14 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հակադարձեց Թուրքիոյ` զինք ցեղապաշտ կոչելուն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կոչելով բռնապետ:
Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Թուրք բռնապետ Էրտողան թիրախ կը դարձնէ իսրայէլեան ժողովրդավարութիւնը, երբ անոր բանտերը լեցուած են թուրք լրագրողներով եւ դատաւորներով: Ասիկա հեգնական է»:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երեքշաբթի օր Նեթանիահուի` Իսրայէլ «իր բոլոր քաղաքացիներուն» պետութիւնը չէ, այլ «միայն հրեայ ժողովուրդին» յայտարարութիւնը կոչեց «աղաղակող ցեղապաշտութիւն ու խտրականութիւն»:
Էրտողան աւելի ուշ հակադարձեց Նեթանիահուին եւ ըսաւ. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կ՛ըսեմ` խելքդ գլուխդ հաւաքէ, որովհետեւ դուն ես այն անիրաւը, որ կը սպաննես 7 տարեկան պաղեստինցի մանուկներ»:
«Ոչ ոք պիտի կարենայ մեզի մոռցնել Երուսաղէմի դատը, այնքան ատեն, որ այս ազգը իր ոտքին վրայ կը կանգնի», աւելցուց ան:
«Ինչ կը վերաբերի Աքսայի մզկիթին դէմ յարձակումին, մեզ իւրաքանչիւր յարձակումի ժամանակ պիտի գտնեն իրենց դիմաց, մեր ժողովուրդն ու մենք լուռ պիտի չմնանք, նոյնիսկ եթէ բոլորը լուռ մնան», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք մինչեւ մեր վերջին շունչը պաշտպանել Երուսաղէմը»:
«Մենք ոեւէ հրեայ չանիրաւեցինք եւ Թուրքիոյ մէջ որեւէ հրէական տաճարի դէմ յարձակում չգործեցինք, ուստի մեզ մի՛ գրգռէք, որովհետեւ մենք մեզ այդպիսի արարքներէ զերծ կը կացուցենք, ինչպէս նաեւ ձեզ միջազգային ընտանիքին առջեւ հաշուետուութեան պիտի կանչենք», յայտնեց ան:
aztagdaily.com/archives/430648