Times Square Chronicles-ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Համարած է Պատմութեան 4 Ամենասարսափելի Ցեղասպանութիւններէն Մէկը

13 ՄԱՐՏ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ամերիկեան Times Square Chronicles թերթը անդրադարձած է մարդկութեան պատմութեան չորս ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններուն, որոնց մէջ ներառած է նաեւ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Պատմութիւնը լի է սարսափելի իրադարձութիւններով, որոնց շարքին վատագոյնը ցեղասպանութիւններն են, որոնք արդարացում չունին ու երբեք ալ չեն կրնար ունենալ: Սակայն, անոնք կը շարունակեն տեղի ունենալ` սովորաբար քաղաքական խումբերու նախաձեռնութեամբ ու ձեռքով: Սա կը նշանակէ, որ այս սարսափելի իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան այնքան ժամանակ, քանի դեռ ինչ-որ մէկը ատոնք կանխելու արդիւնաւէտ միջոց չէ հնարած”,- կ՛ըսուի անդրադարձի նախաբանին մէջ, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բաժինին մէջ Times Square Chronicles-ը կը գրէ, որ 1,5 միլիոն մարդու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս կը համարուի մարդկութեան պատմութեան առաջին ժամանակակից ցեղասպանութիւնը:

«Այս սարսափին հետեւանքով զոհերուն թիւը կրնար աւելի քիչ ըլլալ, սակայն այն 1,5 միլիոնը հայկական բնակչութեան 50%-ը կը կազմէր: Զանգուածային բնաջնջման սկզբնական թիրախը առողջ տղամարդիկ էին, որու հետեւանքով գրեթէ անհնար դարձաւ վերականգնել բնակչութիւնը: Թուրքիա առ այսօր կը հրաժարի այդ յանցանքները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալէն»,-կը գրէ աղբիւրը:

Ընդհանուր առմամբ, թերթին առանձնացուցած 4 ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններոի շարքին է հրէաներու Հոլոքոսթը (1941-1945, աւելի քան 6 միլիոն զոհ), Ուքրանիոյ, Քուպանի եւ Ղազախստանի տարածքին տեղի ունեցած Կոլոտոմորը (1932-1933, աւելի քան 10 միլիոն մարդ), Քամպոջայի ցեղասպանութիւնը (1975-1979, աւելի քան 3 միլիոն զոհ):

yerakouyn.com/2019/03/13/times-square-chronicles-ը-հայոց-ցեղասպանութիւնը-համարած/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail