06 ՄԱՐՏ 2019 –:
Մեծ Բրիտանիոյ հոգեւոր կեդրոնի` Քենթըրպըրի քաղաքին մէջ Մարտ 2-ին տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:
Բրիտանահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ անգլիական գլխաւոր եկեղեցւոյ`Քրիստոսի մետրոպոլիթ տաճարի յիշատակի այգիին մէջ տեղադրուած խաչքարը օծուած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միացեալ թագաւորութեան առաջնորդ Հովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանի ձեռամբ:
Արարողութեան մասնակցած են ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի, հասրակական եւ մշակութային գործիչներ, բրիտանահայ համայնքի աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ դեսպան Արման Կիրոկոսեան` նշելով, որ հայկական միջնադարեան մշակոյթը խորհրդանշող խաչքարը այսուհետեւ պիտի դառնայ Քենթըրպրըրիի աւելի քան 1400-ամեայ հարուստ պատմութեան մասնիկը: Դեսպանը երախտագիտութեամբ յիշատակած է Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռենտլ Տէյվիտսընը, որուն ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած ու հրապարակուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բրիտանական նիւթերը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան:
yerakouyn.com/2019/03/06/մեծ-բրիտանիոյ-մէջ-բացուած-է-անգլիոյ-մէ/