07 ՄԱՐՏ 2019 –:
Երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ժամանակակից վերածնունդ» նիւթով գիտաժողովը, որուն ընթացքին զանազան դիտանկիւններէ քննարկուեցաւ տուեալ երեւոյթը: Գիտաժողովը կազմակերպուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Թիւֆենկեան» հիմնադրամի ջանքերով, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թեոխարուսի աջակցութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջոյնի խօսքով դիմած է համաժողովի մասնակիցներուն` յատուկ ընդգծելով նման կարեւոր ձեռնարկի մը կազմակերպումը Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մէջ` իբրեւ կառոյց մը, որ ո՛չ միայն եւրոպական ընտանիքին մէջ ապրող ժողովուրդներու, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար ժողովրդավարութեան օրինականութեան եւ համերաշխութեան յառաջամարտիկներէն է:
Իր խօսքին մէջ Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է այլատեացութեան` իբրեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ մարդկութեան սպառնացող ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկուն դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութեան եւ շեշտած, որ այս ուղղութեամբ յաջողութեան կարելի է հասնիլ, եթէ բոլորին կողմէ ընկալելի ըլլայ այն գիտակցումը, որ այլատեացութեամբ թունաւորուած հանրութիւնը երբեք եւ որեւէ պարագայի չի կրնար հասարակական եւ համամարդկային արժէք ստեղծել:
Այնուհետեւ, խօսելով Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քաղաքականութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ այդ երեւոյթը դրացի երկրին մէջ նոր չէ, աւելի՛ն` տարիներու ընթացքին անիկա դարձած է ազրպէյճանական ինքնութեան անբաժանելի մէկ մասը, իսկ չլուծուած տագնապի պայմաններուն մէջ, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուի իբրեւ սեփական ժողովուրդը մոլորեցնելու եւ Արցախի մասին թիւր տեղեկութիւններ տարածելու գործիք: Խորհրդարանի ղեկավարը խորհուրդ տուած է արտասահմանեան գործընկերներուն այցելելու Արցախ եւ ծանօթանալու իրավիճակին:
Ամփոփելով խօսքը` Աշոտ Ղուլեան համոզում յայտնած է, որ նման ձեւաչափով կազմակերպուած որեւէ միջոցառում կ՛օգնէ բացայայտելու համամարդկային զարգացման խոչընդոտող երեւոյթներու էութիւնը եւ միացեալ ջանքերով փնտռելու ու գտնելու ելքեր` բարդ իրավիճակներէ:
Տեղեկացնենք, որ գիտաժողովին Արցախէն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեանը, Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը, փորձագիտական եւ այլ ոլորտներու շարք մը ներկայացուցիչներ:
aztagdaily.com/archives/429778