06 ՄԱՐՏ 2019 –:
1804-ին Անգլիոյ մէջ հիմնուած B.F.B.S․ քրիստոնէական հրատարակչական կազմակերպութիւնը “The Bible in the World” վերնագիրով իր զեկոյցին մէջ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է աշխարհի մէջ իր ներկայացուցիչներու գործունէութեան եւ ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին: Զեկոյցի` 1916-ի Յունուարին հրատարակուած թիւին մէջ ներկայացուած է նաեւ Մուսայ Լերան շուրջ 5 հազար հայ բնակիչներու դիմադրութիւնը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, պոլսահայ Hyetert կայքէջին մէջ կը գրէ Պուղրայ Փոյրազը:
Հրապարակման հեղինակը կը նշէ, որ այդ աղբիւրին համաձայն` Անթաքիոյ նահանգապետը տուեալ շրջանի 6 հայկական գիւղերու բնակիչներուն հրամայած է տեղահանութեան նախապատրաստուիլ եօթ օրուան ընթացքին, սակայն տեղի հայերը քաջ գիտակցելով, թէ իրականութեան մէջ ինչ նպատակ ունէր այդ աքսորը, կ՛որոշեն դիմադրել: Անոնք այդ նպատակով զինուած կը բարձրանան Մուսա լեռ: Մուսալեռցի հայերը 6 շաբաթ զինուած դիմադրութիւն ցոյց կու տան, երբ Անթաքիան կը գտնուէր թուրք զինուորներու եւ զինուած հրոսակախումբերու հսկողութեան տակ: Ի վերջոյ հորիզոնին վրայ կ՛երեւին ֆրանսիական ռազմանաւերը, որոնք շուրջ 1000 հայ տղամարդ եւ 3000 կին ու երեխայ 1915ի Սեպտեմբեր 14-ին կը հասցնեն Եգիպտոսի Փոր Սայիդ նաւահանգիստը:
Ոչ մէկ բան ունեցող հայ գաղթականները Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ կը վերաբնակեցուին 500 վրանէ բաղկացած ճամբարի մը մէջ: B.F.B.S. կազմակերպութեան` Եգիպտոսի մէջ գտնուող մասնաճիւղի աշխատողները կ՛աջակցին հայերուն եւ նաեւ անվճար կերպով Սուրբ գիրքեր կը բաժնեն անոնց: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները տեղի հայկական եկեղեցւոյ մէջ օգտագործելու նպատակով Աւետարան կը տրամադրեն հայ քահանային, որուն լուսանկարը կցուած է հրապարակման մէջ:
Թարգամանեց Մելինէ Անումեանը
yerakouyn.com/2019/03/06/մուսայ-լերան-դիմադրութիւնը-the-bible-in-the-world-ի/