Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած քաղաքականութիւն է

Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած քաղաքականութիւն է. Խմբագրական

06 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

«Կարելի չէ բանակցիլ մարդոց հետ, որոնք կ’ըսեն՝ ինչ որ ինծի կը պատկանի՝ ի՛մս է, իսկ ինչ որ քեզի կը պատկանի՝ բանակցելի է»։

Ճոն Քեննետի, ԱՄՆ նախագահ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի եւ Թիւֆէնքեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւրոպական խորհրդարանին մէջ Մարտ 6-ին պիտի կայանայ «Հայատեացութիւն. Պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագրով համաժողով:

Պաքուի իշխանութիւններուն ամէնօրեայ ռազմատենչ արձագանգներուն անքակտելիօրէն կապուած է հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ այսօրուան դրութեամբ տարածուած է արդէն Ատրպէյճանի պետութեան կրթական հայեցակարգին եւ տեղեկատուական համակարգին մէջ՝ որպէս պետական կազմակերպուած քաղաքականութիւն։

Հակահայ քարոզչութիւնն ու հայատեացութիւնը բնականաբար չեն երաշխաւորեր պայթիւնավտանգ առճակատման եզրին գտնուող Հարաւային Կովկասի Արցախեան ճակատի ուղղութեամբ տարուող միջազգային խաղաղասիրական ճիգերուն եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն հրադադար յառաջացնելու առաքելութիւններուն։

Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի հայ խաղաղ քաղաքացիներուն դէմ կազմակերպուած նախճիրները հայատեացութեան սկզբնաղբիւրներն էին, որուն յաջորդեցին Մարաղայի հայ գիւղացիներու սպանդը։

Հակահայ տեղեկատուութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքական ռազմավարութեան մէջ շեշտուած ուղեգիծ է, որուն խորքին մէջ հայատեացութիւնը դրսեւորուած է բազմաբեւեռ մակարդակներով։

Կրթական գրականութեան եւ դասագիրքերու մէջ հայերը ներկայացուած են որպէս արիւնարբու նախայարձակ ազգ, եւ այս բոլորը Ատրպէյճանի կրթական նախարարութեան գիտակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Պաքուի կողմէ հետեւողականօրէն շեփորահարուող ռազմատենչութեան եւ ատելավառ թշնամութեան քարոզչութեան անմիջական ազդեցութեան տակ են ատրպէյճանցի դպրոցական տարիքի սերունդները:

Հայատեացութիւնը տարածողներն ու քարոզողները, պատմութիւնը խեղաթիւրողները, նոյնինքն Ալիեւեան իշխանութեան պետական դէմքերն են՝ սկսեալ երկրի նախագահէն, որ 2018 Փետրուար 9-ին կայացած «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան համաժողովին յայտարարեց, թէ Երեւանը պատմականօրէն Ատրպէյճանի կը պատկանի, եւ իրենց պարտականութիւնն է քաղաքը վերստին Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ ներառել՝ Զանգեզուրի եւ Սեւանայ Լիճի տարածքներուն հետ միասին։

2004 թուականին եւրոպական Խորհուրդին մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ագտին Մեխտիեւը, նոյն թուականի Փետրուար 19-ին Պուտափէշտի մէջ ատրպէյճանական բանակի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճիրէն ետք, հետեւեալ յայտարութիւնը կատարած է. «Խորհուրդ չեմ տար հայերուն հանգիստ քնանալու, որովհետեւ Պուտափէշտի պատահարի կրկնութիւնը բացառուած չէ»… թունալից եւ ատելավառ սպառնալիք։

Ինչպէս կարելի է մոռնալ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին գլխատուած հայ զինուորի եւ Թալիշի մէջ խողխողուած տարեց բնակիչներու գժդմնելի սպանդները։

Աւելի՛ն, Պաքուի կողմէ հսկայածաւալ ֆինանսաւորումով Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայութիւնը միջազգային գետնի վրայ հեղինակազրկելու եւ վարկաբեկելու քարոզչական աշխատանք կը տարուի։

Ակադեմական ծիրէն ներս, դարձեալ պետական աջակցութեամբ, նենգափոխուած պատմագիտական գրականութիւն կը տարածուի տարիներէ ի վեր, ուր պատմաբանասիրական հրատարակութիւններուն մէջ յստակօրէն կը նշուի հայերու «եկուոր» իսկ ատրպէյճանցիներու «բնիկ» ըլլալու պարագան։ Վերջին տասնամեակին յատկապէս շեշտադրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուած է Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հասկացութիւնը։

Պատմութիւնը եղծելու եւ վերաշարադրելու մոլուցքին մէջ չի խնայուիր նոյնիսկ հայութեան հոգեւոր ժառանգութեան, որուն վկայութիւնն է 2006 թուականի Հին Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու բնաջնջումը։

1992 թուականին Խոջալուի մօտ պատահած իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ներկայացնելու քարոզչական ճիգերը կը հասնին մինչեւ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, ուր կազմակերպուած միտում կայ Խոջալուի դէպքը միջազգայնօրէն ցեղասպանութեան համազօր իրաւական գնահատականի հասցնելու գծով:

Եւրոպական Խորհուրդին՝ Ընդդէմ ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան յանձնաժողովի 2016 թուականի Ատրպէյճանի յատուկ տեղեկագրին մէջ յստակօրէն կ՚ըսուի. «Ատրպէյճանի մէջ պետական ղեկավարներ, կրթական հաստատութիւններ եւ լրատուամիջոցներ շարունակաբար օգտագործած են ատելավառ խօսք հայերուն հանդէպ. ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը հասակ առած է լսելով ատելութեան հռետորաբանութիւնը»։

Իրողութեան մէջ, այսօր, կարելի չէ խաղաղ համագոյակցութեան պայմաններ ստեղծել երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ, որոնցմէ մէկուն իշխանութիւնները նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի ատելութիւն սերմանելու միւս ազգին նկատմամբ։

Իսկ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճոն Քեննետիի խօսքերը ուսանելի, այժմէական եւ ինքնաբացատրական են. «Կարելի չէ բանակցիլ մարդոց հետ, որոնք կ’ըսեն՝ ինչ որ ինծի կը պատկանի՝ ի՛մս է, իսկ ինչ որ քեզի կը պատկանի՝ բանակցելի է»։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail