06 ՄԱՐՏ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան
Ֆլորիտայէն դեմոկրատ քոնկրէսական Էլսի Լ. Հէյսթինկս ատրպէյճանական քարոզչութեան ամենավերջին խօսափողն է։ Ան 2019 Փետրուար 25-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, զայն մտցուց Քոնկրէսի արձանագրութեան մէջ՝ հայերը մեղադրելով Ատրպէյճանի Խոջալու գիւղին մէջ 1992 Փետրուար 26-ին, Արցախեան պատերազմի թէժ օրերուն, 613 ատրպէյճանցի տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներու սպանութեան մէջ։ Human Rights Watch-ի զեկոյցին մէջ, զոհուած ատրպէյճանցիներուն թիւը կը կազմէր 161 մարդ։ Այնուամենայնիւ, ցաւալի է նոյնիսկ մէկ մարդու կորուստը՝ ըլլայ ատրպէյճանցի, թէ՝ հայ։ Ատրպէյճանական քոնկրէսական խումբի անդամ Հէյսթինկս կասկածելի սպանութիւնները անուանած է «Խոջալուի կոտորած»։
Այս սպանութիւնները կը վիճարկուին հայերու եւ ատրպէյճանցիներու կողմէ, որոնք իրար կը մեղադրեն կորուստներու համար։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը այս սպանութիւնները դարձուցած է «հանրայայտ գործ», տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպելով քայլեր եւ հայերը մեղադրելով ոչ միայն կոտորած, այլեւ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ… Այս քարոզչական քայլերը նիւթական աջակցութիւն կը ստանան յայտնի «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով, որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճանը ամբողջ աշխարհի մէջ կաշառք կու տայ պետական պաշտօնեաներու՝ Ատրպէյճանը քննադատող որոշումները խոչընդոտելու կամ իր օգտին բանաձեւեր ընդունելու համար։
Հեգնական է, որ Ատրպէյճանը 613 ատրպէյճանցիներու կասկածելի սպանութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, մինչդեռ անամօթաբար կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու իրական ցեղասպանութիւնը 1915-1923 թուականներուն:
1997 Մարտ 3-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլէայի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները շրջանառութեան մէջ դրաւ յայտարարութիւն մը` մերժելով «Խոջալուի իրադարձութեան մասին» 1997 Փետրուար 22-ին Ատրպէյճանի տարածած յայտարարութիւնը: Հայաստանը մէջբերեց Ատրպէյճանի այն ժամանակուան նախագահ Այազ Մութալիպովի խօսքերը, որ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի Ազգային ճակատը «աշխուժօրէն խոչընդոտած եւ փաստացի կանխած է տեղի (ատրպէյճանցի) բնակչութեան հեռացումը լեռնային անցուղիներով, որոնք Ղարաբաղի հայերը յատուկ ձգած էին քաղաքացիական բնակչութեան դուրս բերումը դիւրացնելու նպատակով»։ Մութալիպով այդ յայտարարութիւնը ըրած էր «Խոջալուի դէպքերէն» քանի մը օր անց, չեխ լրագրող Տանա Մազալովային տուած հարցազրոյցին ժամանակ, որ հրապարակուած էր 1992 Ապրիլ 2-ին, ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազյէթա» թերթին մէջ։
Նման քարոզչական քայլերու կազմակերպումով՝ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները շատ յարմար միջոց գտած են հակազդելու ատրպէյճանական Սումգայիթ (1988 Փետրուար 27-29), Գեանջա (1988 Նոյեմբեր) եւ Պաքու (1990 Յունուար) քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան։
Ատրպէյճան չէր կրնար գտնել ԱՄՆ Քոնկրէսի աւելի խայտառակ անդամ, քան Հէյսթինկսը՝ Հայաստանի դէմ իր քարոզչական պատերազմը իրականացնելու համար։ Քոնկրէսի անդամ դառնալէն առաջ՝ Հէյսթինկս աշխատած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնային դատաւոր 1979-1989 թուականը, որուն ընթացքին հեռացուած է պաշտօնէն։
Համաձայն Wikipedia-ի՝ «1981 (դատաւոր) Հէյսթինկսին մեղադրանք առաջադրուեցաւ 150 հազար տոլար կաշառք ստանալու համար՝ Ֆրենք եւ Թոմաս Ռոմանոներուն կողմէ 21 շորթումներու համար փոխհատուցուող գոյքի վերադարձին եւ մեղմ դատավճիռին դիմաց եւ այդ գործին վերաբերեալ իր կեղծ ցուցմունքներուն համար։ 1983-ին ան արդարացուեցաւ երդուեալ ատենակալներուն կողմէ, երբ ենթադրեալ յանցակից Ուիլեըմ Պորտըրս հրաժարեցաւ ցուցմունք տալէ դատարանին մէջ, որուն հետեւանքով Պորտըրս բանտարկուեցաւ»։
«1988-ին, դեմոկրատներու կողմէ վերահսկուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը զբաղեցաւ այս գործով, եւ Հէյսթինկս պաշտօնազրկուեցաւ կաշառակերութեան եւ սուտ վկայութեան համար՝ ձայներու 413-3 յարաբերակցութեամբ քուէարկութեամբ։ Ան, այնուհետեւ, 1989 Սեպտեմբեր 20-ին, դատապարտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ՝ դառնալով ԱՄՆ պատմութեան մէջ Ծերակոյտի կողմէ պաշտօնանկ եղած վեցերորդ դաշնային դատաւորը։ Ծերակոյտը, երկու ժամ տեւած քուերակութեամբ, կողմ քուէարկեց ատենարկութեան 17 յօդուածներէն 11-ին։ Ան դատապարտեց Հասթինկսը 11 յօդուածներէն ութով։ Առաջին յօդուածին վերաբերեալ քուէարկութիւնը այսպէս էր՝ 69 կողմ, 26 դէմ…»։
Քոնկրէսական Հէյսթինկս երկրորդ անգամ խայտառակուեցաւ, երբ Հելսինկեան յանձնաժողովի աշխատակիցը, որուն նախագահը անձամբ ինքն է, զինք մեղադրեց անվայել սեռական վարք դրսեւորելու համար… 2017 Դեկտեմբեր 8-ին, Roll Call թերթը յայտնեց, որ ԱՄՆ գանձապետական բաժանմունքը գաղտնի կերպով 220 հազար տոլար գումար վճարած է այդ աշխատակիցին՝ սեռական ոտնձգութեան ենթադրեալ գործը ընդդէմ Հէյսթինկսի կարգաւորելու համար։
Քոնկրէսական յանձնախումբի անդամ Ուինսոմ Փարքըր գրաւոր բացատրագրում յայտնած է, որ քոնկրէսական Հէյսթինկսը դպչած է իրեն, կատարած է անցանկալի սեռական բնոյթի գործողութիւններ եւ սպառնացած, որ կը հեռացնէ աշխատանքէ։ Իր դատական հայցին մէջ Փարքըր նշած է, որ «Հէյսթինկսը բազմիցս խնդրած է մնալ իր բնակարանին մէջ կամ այցելել հիւրանոցի իր սենեակը։ Փարքըր նաեւ ըսած է, որ ան յաճախակի գրկած է զինք, իսկ անգամ մը հարցուցած, թէ ինչպիսի ներքնազգեստ կը կրէ»,- գրած է Roll Call թերթը։ Հէյսթինկս հերքած է մեղադրանքը։
Վերջապէս, պարզ է, որ Հէյսթինկս լայն կապեր հաստատած է BGR Group ամերիկեան ընկերութեան հետ, որ ամսական 50 հազար տոլար կը վճարուի՝ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի օգտին լոպպինկ ընելու համար։
Համաձայն դաշնային «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման ակտ»ի (FARA) օրէնքներուն՝ իւրաքանչիւր լոպպիստական կազմակերպութիւն պէտք է գրանցուի ԱՄՆ Արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ՝ բացայայտելով օտարերկրեայ կառոյցին հետ կնքած պայմանագիրը։ Աւելի կարեւոր է, որ լոպպիստական ընկերութեան աշխատակիցները պարտաւոր են Արդարադատութեան բաժանմունքին ներկայացնելու իւրաքանչիւր կապի մասին, որ անոնք ունեցած են կողմնակի անձերու հետ իրենց յաճախորդին անունով, ըլլայ ատիկա ելեկտրոնային փոստով, հեռախօսազանգերով կամ անձնական հանդիպումներու միջոցով:
Օրինակ, վեց ամսուան ընթացքին, 2017 Դեկտեմբեր 1-էն մինչեւ 2018 Մայիս 30 ինկած ժամանակահատուածին, BGR-ը յայտնած է Քոնկրէսի գրասենեակներուն հետ հարիւրաւոր շփումներու մասին։ Ամէն անգամ իբրեւ շփման առարկայ նշուած է՝ «ԱՄՆ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններ»։ BGR-ը հմտօրէն թաքցուցած է քոնկրէսականին կամ ծերակոյտին անունը՝ նշելով միայն իր աշխատակազմի անդամին անունը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) իրականացուցած է երկարատեւ հետաքննութիւն՝ պարզելու Քոնկրէսի այն անդամներուն անունները, որոնց հետ աշխատած են այդ աշխատակիցները։ ANCA-ի հետաքննութեամբ բացայայտուած է, որ 2017 Նոյեմբեր 17-ին, 2018 Փետրուար 27-ին, Մարտ 5-ին եւ 12-ին, Ապրիլ 30-ին, Մայիս 22-ին, 23-ին եւ 30-ին BGR-ի լոպպիստները ելեկտրոնային նամակ ուղարկած են Քոնկրէսական Հէյսթինկսի աշխատակից Թոմ Քարնսին։ BGR-ն նաեւ հանդիպում ունեցած է Թոմ Քարնսի հետ 2018 Մայիս 30-ին։ Բացի այդ, 2018 Մայիս 22-ին, BGR-ի լոպպիստները ելեկտրոնային նամակ ուղարկած են Հէյսթինկսի գրասենեակի աշխատակից Սիւզաննա Ճէքսընին։ Բացի այդ, 2017 Նոյեմբեր 2-ին, Ռոպ Մանկասը, Թիմ Հաչքինսընը, Գ. Լորի Մաքքերյը, Գիլորան Լոնկը եւ Ալպերթ Վինը, Թուրքիոյ համար գործող լոպպիստական Greenberg Traurig ընկերութեան անունով Հէյսթինկսի գրասենեակի աշխատակից Լէյլ Մորիսընի հետ քննարկումներ անցուցած են Ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Վերջապէս, 2017 Հոկտեմբեր 27-ին Լիտիա Պորլանտը այլ՝ Թուրքիոյ համար լոպպիստական գործունէութիւն ծաւալող LB International Solutions ընկերութեան անունով, հանդիպում ունեցած է Հէյսթինկսի գրասենեակի աշխատակից Լէյլ Մորիսընի հետ՝ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։
Զարմանալի չէ, որ քոնկրէսական Հէյսթինկսը, վերջին տարիներուն, D եւ D Plus ցած նիշ ստացած է՝ ANCA-ի կողմէ Քոնկրէսին մէջ տարբեր հայկական հարցերու չաջակցելու համար:
Ատրպէյճան փորձած է քօղարկել հայերու դէմ իր կատարած յանցագործութիւնները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները իր իրաւազուրկ քաղաքացիներուն դէմ՝ կաշառելով աշխարհի տարբեր պաշտօնեաներ եւ մեղադրելով ուրիշները իր սեփական յանցանքներուն համար…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը