Արցախը Որպէս Երրորդ Կողմ Պէտք է Մասնակցի ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին. Արցախի ԱԳ Նախարար
14 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց չի տեսներ:
Այս մասին Մայիլեան ըսած է Մարտ 13-ին` ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակի հետ հանդիպումէն ետք:
«Գործող նախագահին ներկայացուցած ենք մեր տեսակէտները, հիմնաւորած ենք, թէ ինչու Արցախը որպէս երրորդ կողմ պէտք է մասնակցի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, որ տեղի պիտի ունենայ ապագային։ Եթէ Արցախը չմասնակցի բանակցութիւններուն, ապա մենք որեւէ յառաջընթաց չենք կրնանք ունենալ»,- ըսած է նախարարը:
Մասիս Մայիլեան նշած է, որ կարեւոր կը համարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումները, եւ ատոնք պէտք է շարունակական ըլլան:
yerakouyn.com/2019/03/14/արցախը-որպէս-երրորդ-կողմ-պէտք-է-մասնակ/