06 ՄԱՐՏ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Առանձին չենք մոլորակին վրայ: Այնքան առանձին չենք, որ կը մոռնանք, կը մոռցնեն, որ մենք մենք ենք:
Մեր տեղայնացածի, համայնքայնացածի եւ կողմնապաշտի մեզ անզօր դարձնող ճակատագրապաշտի խոզակէն դուրս գալով, պէտք է որ կարենանք մտածել այսօրուան եւ վաղուան մեր իւրայատուկ կացութեան մասին, սառցակոյտ՝ որուն երեւցող-ծփացող մասն է հայ եւ հայերէն մամուլը: Բեմերէն կ՛ըսենք՝ լինելութիւն:
Ո՞վ կը հետաքրքրուի, որ 2017 տարուան ընթացքին սպաննուած են 65 լրագրողներ, 2018ին՝ սպաննուած լրագրողներուն թիւը եղած է 80: Իմացա՞ք, որ անոնց համար կազմակերպուած ըլլան ցոյցեր, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին յարգելի պատգամաւորները յոտնկայս յարգած ըլլան 65+80 զոհերու յիշատակը: Այս անտես մնացող նախճիրին վրայ աւելցուցէ՛ք բանտարկուած, իրենց երկրէն փախած, գործազուրկ դարձած լրագրողները, եւ կը յանգիք այն եզրակացութեան, որ քաղաքակրթութիւնը ինքնախաբէութիւն է եւ մեծ ու պզտիկ տիրակալներու զէնքը:
Մամուլի եւ խօսքի ազատութեան դէմ գործուած այս ցնցող ոճիրները կարծէք տեղի ունեցած են եւ տեղի կ՛ունենան հեռաւոր տեղեր, այլ մոլորակներու վրայ: Իրենց անունը չըսող նախճիրներ կան մամուլի եւ խօսքի ազատութեան դէմ գործուող, խոշտանգումներ, կայ պարզապէս գրաքննութիւն, ընդարմացնելով ոճիր, արդարացումներ կը գտնենք կողմնապաշտութեամբ, շահադիտական վերաբերումներով: Եւ մենք ալ մասնակից կ՛ըլլանք հակամարտութիւններու կարծրացման, շարունակման եւ սրման:
Գրաքննութիւնը ազատութեան կաշկանդում է, նեղմտութիւն եւ ճշմարտութիւնը թաքցնելու միտում, որ անկարելի կը դարձնէ արդարութեան հաստատումը եւ յառաջդիմութիւնը:
Այս կացութիւնը հետզհետէ հեղձուցիչ դարձած է, քանի որ հաղորդակցական միջոցները տէրեր ունին. մեծ դրամագլուխը՝ առեւտրական նկատումներով, նաեւ՝ քաղաքականութիւնը հակակշռելու միտումով, մեծ եւ փոքր քաղաքական ուժեր կը ստեղծեն կամ անուղղակի կերպով տէր են եւ միաժամանակ ենթակայ հաղորդակցական հզօր միջոցներու: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Այդ ուժերու հետապնդած նպատակը ճշմարտութիւնը չէ, այլ իշխանութիւնը, եսը եւ շահը:
Միշտ կը խօսուի մամուլի ազատութեան եւ անոր հունով այլակարծութեան մասին: Տարբեր ուժեր, քաղաքական, կրօնական եւ այլ, կը ձգտին իրենց ծառայացնել ինչ որ ընդհանուր բնութագրումով կը կոչենք մամուլի եւ խօսքի ազատութիւն, անոր շուրջ հիւսելով տեսանելի եւ անտեսանելի կողմնապաշտութեան ոստայնը, գրաքննութեամբ եւ ինքնագրաքննութեամբ, նաեւ գործէ չհեռացուելու վախով:
Ներկայիս տպագրուած մեծ լրատուամիջոցները դժուարութիւններու առջեւ կանգնած են ինքնագործ եւ բազմապատկուող համացանցային լրատուութեան պատճառով: Ճիշդ է, որ մամլոյ ազատութեան սկզբունքը ամենուրեք ընդունուած է, բայց տեւաբար մանրուող լրատուամիջոցները լսուելու համար յաճախ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, չեն խուսափիր չափազանցութիւններէ եւ զեղծումներէ, գայթկաղութիւններ բացայայտելէ, ուշագրաւէն, որոնց համար կը գործածուի fake news տարազը, այսինքն սուտուփուտ լուրեր:
Մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան սկզբունքը ընդունիլ մէկ բան է, զայն առանց զիկզակելու յարգել՝ այլ բան:
Մամլոյ ազատութիւնը արժէք է, պատմութեան ընթացքին ձեռք բերուած մղուած պայքարներով եւ որուն համար միշտ պէտք է պայքարիլ: Բայց պարզ ողջմտութիւն է գիտնալ նաեւ, որ մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը անսահմանափակ չէ, եւ անիկա ինքն-իրեն չի կրնար թոյլ տալ ուրիշի ազատութեան անտեսումը: Այսինքն անոր կ՛ընկերանան պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ, որոնց համար մշակուած են օրէնքներ: Մամլոյ ազատութեան օրէնքին հետեւողը բարոյապէս պարտաւոր է յարգել մարդկային իրաւունքները, ատելութիւն չսերմանել այս կամ այն խումբին դէմ՝ ըստ մորթի գոյնի, ծագման, կրօնի: Այս սահմանափակումը կայ ոչ միայն տպագիր մամուլին համար, այլ նաեւ ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի եւ համացանցի (իր բոլոր ձեւերով):
Կան սիրողական լրագրողներ, յօդուածագիրներ եւ կան արհեստավարժներ, որոնց գլխաւոր աշխատանքն է մամուլը: Բոլորն ալ պարտաւոր են յարգել որոշ կանոններ: Այսպէս, լրագրողը, երբ կ՛երթայ դէպի աղբիւրը, յաւելեալ տեղեկութիւն եւ ճշմարտութիւն ձեռք բերելու համար, պարտաւոր է յարգել որոշ սկզբունքներ. պէտք է ըլլայ յստակ եւ ճշգրիտ, յարգէ անմեղութեան վարկածը, չտարածէ վարկաբեկիչ եւ անճիշդ լուրեր, յարգէ անձերու անհատական կեանքը:
Մեծ երկիրներու մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններէն զերծ չէ հայկական մամուլը, նաեւ եւ մանաւնդ Սփիւռք(ներ)ի, որ առաւելաբար գրաւոր է: Մեծ երկիրներու պարագային գրաւոր մամուլին համար սպառնալիք է անվճար բաժնուող թերթը, քանի որ ընթերցողը հոն կը գտնէ անմիջական կարճ լուրերը եւ մեծ թերթերու մանրամասնուած կամ հետախուզական լուրերը զինք չեն հետաքրքրեր: Անվճար թերթերը կրպակներ են, որոնց համար լրատուութիւնը էական նշանակութիւն չունի իրենց գոյութիւնը արդարացնելու համար: Ցարդ ոչ ոք ըսած է թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ անոնց դէմ:
Նոյն մտածումին հետեւելով, համացանցի վրայ զետեղուած անվճար թերթը եւս չարիք է տպագիր մամուլին համար: Օր մը պէտք է յայտարարուին հայկական թերթերուն տպաքանակները, վճարողներուն եւ ընթերցողներուն թիւերը, համացանցով ընթերցողներուն թիւերը: Հարցախոյզ մը պէտք է ըսէ, թէ ի՛նչ կը կարդան: Երբ տպագիր մամուլը ընթերցողը չունի որպէս տէր, կը նշանակէ որ հարկատու է զինք պահողին, աւելին չըսելու համար: Ճիշդ է, որեւէ ժամանակէ աւելի արագ եւ առատ կը շրջին լուրերը, տեղեկութիւնները, բայց նոյնը չենք կրնար ըսել որակին մասին:
Տպագիր մամուլին նահանջը միշտ ալ ընդհանուր կանոն չէ: Կարգ մը թերթեր, ի հարկէ ոչ հայկական, կը յաջողին աւելցնել իրենց տպաքանակը եւ վաճառքը, նոյնիսկ աւելի դրամ շահիլ, ինչպէս Նիւ Եորք Թայմզը: Ի հարկէ միամիտ չենք, բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց արգիլուած չէ նաեւ հարց տալ, թէ ինչպէ՛ս այդ թերթը կը յաջողի այդ ընել: Կ՛ենթադրեմ, որ պատասխանը պարզ է. որակ, արժէք, ներկայութիւն, զանգուածի ակնկալութիւններու եւ ըղձանքներու ըմբռնում, ինքնիրականացման տեսիլք:
Այսինքն, դուրս գալով անցելապաշտութենէ, գոռոզութենէ, անսխալականութենէ եւ անփոխարինելութեան թափահարումներէ, անձին, ընտանիքին եւ կողմին ստրկութենէն, եթէ թերթը ժողովուրդին տայ իր ներկային հարազատութեամբ տէր եւ մասնակից ըլլալու հպարտութիւնը եւ գիտակցութիւնը, հայկական եւ հայերէն թերթը կը մեծնայ եւ կը մեծցնէ իր ընթերցողները որպէս մարդ եւ որպէս համրանք:
Պարտութեան արտայայտութիւն է անվճար թերթը, փակուղի, անիկա ըլլայ տպագիր թէ համացանցային: Սադայէլի շրջանակ մը, որմէ դուրս գալ կը կազմակերպուի, զգացականէ եւ կողմնապաշտականէ տարբեր ոճով եւ նախաձեռնութիւններով: Այլապէս, հայկական թերթերը դեռ ժամանակ մըն ալ կը տեւեն դանայեան տակառներու պէս ծակ պիւտճէներով: Նոյնիսկ համացանցի վրայ, ինչպէս կ՛ընեն մեծ թերթերը, թերթը եւ հայ թերթը անվճար պէտք չէ ըլլայ: Թերթի համար վճարուած գումարը ընթերցողին մասնակցութիւնը ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ քաղաքակրթական կեանքին եւ անոր կու տայ հսկողի իրաւունք: Այս գիտակցութիւնն ալ կը մշակուի, երթալով իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ:
Այս ընթացքը, եթէ ընդգրկուինք անոր մէջ, հեզասահ չէ եւ պիտի չըլլայ:
Երբեմն պէտք է խորհիլ, թէ ինչո՛ւ ընթերցողը կը հեռանայ տպագիր մամուլէն: Ինչպէ՞ս հայ ընթերցողը պէտք է վերստին բերել ի՛ր թերթին, հայ թերթին, հայերէն թերթին: Նահանջի իւրաքանչիւր քայլ եղած է նահանջի երկրորդ քայլին սկիզբը: Այսօր ղեկավարութիւնը կրնա՞յ, կ՛ուզէ՞, կը հասկնա՞յ, որ հակառակ ընթացքը պէտք է որդեգրել, առնել յառաջընթացի առաջին քայլը եւ այդպէս շարունակ, ստեղծելով հաւաքական գիտակցութեան ալիքը:
Այլապէս համացանցը եւ անվճարը պիտի թաղեն հայ մամուլը, զայն վերածելով ծանուցումներու թերթուկի կամ քաղաքական կարգախօսներու որմազդի:
Յաճախ կ՛ըսեմ, որ երբեմն պէտք է մտածել հարցախոյզներու արդիւնքներով եւ թիւերով: Ըստ Ֆրանսայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, ֆրանսացիներու 80 տոկոսը կը նախընտրէ տպագիր պարբերական մը կարդալ, օրաթերթերու համար այդ տոկոսը 59 է: Կը նշանակէ, որ ընթեռնլի ըլլալու համար դիւրինի եւ անմիջականի կողքին կայ նաեւ որակաւորի խնդիրը:
Ազատութիւնը կարելի չէ շերտել նրբերշիկի պէս եւ երբ անիկա կը սահմանափակուի ուրիշի կամ ուրիշներու կամքով, կը դադրի ազատութեան եւ ճշմարտութեան կրողը ըլլալէ: Իսկական անկողմնակալ եւ լուսաբանուած կարծիք ունենալու համար տեղեկութիւնները ամբողջական պէտք է ըլլան, ըստ կամս խեղաթիւրուած չըլլան: Այս ըմբռնումով գրաքննութիւնը եւ տեղեկութիւններու կտրատումը ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց խախտում են:
Բռնատիրական վարչաձեւերու մէջ, անոնք ըլլան երկիրներ, պետութիւններ, կրօնական կամ այլ բնոյթի կազմակերպութիւններ, առաջին հերթին ճնշումի կ՛ենթարկուի խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը: Այդ վարչաձեւերը այսօր կրնանք ըսել որ խուճապի մատնուած են զանգուածային լրատուութեան նոր միջոցներով, որոնց կրողն է համացանցը, եւ այլակարծութեան չհանդուրժող երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ դժուարութիւն ունին պատշաճելու եւ ստիպուած են, ստիպուած պիտի ըլլան իրենք զիրենք վերամտածելու եւ պատշաճելու: Եթէ համացանցը խուսափի fake news-ի անդուռ խայտառակութենէն, մամուլի եւ խօսքի ազատութիւնը որակի նոր հանգրուան կը թեւակոխէ:
Հայ տպագիր մամուլի ապագան նաեւ այլապէս պէտք է հետաքրքրէ ղեկավարութիւնները, քաղաքական եւ կողմնապաշտական հետաքրքրութիւններէն անդին: Հայ տպագիր մամուլը, մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը համար էական նշանակութիւն ունի (այս երկու բառերը պէտք չէ ընդունիլ որպէս հռետորական տարազ): Անիկա մեզ պէտք է միացնէ լեզուով եւ գիրով, շարունակելով Մեսրոպով սկսած ազգապահպան հրաշքը, ընդդէմ ամէն կարգի նահանջներու, եւ օտարումներու, անոնք ըլլան գործնապաշտական, մշակութային թէ հոգեբարոյական:
Հայերէն տպագիր մամուլին պահպանումը եւ զարգացումը խօսքի եւ մտածումի ազատութեան որպէս պատուանդան երաշխիք են մեր մէկութեան, ամրապնդելով մեր տոկալու եւ տեւելու կամքը:
Այս հարցերը վաղուան եւ լաւ օրերու կարելի չէ յետաձգել: Կրկնենք. վաղը միշտ ուշ է: Բայց նաեւ պէտք չէ բաւարարուիլ փտածը եւ կոտրածը թուքով փակցնելու անզօրութեամբ:
asbarez.com/arm/339239/Ինչո՞ւ-Եւ-Ինչպէ՞ս-Հայ-Եւ-Հայերէն-Մամու/