Հայ Մամուլի Տարի. Մտորումներ Հայ Մամուլի Պարտաբանութեան Մասին (Déontologie)

05 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հասկնալ, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, տեսնել, թէ ի՛նչ պէտք է իմանալ տեղեկատուութեան ազատութեամբ: Առաջին սխալը, զոր կ’ընենք տեղեկատուութեան ազատութեան, մամուլի ազատութեան իրաւունքի մասին, այդ ալ լրագրողին ազատութիւնն է: Բնա՛ւ երբեք, այդ թերթի ընթերցողին իրաւունքն է:

… Բնական է, կը հետեւի, որ լրագրողը կարելիութիւնը ունենայ իր միտքերը արտայայտելու, բայց այդ կը նշանակէ միայն, որ ինք պէտք է ընէ այնպէս, որ տեղեակ պահէ ժողովուրդը: Ի՞նչ է ժողովուրդը տեղեակ պահելու միջոցը. զայն տեղեակ պահել ժողովուրդով:

… Ինչպէս ձեզի ըսուած է, լրագրողը պատմութիւնը չի շիներ, պէտք չէ մեկնաբանէ: Ան պէտք է քաղէ իրադարձութիւնը եւ զայն տայ թերթով` մարդոց, որոնք չէին հետաքրքրուած խնդրոյ առարկայ իրադարձութեամբ կամ տեղեակ չէին պահուած: Ուրեմն էապէս հարկ է, որ ժողովուրդը խօսի ժողովուրդին հետ:

ԺԱՆ-ՓՈԼ ՍԱՐԹՐ

Ուսուցիչը, բժիշկը, փաստաբանը, հաշուապահը եւ ուրիշներ ունին իրենց բարոյական կարգը, պարտքը` օրէնքներով սահմանուած. կը գործածենք օտար բառը եւ կ’ըսենք déontologie: Մամուլն ալ ունի իր պարտաբանութիւնը (déontologie): Ցարդ չէի հանդիպած այս բառին: Երբ ուզեցի խորհիլ մամուլի déontologie-ի մասին, դիմեցի Լուսինեան բառարանին եւ հոն գտայ պարտաբանութիւնը, զոր չենք գործածած: Սովորաբար կը խօսինք լրագրողի ազատութեան եւ բարոյականի մասին: Եթէ աւելի յարմար բառ գտնուի, այդ կը գործածենք:

Քիչ մը պրպտելով` գտայ, որ մամուլի պարտաբանութեան միջազգային ընդունուած սահմանումներ եւ համաձայնութիւններ կան ուրիշ երկիրներու մէջ: Հարկ է զանոնք ընդունիլ` ինչպէս որ ե՞ն, թէ՞ հայ մամուլի պարտաբանութիւն (déontologie) մը մշակել: Բայց նախ ծանօթանանք: Իսկ հայ մամուլը իր կառոյցով եւ թիրախներով բաղդատական եզրեր եւ նմանութիւններ ունի՞ միջազգային կամ մեծ երկիրներու մամուլին հետ: Իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ բաղդատելին բաղդատուի: Բայց նաեւ պէտք է հասկնանք, որ հայ մամուլը բացառութիւն չի կրնար ըլլալ, ան չի բանիր Ռոպենսոնի կղզիին վրայ, նոյնիսկ` սփիւռք(ներ)-ի պարագային:

Ընդունուած երկու համաձայնագիրներ կան այս մասին: Առաջինը ընդունուած է Եւրոպական Միութեան անդամ վեց երկիրներու լրագրողներու կողմէ, 1971-ին, ապա նաեւ` Զուիցերիոյ եւ Աւստրիոյ լրագրողներուն կողմէ: Համաձայնագիրը կը կոչուի Յայտարարութիւն լրագրողներու իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մասին, ան կը կոչուի նաեւ Միւնիխի ուխտ, որ խմբագրուած է 1918-ին, Լրագրողներու ազգային համագործակցականին կողմէ, փոփոխուած` 1938-ին եւ 2011-ին, կը կոչուի Լրագրողներու աշխատանքային բարոյականի ուխտ: Մամուլի կարգ մը ընկերութիւններ ունին իրենց ներքին ուխտը:

Յամենայն դէպս մամուլի պարտաբանութեան կանոնները ենթակայ չեն որեւէ օրինական պարտադրանքի: Անոնք կրնան նոյնանալ տուեալ երկրի մամլոյ օրէնքին հետ կամ ըլլալ տարբեր: Օրինակ, անձի յարգանքը կրնայ արգելք ըլլալ լուսանկարելու կամ յօդուած մը գրելու, նոյնիսկ երբ օրէնքը այդ թոյլ կու տայ: Մէկ բան հասարակաց է. ներկայացուած լուրը պէտք է հաստատուի ճիշդ տուեալներով:

Հիմնական հարց. տեղեկատուութեան եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կը պահանջէ ընդդիմանալ ամէն ձեւի գրաքննութեան, նոյնիսկ երբ ան արդարանայ գոյութիւն ունեցող օրէնքներով:

Նաեւ` հիմնական սկզբունք է տեղեկութեան աղբիւրի ոչ դրսեւորման սկզբունքի պաշտպանութիւնը, որուն դէմ են կարգ մը երկիրներու օրէնքները, բայց եւրոպական օրէնքը այս մասին ինքզինք պարտադրած է:

Յառաջադէմ երկիրներու մէջ լրագրութիւնը ընդունուած է որպէս հաւաքական աշխատանք, ուր կը խօսուի ընտրուած նիւթերու եւ անոնց ներկայացման մասին` հետեւելով վերեւ նշուած կանոններուն: Մեծ օրաթերթի մը, որուն անունը պիտի չյիշեմ, աշխատակիցները կը հաւաքուին ամէն օր, խմբագրապետին գրասենեակին մէջ, յաջորդ համարի նիւթերը եւ անոնց ընդհանուր ուղղութիւնը քննելու եւ ընդունելու համար: Լրագրողին պարտականութիւնն է տեղեկացնել, յարգել ընթերցողը, հանրային շահը եւ գիտնալու իրաւունքը: Ան պարտի իր անկախութիւնը պահել ընդդէմ քաղաքական եւ տնտեսական իշխանութիւններուն, յարգել անձերու անհատական կեանքը եւ պաշտպանել իր տեղեկութիւններու ստացման աղբիւրները: Լրագրողը պարտի գործել ճշմարտութեան, խստապահանջութեան, ճշգրտութեան, ամբողջականութեան, բարոյականութեան եւ անճիշդ վերագրումներէ հրաժարման կանոններով: Այս ըմբռնումները լրագրողը զերծ կը պահեն քաղաքական եւ տնտեսական քարոզչութեան հպատակութենէ, մանաւանդ` ապատեղեկատուութեան զոհ ըլլալէ:

Վերոնշեալ ընդունուած ըմբռնումներով, լրագրողը իր ասպարէզին անյարիր եւ ծանր սխալ պէտք է համարէ` զրպարտութիւնը, առանց փաստերու ամբաստանութիւնը, իրողութիւններու ըստ կամս կամ ըստ շահերու ձեւազեղծումը, սուտը: Լրագրողը պէտք է մերժէ վճարուիլ հանրային սպասարկութեան մը կամ մասնաւոր ընկերութեան մը կողմէ, որոնք կրնան օգտուիլ իր լրագրողի հանգամանքէն, ազդեցութենէն, կապերէն: Նաեւ լրագրողը ինքզինք պէտք չէ շփոթէ ոստիկանի հետ, պէտք չէ ստորագրէ ծանուցումներ եւ ոչ ալ շահադիտական միտումով թաքնուի մամլոյ ազատութեան սկզբունքի ետին: Վերջապէս, լրագրողի խօսքը ինքնուրոյնութիւն պէտք է ունենայ եւ յիշէ իր պաշտօնակիցներուն անունները, եթէ կ’օգտուի անոնցմէ:

Սկզբունք է նաեւ հետեւեալը… տեղեկանալու իրաւունքը, արտայայտուելու ազատութիւնը եւ քննադատութիւնը իւրաքանչիւր անհատի հիմնական ազատութիւններն են, եւ լրագրողին պատասխանատուութիւնը հանրութեան դիմաց գերիվեր է այլ պատասխանատուութիւններէ, մասնաւորաբար` գործատէրերու եւ իշխանութիւններու պարտադրանքներէն:

Կը ճշդուի նաեւ ճշմարտութեան եւ անհատական կեանքի յարգանքը, հրատարակել միայն այն լուրերը, որոնց աղբիւրը յստակ է, չհրապարակել գաղտնաբար ստացուած լուրերու աղբիւրը, մերժել ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումները` այդ աղբիւրները հրապարակելու գծով:

Լրագրողը իրաւունք ունի չյայտնելու կարծիք մը, որ դէմ է իր համոզումներուն եւ խիղճին: Ան պէտք է մերժէ նաեւ լուրեր, տեսակցութիւններ եւ նկարահանումներ կեղծելու սայթաքումները, ինչպէս` ֆոթոմոնթաժները:

Լրագրողի պարտաբանութիւնը կրնայ վտանգուիլ զանազան պատճառներով. հրատարակութեան քաղաքականութիւնը, խնայողութիւնը, շահաբերութիւնը կրնան պատճառ ըլլալ անտեսումներու:

Լրագրողի պարտաբանութիւնը վտանգուած է նաեւ ընկերային ցանցերու պատճառով: Ոեւէ մէկը, եթէ ունի համակարգիչ մը եւ կապուած է համացանցի, կրնայ լուր տարածել` առանց ինքզինք հակակշռի ենթակայ համարելու, յանուն ճշմարտութեան, որ կրնայ սխալ կամ կեղծուած ճշմարտութիւն ըլլալ:

Լրագրողը, ինչպէս դատարանը, պարտաւոր է յարգելու անմեղութեան կանխավարկածը, ինչ որ ուշագրաւ ըլլալու մղումին պատճառով յաճախ կ’անտեսուի: Ան պէտք է խուսափի ամէն կարգի մեղսակցութենէ իշխանութեան հետ, այլապէս կը կորսնցնէ իր անաչառութիւնը, հետեւաբար` հեղինակութիւնը:

Ի հարկէ լրագրողը պատրաստութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի իր գործը որակ ունենայ, եւ ինք ըլլայ անկախ: Այդ ընելու համար ան պէտք է ունենայ պարկեշտ աշխատանքի պայմաններ եւ միջոցներ, նոյնպէս` պարկեշտ վարձատրութիւն:

Խիստ կարեւոր. 21 նոյեմբեր 1983-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ արհեստավարժ լրագրողներու մասնակցութեամբ, կը վաւերացնէ Մամուլի բարոյականութեան միջազգային նոր կանոնագրութիւնը, տասը տարիներու հետազօտական աշխատանքէ ետք, 48 երկիրներու մասնակցութեամբ: Ինչ որ կ’ըսուի եւ կ’եզրակացուի, այս յօդուածին մէջ յիշուած կանոններէն չի հեռանար:

Յատուկ օրէնքներ մշակուած են մանուկներու եւ երիտասարդութեան ուղղուած հրատարակութիւններուն համար (գիրք, թերթ, պատկեր), որոնք կրնան քաջալերել աւազակութիւնը, սուտը, ծուլութիւնը, վատութիւնը կամ ոճրային արարքները: Կը թելադրուի մարդկայնացնել եւ բարոյականացնել հրատարակութիւնները:

Ի հարկէ այս բոլոր ըսուածները օրէնքի ուժ չունին, բարոյախօսական բնոյթ ունին, եւ կազմակերպուած պատժամիջոցներ չկան: Այդ պատճառով ալ կը յայտնուին մեղսակցութիւններ` իշխանութիւններու եւ իշխողներու հետ:

Հաւանօրէն պէտք է եզրակացնել, որ մամուլի պարտաբանութիւնը աւելի բարոյական բնոյթ ունի, եւ ոչ ոք, անհատ թէ խմբաւորում, իրապէս յանձնառութեան ենթակայ է: Մեծ երկիրներու մէջ կան հակազդելու միջոցներ` աշխատանքէ արձակում, աշխատանքի փոփոխութիւն, յանդիմանութիւն: Այս պատճառով ալ մամուլի միաւորները ներքին հաւաքական համաձայնութիւններ ունին (conventions collectives):

Նաեւ, անհասկացողութեան եւ վէճի պարագային, հասարակաց իրաւարարական մարմին մը կրնայ վճռել եւ արդարութիւն ընել, եթէ ստեղծուած ըլլայ:

Հայ մամուլը, մասնաւորաբար` սփիւռք(ներ)ի մէջ, չունի այն բազմազանութիւնը, կեդրոնացումը եւ ուժը, որպէսզի այս հարցերը կարելի ըլլայ քննել եւ յանգիլ ընդհանուրին պարտադրելի եզրակացութիւններու:

Բայց անպայման պէտք է խօսիլ եւ արձանագրութիւն պահել հայ մամուլի ծիրէն ներս բոլորի իրաւունքի եւ պարտականութեան բարոյական հասարակաց սկզբունքներու մասին:

Նախ պէտք է խօսիլ` առանց յուսալու, որ անմիջական եզրակացութիւններու կարելի կ’ըլլայ յանգիլ:

ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻն ապագայակերտ ըմբռնումներու եւ որոշումներու մեկնակէտ կրնայ ըլլալ` ասպարէզին հեղինակութիւն տալու եւ զայն հետաքրքրական դարձնելու համար: Պէտք է խօսին հայ մամուլի բեմէն ժողովուրդին հետ յարաբերողները, մնայուն խմբագիրները եւ աշխատակիցները, նաեւ` անոնք, որոնք ուղղակիօրէն կառոյցներուն մէջ չեն գտնուիր:

Այս սկզբունքային յստակացումներէն ետք, աւելի դիւրութեամբ կարելի կ’ըլլայ խօսիլ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼի մեր շատ սիրած բառով ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ մասին, որ ունենայ յաւելեալ որակ, փառասիրութիւն եւ անոնց հունով` օգտակար ծառայութիւն:

Իսկ հայ մամուլին եւ անոր առաքելութեան կարենալ ծառայելու համար մասնակիցները պէտք է որ ունենան ընդհանրապէս մշակոյթ, գիտնան հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն, որպէսզի մամուլը չըլլայ անձի ցուցադրութեան բեմ կամ միջոց, այլ` նպատակներու հասնելու: Այսքանը ընել` մեր հասողութեան մէջ է:

Հայաստան գումարուած մամուլի խորհրդաժողովները երբեք այս կարգի հարցեր չքննեցին: Անոնք կը քննուի՞ն այս տարի: Գէթ կը սկսի՞ն քննուիլ այս տարի:

Մասնակի, նեղմիտ, անցելապաշտ, տեղայնական եւ ջոջական-էսթեպլիշմընթային եւ այլ բացասականութիւններէ պէտք է զերծ մնայ մամուլը ընդհանրապէս, եւ` հայ մամուլը: Ան պէտք չէ ըլլայ այս կամ այն «տիրոջ ձայնը»: Այդ պարագային ան կ’ունենայ ապագայատես ազգային որակ:

Հայ եւ ընդհանրապէս մամուլի ճիշդ ճամբան գծելու եւ անոր հետեւելու համար պարտաբանութեան (déontologie) մասին մտորումներս պիտի եզրակացնեմ մեծ գրող Ալպեր Քամիւի խօսքով.

«Լաւ տեղեկացնել` արագ տեղեկացնելու փոխարէն, հաստատել քննադատական լրագրութիւն մը, եւ ոչ մէկ պարագայի ընդունիլ, որ քաղաքականութիւնը յաղթէ բարոյականութեան, ոչ ալ այս վերջինը իյնայ բարոյախօսութեան մէջ»:

21 յունուար 2019), Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/429377

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail