12 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն: Վերջերս հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքներուն վրայ, հայ մարդոց բերնին մէջ նոր «առաջարկ» մը բերնի ծամոն դառնալով, անժամանակ ալիք մը ստեղծած է` փոթորկելով ազգային մեր մտածողութիւնը:
Պատճառ. որովհետեւ Երեւանէն մեր հանրապետութեան ազգային օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մէջտեղ նետուած էր: Չես գիտեր` ինչո՞ւ: Կարծես ֆութպոլի գնդակ մը ըլլար, որ դիտմամբ նետուած ըլլար աշխարհի հայ մարդոց մտքերու դաշտին մէջ, որպէսզի մարդիկ, «որովհետեւ այս օրերուն ուրիշ մտահոգութիւն չունէին», միայն այս գնդակով «խաղային»: Սփիւռքը մամուլի եւ կազմակերպութիւններու իր միջոցներով անմիջապէս հակադարձեց եւ օրին հրապարակեց եւ արդար ու արժանի ձեւով իր ընդվզումը բացայայտեց:
Բայց ամէն բանէ առաջ հարկ է յիշեցնել, թէ մեր անկախ եւ հզօր պետութիւն մը ունենալը, հո՛ս, սփիւռքի մէջ ապրողներուս համար, ամէն օր մեզ զգաստութեան հրաւիրող, մեր յիշողութիւնը նաւարկող կարեւոր եւ լաւագոյն ազդակն է: Մենք զմեզ աւելի հզօր զգալու կենսատու աւիշն է: Ու միշտ մենք բոլորս ալ հայրենիքով ապրած ենք եւ կ՛ապրինք, կ՛ուրախանանք եւ տագնապինք: Նոյնիսկ եթէ հայրենի քաղաքացիութիւն չենք ստացած, այդ չի նշանակեր, որ հայ ըլլալէ դադրած ենք կամ աստիճան մը պակաս հայ ենք… Ամենեւի՛ն: Սխալ չհասկցուինք:
Միւս կողմէ` ճիշդ է, որ անկախութիւն ըսուածը կամ, աւելի ճիշդը, ազատ խօսքի իրաւունքը մարդոց լիարժէք դրսեւորման բնական իրաւունքն է, ու նաեւ ճիշդ է, որ ներկայիս մեր հայրենիքէն ներս, շնորհիւ «թաւշեայ» յեղափոխութեան, մեր հայրենակիցները աւելի ազատ ու համարձակ ամէն առիթով կ՛արտայայտուին, կը բողոքեն, ցոյցերու միջոցով իրենց կարծիքը կը յայտնեն, բայց …ամէն «բան» սահման մը ունի…
Յիշեցնեմ: Մեր երկրի անկախութեան տիրանալը կամ ազատ եւ անկախ դառնալը մեր բոլորին երազանքը եղած էր: Ձգտած ենք: Ուր որ ալ գտնուած, ապրած կամ բնակութիւն հաստատած ենք, անպայման երազած ենք ունենալ անկախ հայրենիք մը: Ազատ շնչող Հայաստան մը: Անկախ պետականութիւն մը: Ու հասած ենք մեր երազին եւ ձեռք ձգած` մեր երկրի անկախութիւնն ու պետականութիւնը` շնորհիւ մեր կամքին, մեր արիւնին, մեր ուժին, մեր միասնութեան եւ մարտունակութեան:
Տակաւին ամիսներ առաջ էր, երբ ազգովին հպարտանքով յիշատակեցինք մեր ազատ եւ անկախ Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակը եւ շեշտեցինք, որ ներկայ հայրենիքը անոր ժառանգն էր: Հաստատեցինք նաեւ, որ նոյն այս անկախութիւնը իրեն հետ բերած էր հայկական մեր դրօշը` օրհներգին ու պետական զինանշանին հետ միատեղ: Նոյն ատեն բոլորով ազգային մեր ուխտն ալ նորոգեցինք:
Եւ այսօր, չես գիտեր` ինչո՞ւ, յանկարծ այս «փոփոխութեան» առաջարկը, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք` անժամանակ աղմուկ: Արդեօ՞ք թնճուկ ալ է:
Ամէն առիթով յիշած եմ` հայ ըլլալը յաճախ բարդ է եւ դժուարին: Բայց նաեւ հերոսակա՛ն ալ է: Ճակատագիր է եւ պատգամ: Դարերու խորքէն եկած պատգամ, որ շատերու համար ալ, այնպէս կ՛երեւի, անհասկնալի:
Պարզ յիշեցում մը եւս: Երբ մենք մեր պետականութիւնը հաստատած էինք, աշխարհի վրայ ազգային պետութիւն ըսուածն ու անոր իմաստը, դերն ու նշանակութիւնը առհասարակ չգոյ էր: Նոյնիսկ` անկարելի:
Արդ, այս օրերուն կարծես ուրիշ հարց չունէինք, ու նաեւ կարծես թէ մեր բոլոր ներքին եւ արտաքին խնդիրներն ու մտահոգութիւնները լուծած ալ ենք:
Որո՞ւ վրայ կը խնդանք: Արդեօ՞ք կրցած ենք փոխել կամ բարեփոխել մեր երկրի ընկերային, կրթական, ներքին կամ արտաքին քաղաքական, կաշառակերութեան, անգործութեան, աղքատութեան եւ ապօրինի շահագործման յատուկ իրավիճակները: Արդեօ՞ք մտածած ենք բարեփոխել հայրենի մեր հարազատներուն իրենց ներկայի յուսահատ կեանքը: Կրցա՞ծ ենք բարօրութեան ի խնդիր` մեր ծրագիրները իրագործել: Մարդոց կեանքը փոխել, բարելաւել, տուն տեղ ապահովել: Բանակը առաւել հզօրացնել: Աւելի հանգիստ ու ապահով օրեր պարգեւելու մասին փոփոխութիւններ կատարել: Արդեօ՞ք ամէն «բան» սահուն ընթացքի մէջ ըլլալով` յանկարծ յիշած ենք, որ միայն այս «կարեւոր» հարցը մնացած էր անլոյծ, ու հիմա ժամանակն էր, որ զայն «լուծէինք»:
Պէտք չէ մոռնալ, որ հայրենիքի մէջ ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ ոչ միայն նուիրում, պարզ յարգանք եւ կամ հայրենասիրութիւն, այլեւ` ընկերային հարցերու եւ խնդիրներու լուծում: Մէկ խօսքով` մարդկային տարրական հոգերու ազատագրում:
Բոլորս ալ հայեր ենք եւ զաւակներն ու ժառանգորդները` հոգիով լեցուն ժողովուրդի մը: Մէյ մը մենք զմեզ դիտելու քաջութիւնը ունեցա՞ծ ենք: Անկեղծօրէն, ե՛ւ պարզ, ե՛ւ համարձակ: Ազգային բազմաթիւ յանձնառութիւններ ունինք: Բոլորս ալ անխտիր: Անոր համար այս «առաջարկին» ներկայութեան` մտահոգ կը նայինք մեր ազգային կեանքի ճեղքուածներուն մէջէն:
Հաւատացէ՛ք, միշտ հանգիստ ծովու վրայ չենք նաւարկած: Մեզի չեն ձգած, որ «նաւարկենք»: Տարիներով խօսած ենք, գրած ենք, երազած ենք դառնալ այս աշխարհի վրայ ապրող կենսուրախ, դիմացող եւ լաւատես եւ ազգային յանձնառութեամբ, գիտակից ժողովուրդ:
Արդեօ՞ք հոն հասած ենք:
Մեզի կը մնայ զգաստանալ: Հեռու մնալ ձեւականութիւններէ` չկորսնցնելու համար մեր սրբութիւններն ու ազգային հասկացողութիւնները:
Ապագայի ծրագիրով ապրող մարդը առհասարակ իր աչքին առջեւ պէտք է ունենայ ոգեշնչող օրինակ: Եւ այս փոփոխութեան առաջարկը, մեր բոլորին համար, իր բոլոր պատճառաբանութիւններով, երբեք ոգեկոչող չէ: Չի կրնար ըլլալ:
Յիշեցէ՛ք: Ո՛չ ոք մեզի նման տքնած է: Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճակատագրի դերը միշտ մեծ եղած է: Մեր հերոսները մեզի միշտ պատգամած են` սիրել հայրենիքի ապագան: Ու այս նոր «առաջարկը» հաստատապէս հայրենիքը աւելի սիրելու միտումով ճամբայ չէ ելած:
Պայման չէ, որ սրբութիւն մը քանդես, որպէսզի ուրիշ սուրբ մը աւելի լաւ փայլի: Այս հայրենասիրութիւն չէ: Նման հայրենասիրութիւնը սին է եւ անիմաստ: Կ՛ոտնահարէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ժամանակն է գիտակցելու, դասեր քաղելու պատմութենէն եւ մեր ազգային շունչը անբիծ պահելու:
Հայրենի ներկայ օրհներգը մեր զանգուածները կապելու բանալին դարձած էր: Ճիշդ է, որ մեր միտքերը միշտ նոր զարթօնքի կարիքը ունին, բայց արդեօ՞ք միայն այս մէկուն փոփոխութեամբ մենք զմեզ զարթօնքի մէջ ապրած պիտի զգանք:
Ինծի եւ բոլորիս համար ալ ներկայ օրհներգը, իր բառերով եւ իր եղանակով, մեր սեփականութիւնն ու հրճուանքն ալ է: Պէտք է դուրս գալ փոփոխութեան մտայնութենէն: Ըսի, չէ՞: Սփիւռքը խստօրէն դատապարտեց ամէն փոփոխութեան եւ դէմ կեցաւ ամէն տեսակի պատճառաբանութեան: Նաեւ թելադրեց հեռու մնալ նման անհեթեթութենէ եւ կեդրոնանալ աւելի կենսական հարցերու վրայ:
Օրհներգը փոխելով` մենք աւելի կամ առաւել հայ պիտի չդառնանք: Ան մաքուր եւ փայլուն ժառանգութիւն մըն է բոլոր ժառանգութիւններու նման, սուրբ եւ վեհ: Ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսունակութիւնը պահելու համար: Մեր այս օրհներգը մեր կենսունակութիւնը ապահովողն ու պահողն ալ է:
Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը ժառանգ մըն է: Հողի, արեան եւ Աստուծոյ շունչն ու օրհնութիւնը կայ անոր մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը «մէկու» մը առաջարկով «ջրել» եւ սրբել: Սին պատճառաբանութիւնները մեզ տեղ չեն հասցներ: Ո՛չ մէկ արդարացում:
Պարզապէս` քմահաճոյք: Ուրիշ ոչինչ:
Մարդիկ ինչո՞ւ չեն փորձեր լսել համայն հայութեան ձայնը: Կարծես մէկ թեւով սկսած ենք թռչիլ: Հազիւ ճամբայ ելած էինք եւ մեր օրինակելի յեղափոխութեամբ` աշխարհը զարմացուցած ու հիմա ալ ա՞յս մէկը: Հազիւ սկսած էինք հաստատ ոտքի կենալ եւ մեր դէմքին ժպիտ գծել, մեր կեանքը եւ ապագան աւելի յստակ տեսնել եւ ահա… «առաջարկը»: Ուրիշ հարց չունէի՞նք… առաւել առաջնային:
Մեզի միայն այս էր պակաս…
Է՜հ, ասկէ ետք, ո՞ւր պիտի հասնինք, ուրիշ ի՞նչ ժառանգ կը ծրագրուի փոխել: Միշտ յիշենք, թէ ի՛նչ գին վճարած ենք հոս հասնելու համար, այս ժառանգութիւններուն տիրանալու համար: Կ՛երեւի` նոր սերունդը տեղեակ չէ: Եթէ հիմա ազատ ենք եւ կամ առաւել` խօսքի ազատութիւն ունինք շնորհիւ «թաւշեայ» յեղափոխութեան, չենք կրնար նախկին սրբութիւններն ու ժառանգը մոռնալ, փոխել, քանդել եւ հանրութեան «նորը» հրամցնել իբրեւ գիւտ եւ կամ չեմ գիտեր ինչ-ինչ «պատճառաբանութիւններով…, որովհետեւ…, որովհետեւ…
Այնպէս կ՛երեւի, որ յատկապէս այս օրերուն ինքնագիտակցութեան եւ առաւել զգաստանալու կարիքը ունինք ամէն բանէ առաջ:
aztagdaily.com/archives/430194