14 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը հրթիռակոծած եւ ռմբակոծած է Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Մաար Հիրմաթել Խուին, Զարզուր եւ Թամանիհա գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումները:
ՍԱՆԱ յիշեցուց, որ բանակը մէկ օր առաջ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ հրթիռակոծելով ոչնչացուցած էր Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալ խումբեր եւ քանդած անոնց մեքենաները:
aztagdaily.com/archives/430672