08 ՄԱՐՏ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ:
Եգիպտական հնագոյն` 1892-էն գործող «Տար էլ հիլալ» հրատարակչատունէն հրապարակուող «Էլ մսաուար» շաբաթաթերթը, մեկնելով անցած ամսուան կիսուն նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին կատարած հաստատումէն, որ 104 տարի առաջ ջարդերու ենթարկուած հայերը հիւրընկալեց Եգիպտոս, ուր անոնք գտան ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, միաժամանակ փաստելով, որ «թէեւ հանրածանօթ է ու աշխարհը ճանչցած է թուրքերու կատարած հայոց ջարդերը, որոնք վաւերագրուած են, եւ նոյնիսկ արդարամիտ թուրք պատմաբաններու վկայութիւնն ալ կայ, սակայն թրքական յաջորդական վարչակարգերը կը մերժեն ընդունիլ գործուած ոճիրն ու թափուած արիւնը, որ ժառանգաբար հասած է ստախօս Էրտողանի ձեռքերուն, որ մարդասիրութիւն կը խաղայ, միաժամանակ կը շարունակէ չճանչնալ իր նախորդներուն ոճիրները հայոց դէմ` շարունակելով բռնագրաւուած պահել անոնց հողերը եւ ստացուածքները», շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կազմակերպած է ասուլիս մը, որուն հրաւիրած է Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեանը, Ուաշինկթընէն լրագրող Թովմաս Կորկիսեանը` «Ալ Ահրամ»-ի նախկին թղթակիցը, եւ արդի պատմութեան դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռեֆաաթ Իմամը, մանրամասն ներկայացնելու Թուրքիոյ ամօթալի ոճիրները եւ հողային թէ ստացուածքներու իրենց պահանջատիրութեան ապացոյցները` «բոլորին հաւաստելով, որ իրաւունքը իրաւունք է, որքան ալ ժամանակ անցնի, եւ անվաւերն անվաւեր է, ինչքան ալ ստէ Էրտողանը»,- գրած է շաբաթաթերթը 27 Փետրուարի հերթական թիւին մէջ` հինգ էջնոց պատկերազարդ հրապարակման մուտքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Ասուլիսի ընթացքին գլխաւորաբար ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան փուլերը 1894-96-էն եւ Ատանայի ջարդերէն մինչեւ 1915-ի համընդհանուր բռնագաղթն ու կոտորածները, անոնց կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ըլլալը, ցեղասպանութիւն թէ ջարդեր բնութագրումի ճշգրտութիւնը, մարդկային կորուստներու թուական պատկերը, հայոց հողային թէ նիւթական կորուստները եւ այդ ծիրին մէջ կատարուած հաստատումը, որ թրքական արդի պետութիւնը գոյութիւն առած է հայոց հարստութեամբ, հայոց հողային պահանջատիրութիւնը սահմանուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով:
Հետաքրքրական հարցադրում եղած է այն, որ հայկական պետականութիւնը ինչքանո՞վ կ՛որդեգրէ ազգային պահանջատիրութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է Ցեղասպանութեան թանգարանին ու յուշահամալիրին, անոնց նկատմամբ ժողովրդական թէ պաշտօնական վերաբերմունքին, հաստատուած է, որ հայերը բարձր գնահատելով նախագահ Սիսիի խօսքը, կառչած կը մնան իրենց ինքնութեան, իրենց երգին, բանաստեղծութեան ու գիրին, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնան Հայ Դատի սերունդէ սերունդ փոխանցման, քննարկումներու, կոչերու եւ երկխօսութեան միջոցով պահանջելով անոր լուծումը:
Ըստ ամենայնի հարուստ տեղեկատւութիւն հաւաքուած է նախագահ Սիսիի խօսքին այս անդրադարձին շնորհիւ:
yerakouyn.com/2019/03/08/էլ-մսաուար-ի-լայն-անդրադարձը-հայոց-ց/