Հպա՛րտ Ենք – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Հպա՛րտ Ենք – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

08 ՄԱՐՏ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մեզի հարց կը տրուի վերջերս, թէ արդեօք հպա՞րտ ենք այն իրողութեամբ, որ մեր կուսակցութիւնը մաս կազմած է նախագահ Քոչարեանի եւ նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած կառավարութեանց: Արդեօք «մեղաւոր» կը զգա՞նք այդ փաստին համար: Արդեօ՞ք պատրա՞ստ ենք զղջում յայտարարելու մեր անցեալի քաղաքական որոշումներուն համար՝ բաժին վերցուցած ըլլալով, այս երկու նախագահներու օրով, մեր անկախ պետականութեան կառուցման գործին մէջ:

Այս հարցադրութեան իմ անվարան պատասխանն է՝ «ԱՅՈ, հպարտ ենք առանց դոյզն վերապահութեան»: Հպարտ ենք «հարիւր տոկոս», քանի որ իւրաքանչիւր պարագային մեզ առաջնորդողը եղած է — եւ է՛ — հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահը: Ազգային գերամեծար նպատակներու վրայ համագործակցութեան դիմելու մեր աննահանջ նախանձախնդրութի՛ւնը: Մեր համագործակցութիւնը երբեք չէ եղած քաղաքական անձնատուութեան հողին վրայ: Դաշնակցութիւնը երբեք չէ եղած դիւրին գործընկեր: Ոչ նախագահ Քոչարեանի եւ ոչ մանաւանդ նախագահ Սարգսեանի հաստատութիւնները մեզ չեն դիտած որպէս իրենց գաղափարական գործընկերը: Մենք մտած ենք համագործակցութեան դաշտէն ներս մեր անկախ պետականութեան եւ մեր ժողովուրդին համար յստակ թիրախներ նուաճելու որոշումով եւ նուաճած ենք: Յաճախ «գայլ»երու որջէն ներս գործելու քաղաքական պարտադրա՛նքը յանձն առնելով:

Պատմութիւնը դեռ շատ հեռու է իր վերջին խօսքը ըսած ըլլալէ ՀՀ երեք նախագահներու վիճակացոյցին մասին: Եւ ներկայ իշխանութեան պետական այրերը եւ իրենց համախոհները վերջինը պէտք է ըլլան գնահատական տալու մեր երկրի վերջին երեսնամեակի բարդ գործընթացներուն: Թող անոնք կեդրոնանան իրենց օրակարգին վրայ եւ փորձեն պարզճակատ դուրս գալ իրենց յանձն առած գործի կնճռոտ գործընթացներէն:

Մենք այն քաղաքական ուժն ենք, որ չէ ստեղծուած հեշտ իրավիճակներու մէջ միայն գործելու առաքելութեամբ: Մեր սեւեռակէտը հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան ապահովումն է ընդդէմ բոլոր ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներուն: Մենք այն ուժն ենք, որ միշտ պիտի դիմագրաւէ այդ բարդ մարտահրաւէրները առանց տուրք տալու ամբոխային տրամաբանութեան: Մեզմէ մի ակնկալէք դիւրին ընտրութիւններ եւ կեղծ «յաղթանակ»ներ: Մենք երբեք չենք չարաշահած մեր ժողովուրդի անունն ու զգացումները: Ատոնք բոլշեւիկեան բարքեր են, որոնք տեղ չունին Դաշնակցութեան գործի աւազանէն ներս: Մենք նետուած ենք պայքարի ասպարէզ մեր ժողովուրդին համար: Եւ այդ մէկը պիտի չփոխուի:

Գործի թէժ կրակներուն մէջ, Դաշնակցութիւնը նաեւ գործած է սխալներ. համբերած է ազգային միասնականութեան սիրոյն, երբ պէտք չէր համբերեր. ուզած է պատեհութիւն տալ ազգային համերաշխութեան, երբ ան այլեւս նոր ձեւաւորում պէտք էր ստանար: Եղած են նաեւ այս ծանր պահերը: Այս գնահատականը մեր ժողովները տուած են ի գործ դնելով ամենէն խիստ չափանիշները:

Ասոնք չեն, որ կը բնորոշեն Դաշնակցութեան գործը: Դաշնակցութեան գործը ամէն օր բնորոշում կը ստանայ մեր ազգային պայքարի պատնէշներուն վրայ, ուր կը գործեն նուիրումը, խիզախութիւնը, անսակարկ յանձնառութիւնը եւ հեռահայեաց եւ իմաստուն ռազմավարութիւնը: Մեզ միշտ փնտռեցէք ժամանակի պահանջկոտ ռազմաբեմին վրայ, ուր մեր հաւաքական ճակատագիրն է եւ մեր ժողովուրդի պատմական մեծ գրաւը:

asbarez.com/arm/339489/Հպա՛րտ-Ենք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail