13 ՄԱՐՏ 2019 – ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան Երիտասարդական Թեւը 10 Տարեկան Է
Մուսալեռցի Գաբրիէլ Փանոսեանը կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս 10 տարի առաջ Երեւանի մէջ Սուրբ Սարգիսը տօնեցին մօտ 50 մուսալեռցի երիտասարդներու մասնակցութեամբ: Ասիկա պատահական չէ, քանի որ ճիշդ այդ ժամանակ ալ սկիզբը դրուեցաւ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւ ստեղծելու նախաձեռնութեան: Իսկ ահա անկէ 3 ամիս անց պաշտօնապէս հիմնադրուեցաւ երիտասարդական թեւը` իր վարչութեամբ: Այդ ժամանակ արդէն երիտասարդներուն թիւը հասած էր 80-ի:
Գաբրիէլ Փանոսեանը կ՛ըսէ, որ երիտասարդական թեւ ստեղծելու գաղափարը իր մօտ յառաջացաւ, երբ նկատած էր, որ Հայաստանի մէջ մուսալեռցիներու խումբերու մէջ երիտասարդները քիչ են:
Երիտասարդները խումբի մէջ ընդգրկելու նպատակը մուսալեռցիներու աւանդոյթերու, բարքերու, մշակոյթի փոխանցումն էր: «Չէի սպասեր, որ 10 տարի անց կրնայի տօնել տասնամեակը», կը նշէ մուսալեռցի լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը: Այս տարիներուն աւելի քան 250 մուսալեռցի երիտասարդներ ընդգրկուեցան խումբին մէջ, եւ սերնդափոխութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի: Կարճ ժամանակ անց, ըստ Գ. Փանոսեանի, երիտասարդները աւելի լաւ մուսալեռցիներ դարձան, քան կրնային պատկերացնել մուսալեռցիներու աւագ սերունդը:
2 մարտին Երեւանի մէջ տօնուած է Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի հիմնադրման 10-ամեակը: Հրաւիրուածներու շարքին էին նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժանըթըն Լաքոտը: Մուսալեռցի երիտասարդները ձեռագործ աշխատանքներ նուիրեցին դեսպաններուն` ի նշան երախտագիտութեան եւ բարեկամութեան: Յայտնենք, որ յուշանուէրներու հեղինակը Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի ատենապետը` Հայկ Ջամբազեանն էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրանսայի դեսպանը իր շնորհակալական խօսքին մէջ անդրադառնալով Մուսա Լերան պատմութեան` նշեց, որ այն երկու պատգամ կը փոխանցէ` հայ-ֆրանսական բարեկամութեան անքակտելի կապը, եւ երկրորդ` ոչ միայն հայ ժողովուրդի դիմադրութիւնը, այլ կամքը իրենց հայրենիքը վերականգնելու: Ան նշեց նաեւ, որ Մուսա Լեռը միայն պատմութիւն չէ, անիկա հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը փաստող գրաւականն է:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Անդամները Շնորհաւորած Են Մայրաքաղաքի Եւ Երկրի Մաքրութեան «Պահապանները»
Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները այս տարի եւս իրականացուցած են ամէնամեայ մարտ 8-եան իրենց արշաւը: Լուսաւոր դահլիճներու մէջ ճոխ շնորհաւորանքներու, փուչիկներու եւ ուղիղ եթերներու փոխարէն` անոնք Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծաղիկներով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են մեր երկրի եւ մաքրութեան «պահապաններուն»:
Դաշնակցական երիտասարդները կը պնդեն, որ «Վերջիններս կը կատարեն դժուարին եւ շատ մը պարագաներու չգնահատուած աշխատանք: Այդ իսկ պատճառով ալ առաջինը անոնց պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք»:
«Թուֆէնքեան» Հիմնարկը Կը Շարունակէ Վիրաւոր Ազատամարտիկներու Բնակարանային Պայմաններու Բարելաւման Ծրագիրը
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեանը յայտնեց, որ հիմնադրամին կողմէ նորոգուած հերթական բնակարանը Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր համայնքի բնակիչ, արցախեան պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած ազատամարտիկ Նարեկ Աւետիսեանինն է:
«Շինարարական աշխատանքները սկսած են անցեալ տարուան դեկտեմբերին եւ կը նախատեսուի աւարտին մօտաւորապէս երկու շաբաթէն: Բնակարանը ունի երկու ննջասենեակ, հիւրասենեակ, խոհանոց, բաղնիք եւ միջանցք: Ներկայիս կ՛ընթանան ներքին յարդարման աշխատանքները, որոնց աւարտէն ետք բնակարանը ապահովուած պիտի ըլլայ բոլոր յարմարութիւններով», նշեց Յովհաննիսեանը` աւելցնելով, որ այս տարուան ընթացքին հիմնարկին ծրագիրով կը նախատեսուի վերանորոգել եւս 2-3 բնակարան:
Աշխարհահռչակ Սաքսոֆոնահար Ֆետերիքօ Մոնտելչին Եւ Ձեռնադաշնակահար Սիմոնէ Զանքինին Ինքնատիպ Ելոյթներ Կը Խոստանան
Աշխարհահռչակ սաքսոֆոնահար Ֆետերիքօ Մոնտելչին եւ ձեռնադաշնակահար Սիմոնէ Զանքինին հայ ունկնդիրին կը խոստանան երկու անմոռանալի նուագահանդէս` ինքնատիպ ծրագիրով: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վստահեցուցին երաժիշտները:
«Մարտ 9-ին Ֆետերիքօ Մոտելչին` իբրեւ սաքսոֆոնահար, ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ եւ յայտնեց, որ համերգը պիտի ղեկավարէ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր երգահան Վահան Մարտիրոսեանը, իսկ մարտ 13-ինը պիտի ղեկավարէ եւ իբրեւ երգահան հանդէս պիտի գայ Ֆետերիքօ Մոնտելչին, իսկ մենակատարումը պիտի ընէ Սիմոնէ Զանքինին, որ առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուի», ըսաւ սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նորայր Նազարեանը:
Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր երգահան Վահան Մարտիրոսեանը տեղեկացուց, որ առաջին համերգը կը կրէ «Անմոռանալի Beatles» խորագիրը, ուր կ՛ընդգրկէ իտալական շարժապատկերի երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրայայտ լիվըրփուլեան քառեակի` Beatles-ի սիրուած ստեղծագործութիւններու մշակումները` սենեկային նուագախումբի եւ սաքսոֆոնի համար, Բաբաջանեանի, Մորիքոնէի, Թարիվերտիեւի, Մոլինելիի ստեղծագործութիւնները:
Ֆետերիքօ Մոնտելչին ներկայացուց երկրորդ համերգին մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ պիտի ներկայանան բոլորովին նոր ծրագիրով: «Ես շատ ուրախ եմ կրկին Հայաստան գտնուելուս առիթով: Այս անգամ ես եկած եմ Հայաստան իմ ընկերներէս Սիմոնէ Զանքինիի հետ, մենք բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի իրականացնենք միասին` սաքսոֆոնի եւ ձեռնադաշնակի համադրութեամբ», ըսաւ ան:
Երաժիշտները վստահեցուցած են, որ հայ ունկնդիրին հետաքրքրական նուագահանդէս մը կը սպասէ: Երկրորդ ելոյթին պիտի հնչեն Պախի, Փիացոլայի, Կալիանոյի ստեղծագործութիւնները:
«Անհամբեր կը սպասեմ նուագահանդէսին: Ինծի պատմած են, որ հայ հանդիսատեսը շատ ջերմ է, կ՛ուզեմ տեսնել», հաղորդած է Սիմոնէ Զանքինին:
Ան շեշտեց, որ որոշ ստեղծագործութիւններ պիտի կատարեն Ֆետերիքօ Մոնտելչիի հետ միասին, իսկ այլ մաս մը` առանձին:
Երաժիշտները նաեւ նշեցին, որ շատ կը սիրեն հայկական երաժշտութիւնը, խոստովանելով, որ այստեղ կայ հոգեւոր բան մը:
Նշենք, որ նուագահանդէսներէն առաջինը տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ, մարտ 9-ին, իսկ միւսը տեղի պիտի ունենայ մարտ 13-ին:
Գարնանային Ցուցահանդէս` Նկարիչներու Միութեան Մէջ
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան մէջ մարտ 5-ին բացումը կատարուեցաւ Գարնանային հանրապետական ցուցահանդէսին: Միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են աւելի քան 300 արուեստագէտի աշխատանքներ` գեղանկար, քանդակ, կրաֆիքա, կոպելեն, տեքորաթիւ-կիրառական արուեստ:
«Ներկայացուած են ո՛չ միայն Նկարիչներու միութեան անդամներու աշխատանքներ: Ցուցահանդէսին մասնակցած են անուանի նկարիչներ, ինչպէս նաեւ` երիտասարդներ», յայտնեց միութեան նախագահը:
Ս. Սաֆարեանը նաեւ յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին Նկարիչներու միութեան մէջ նախատեսուած է աւելի քան 50 ցուցահանդէս, որոնց մէկ մասը միութիւնը կը կազմակերպէ: Պիտի ներկայացուին այլ ցուցահանդէսներ եւս, որոնք Նկարիչներու միութիւնը չի կազմակերպեր:
Միութեան նախագահը տեղեկացուց նաեւ, որ ամրան Կոմիտասի եւ ՅովհաննԷս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած` պիտի իրականացուի ցուցահանդէս մը:
«Գաֆէսճեան» Արուեստի Կեդրոնը 10 Տարեկան Է
«Կասկադի պատմութիւնը» վաւերագրական ցուցադրութեան հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին 10-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ:
Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, այս ցուցադրութիւնը առաջինն է «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի անցած ճամբան ներկայացնող ցուցադրութիւններու շարքին, որոնք պիտի իրականացուին 2019 թուականի ընթացքին:
«Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար Վահագն Մարաբեանը ընդգծեց, որ ցուցադրուած լուսանկարները եւ տեսանիւթերը կը ներկայացնեն «Կասկադ» համալիրի նախասկիզբը, կառուցապատման աշխատանքները եւ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին փոխակերպումը:
«Իր տասնամեայ աշխուժ գործունէութեան ընթացքին «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը իրականացուցած է 60 ցուցադրութիւն, 48 կրթական ծրագիր եւ մօտաւորապէս 1000 համերգային եւ հանրային ծրագիր: Տարեկան աւելի քան 1 միլիոն այցելու ունեցող կեդրոնը այսօր դարձած է տարածաշրջանի կարեւորագոյն մշակութային կեդրոններէն մէկը», նշած է Մարաբեանը:
Կառոյցը, ուր կը գտնուի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը, յայտնի է իբրեւ «Կասկադ»: Անոր սկզբնական գաղափարը պատկանած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանին, որուն տեսլականը հետագային կեանքի կոչեց Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Ջիմ Թորոսեանը` ճարտարապետներ Սարգիս Գուրզադեանի եւ Ասլան Մխիթարեանի մասնակցութեամբ:
Ասլան Մխիթարեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Կասկադը նախագծելու ժամանակ մտածած են, որ այստեղ պէտք է ցուցասրահներ ըլլան եւ քաղաքաշինական կապ:
«Մենք նախագծած էինք, որ քաղաքի կեդրոնէն մարդիկ շարժասանդուխի միջոցով պիտի բարձրանան դէպի Յաղթանակի զբօսայգի, որուն իբրեւ արդիւնք` մօտաւորապէս 25 տոկոսով պիտի թեթեւնար փոխադրական միջոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը: Կառուցուեցաւ այն ինչ մտածած էինք, իսկ այժմ ունինք այս համալիրը, ուր ամբողջութեամբ կ՛արտացոլայ մեր նախագիծը, որուն շատ մեծ դժուարութեամբ հասած ենք: Կը ցաւիմ, որ միայն վերի հատուածը անաւարտ մնաց, սակայն լիայոյս եմ, որ յառաջիկային զայն պիտի կառուցենք եւ այսպիսով ամբողջացնենք ծրագրուած աշխատանքը», ըսաւ Մխիթարեանը:
Հաղորդենք, որ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի ցուցադրութիւնը պիտի գործէ անվճար, մինչեւ 1 դեկտեմբեր:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Գիւմրիի Մանկատան
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատունը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն ստացաւ խոհանոցային պարագաներ: Հիմնադրամը երկրորդ տարին ըլլալով` HSBS դրամատան հետ զանազան գոյքեր ու սարքեր կը տրամադրէ մանկատան:
Մանկատան տրամադրուած է նաեւ հեռատեսիլ: Տրամադրուած սարքերու եւ պարագաներու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ առաւել քան 4 հազար տոլար:
«Մանկատան հետ 1992 թուականէն սկսած համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ յառաջիկային: Բացի մանկատան աջակցութենէն` 2015 թուականէն հիմնադրամը բնակարանային ծրագիր կ՛իրականացնէ Գիւմրիի անօթեւաններու համար: Շուտով մարտին 43-րդ բնակարանը պիտի տրամադրուի որեւէ անօթեւան ընտանիքի», նշեց հիմնադրամի ծրագիրի եւ արտաքին կապերու բաժինի համակարգող Աննա Մանուկեանը:
Հաղորդենք, որ Գիւմրիի «Երեխաներու տուն»-ը յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու համար նախատեսուած մասնագիտացուած մանկատուն է, ուր կը խնամուին սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մինչեւ ութ տարեկան երեխաներ: Ներկայիս մանկատան խնամքին տակ կը գտնուին 0-8 տարեկան առանց ծնողական խնամքի 125 երեխաներ` Հայաստանի զանազան մարզերէ եկած:
Հայաստանի Երկու Օդակայաններուն Մէջ Փետրուարին Ուղեւորներուն Թիւը Աճած Է 11,6 Տոկոս
Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ընթացիկ տարուան փետրուարին ուղեւորներու ընդհանուր թիւը 166 հազար 451 էր` 2018-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 11,6 տոկոս:
Ըստ «Արմէնիա» միջազգային օդակայաններ»-ու տուած տեղեկութիւններուն, փետրուար 2019-ին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորներուն թիւը աւելցած է 12,4 տոկոս: Փետրուար 2018-ին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած են 139 հազար 216 ուղեւորներ, իսկ փետրուար 2019-ի ցուցանիշը` 156 հազար 452 ուղեւոր:
Փետրուար 2019-ին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորներուն թիւը 9999 էր, իսկ 2018-ի նոյն ամսուան 9941 ուղեւորներուն համեմատած` աճը 0,6 տոկոս է:
Յունուար-Փետրուար Ամիսներուն Աճած Են Արցախի Պետական Պիւտճէի Մուտքերը
Արցախի ելեւմտական նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ յունուար-փետրուար ամիսներուն աճած են Արցախի պետական պիւտճէի մուտքերը: Նախորդ տարուան ցուցանիշը գերազանցած են 7,2 տոկոսով կամ` 460 միլիոն 700 հազար դրամով:
Պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտներու եւ տուրքերու գումարէն 5 միլիառ 532 միլիոն դրամը կամ 80,9 տոկոսը ապահովուած է մեծ ընկերութիւններու հաշուոյն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 5 միլիառ 136 միլիոն 300 հազար դրամին կամ 80,6 տոկոսին դիմաց:
aztagdaily.com