Հայաստան Կը Քննարկէ Իսրայէլի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Հարցը

06 ՄԱՐՏ 2019 –:

Հայաստան կը քննարկէ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու հարցը` չպայմանաւորելով զայն Երեւանի մէջ Իսրայէլի դեսպանութեան բացումով, The Jerusalem Post-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գրիգոր Յովհաննիսեան:

Ըստ «Մեդիամաքս»-ի՝ դիւանագէտը ըսած է, որ դեսպանութեան բացումը առիթ պիտի տայ երկու երկիրներու կապերը դնել նոր մակարդակի վրայ: Յովհաննիսեան նկատել տուած է, որ խօսքը չի վերաբերիր Երուսաղէմի մէջ դեսպանութիւն բանալուն:

«Հայաստանի նման փոքր երկրի համար դժուար է էապէս շեղուիլ աւանդական դիրքորոշումէն` առանց լուրջ արձագանգներ հրահրելու: Ես չէի կեդրոնանար ապագայ դեսպանութեան տեղակայման վայրի վրայ: Կարեւորը յարաբերութիւնները ամրապնդելն է», – ըսած է փոխնախարարը:

Ան ըսած է, որ Հայաստան կը ցանկայ, որպէսզի Իսրայէլ հետեւի ԱՄՆ եւ եւրոպական շատ երկիրներու օրինակին, որոնք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զէնք եւ զինամթերք չեն վաճառեր:

ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարարը նկատել տուած է, որ Հայաստան Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չի դիտարկեր որպէս յարաբերութիւններու խորացման նախապայման:

Ան ըսած է, որ Հայաստան պիտի ողջունէր «պատմական փաստի ճանաչումը, բայց ատիկա նախապայման չէ Իսրայէլի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ զարգացնելու համար»:

yerakouyn.com/2019/03/06/հայաստան-կը-քննարկէ-իսրայէլի-մէջ-դեսպ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail