմակերպելը ընդհանրապէս պէտք է դուրս գայ բանակցային սկզբունքներէն: Հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը ոչ թէ անժամկէտ ըլլալուն պիտի վերաբերի, այլ ընդհանրապէս հանրաքուէ կայացնելու հարցին: Պարզ այն պատճառով, որ հանրաքուէ հասկացողութիւնը արդէն ժամանակաւոր կարգավիճակի մասին կը խօսի, մինչդեռ կարգավիճակը արդէն հանրաքուէով որոշուած կայացած կարգավիճակ է:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ ազրպէյճանցիներուն տունդարձի իրաւունքը, այնպէս ինչպէս հիւսիսային Արցախէն տեղահանուածներունը: Հայկական կողմին կատարած Հոկլընտի արցախեան հարցին քայլ առ քայլ մօտենալու յորդորը գուցէ թարգմանուի հարցի կարգաւորման փուլային տարբերակի որդեգրման առաջարկով: Փուլայինը այս պարագային ունի անշրջելի առաջնային սկզբունք եւ ատիկա կը վերաբերի կարգավիճակին:

Իսկ կարգավիճակը Արցախի Հանրապետութեան ընդունումն է:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/428296

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail