Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը

Հայաստան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին. «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը» Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

14 ՄԱՐՏ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

Վրաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախագահներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը` ընդլայնուած կազմով:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան: Ան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը այսօր համատեղուած է անոնց ունեցած ապագայի ներուժով:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր:

«Համակարծիք էինք, որ հիմնահարցերը եւ տագնապները նոյնական չեն, հետեւաբար նոյնական չեն նաեւ անոնց լուծման հիմքերը: Իմ անձնական համոզումով` լուծումները պէտք է փնտռել բացառապէս խաղաղ ճամբով` միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքներու, իսկ Արցախի պարագային` ինքնորոշման իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Երեւանի մէջ Վրաստանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան միշտ շահագրգռուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորումով եւ պահպանումով:

Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի համար շրջանին մէջ առկայ բոլոր տագնապներու լուծման միակ ուղին խաղաղ ճամբան է:

«Մենք կ՛ապրինք շրջանի մը մէջ, որուն համար վճռական է կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնք պարտադիր նախապայման են մեր երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման ու տնտեսական համագործակցութեան խորացման համար: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան մեր շրջանին մէջ, որոնց լուծման ուղին խաղաղ ճամբան է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն վրայ: Այդ ամէնը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու շնորհիւ», ըսած է Զուրապիշվիլի:

Վրաստանի նախագահը նշած է, որ իրենց երկրին համար կարեւոր է Վրաստանի մէջ հայերու ու ազրպէյճանցիներու խաղաղ գոյակցումը:

«Վրաստանի համար կարեւոր է, որ Վրաստանի տարածք չտեղափոխուի շրջանին մէջ առկայ տագնապը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Վրաստանի մէջ ապրող` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի քաղաքացիները խաղաղ ըլլան ու համարկուած մեր երկրի մշակոյթին մէջ: Իբրեւ նախագահ` պարտաւոր եմ այնպէս ընել, որ անոնք լիարժէք մասնակից դառնան Վրաստանի տնտեսական ու մշակութային զարգացման», նշած է նախագահը:

Յարգանքի Տուրք` Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Վրաստանի նախագահը ծաղիկներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

Սալոմէ Զուրապիշվիլին եղաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն. գրառում կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:

Վրաստանի նախագահին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

aztagdaily.com/archives/430705

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail