15 ՄԱՐՏ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:
Երէկ գիշեր Կազայէն երկու հրթիռներ արձակուեցան Թել Աւիւի ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար չեն առած երկու հրթիռներէն որեւէ մէկը: Բանակը նաեւ նշեց, թէ հրթիռարձակման մասին գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ չունէր եւ հրթիռարձակումը զայն անակնկալի մատնած է:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Համաս չի կանգնիր հրթիռակոծումին ետին:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակի հրամանատարները հրաւիրեց հրթիռակոծման հակադարձութեան կարելիութիւնները սերտելու:
aztagdaily.com/archives/430801