15 Մարտ 1921. Թալէաթի Ահաբեկումը. Երբ Մէկ Մարդու Ահաբեկիչը կը Դատուի, Բայց Մէկուկէս Միլիոն Մարդոց Ցեղասպանը Չի Դատուիր…

15 ՄԱՐՏ 2019 – ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ:

Ն. Պէրպէրեան

98 տա­րի ա­ռաջ, ­Մարտ 15-ի այս օ­րը, ա­րիւ­նի եւ ար­հա­ւիր­քի ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը խտաց­նող ու խորհր­դան­շող ար­դար հա­տուց­ման ա­հա­բեկ­չու­թիւն մը գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի մէջ։

15 ­Մարտ 1921-ին, ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղին մէջ, օր-ցե­րե­կով, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ա­նու­նով 25ա­մեայ հայ ե­րի­տա­սարդ մը ա­հա­բե­կեց ­Մեհ­մէթ Թա­լէաթ փա­շան՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան եր­բեմ­նի վար­չա­պե­տը։

Մարտ 15-ը հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լիօ­րէն դրոշ­մո­ւե­ցաւ իբ­րեւ Օրն Ար­դա­րա­հա­տուց­ման, Օ­րը՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման։

Յատ­կա­պէս ­Մարտ 15ին, ա­մէն տա­րի, մեր սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն, հպար­տու­թեան եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ան­սանձ զե­ղու­մով, բարձ­րա­ձայն կը հնչէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծան­րա­գոյն ո­ճի­րին թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նուի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին սրտա­բուխ «­Գի­նի լից» եր­գը.

Աշ­խարհ պա­տեց հա­յի ա­հը,
Գե­տին ըն­կաւ թուր­քի գա­հը,
Քեզ պատ­մեմ ­Թա­լէա­թին մա­հը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նոյշ:

Դաշ­նակ­ցու­թիւն ժո­ղով ա­րեց,
Շուն ­Թա­լէա­թին մահ ո­րո­շեց,
Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նոյշ:

Թա­լէաթ փա­շան փա­խաւ ­Պեր­լին,
Թեհ­լի­րեա­նը հա­սաւ ե­տին
Զար­կաւ ճակ­տին, փռեց գե­տին,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նոյշ:

Շուն ­Թա­լէա­թին գցին հո­րը,
Լուր ղրկե­ցին պոռ­նիկ մօ­րը,
Կեց­ցէ հա­յոց կա­մա­ւո­րը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նոյշ:

Յի­շա­տակդ միշտ փա­ռա­ւոր,
Շի­րի­միդ լոյս Ք­րիս­տա­փոր,
Մա­յիս 28 շնոր­հա­ւոր,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նոյշ:

Իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տխրահռ­չակ դէմ­քե­րէն էր ­Թա­լէաթ, որ իբ­րեւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րող Իթ­թի­հա­տա­կան Ե­ռա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ոչ միայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը մխրճած էր ան­հե­ռան­կար ու կոր­ծա­նա­րար Աշ­խար­հա­մար­տին մէջ, այ­լեւ աշ­խար­հա­սա­սան պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հէն «օգ­տո­ւե­լով»՝ հրա­հան­գած էր գոր­ծադ­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ծրագ­րին։

Ինչ­պէս Իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը, նոյն­պէս եւ ­Թա­լէաթ ­Պո­լի­սէն փա­խուստ տո­ւած էր՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան պե­տու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար անձ­նա­պէս հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւե­լու եւ դա­տո­ւե­լու ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թե­նէն ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հա­մար։

Թա­լէաթ հաս­տա­տո­ւած էր ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղը, ծպտո­ւած էր ու ինք­նա­թուղթ փո­խած, որ­պէս­զի ոչ ոք գտնէ իր թագս­տո­ցը եւ կա­րե­նայ այդ­պէ՛ս՝ օ­րէն­քէ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէ խոյս տա­լով՝ «վա­յե­լել» իր յան­ցա­գործ կեան­քին մեղ­քի… պտուղ­նե­րը։

Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ­Թա­լէաթ թե­րեւս կա­րե­նար խու­սա­փիլ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ իր իշ­խա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ծանր կո­րուստ կրած թուրք պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն կամ «ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէն»։ ­Բայց ­Թա­լէա­թի ձեռ­քե­րուն վրայ մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րիւն կար եւ դեռ չէր չոր­ցած բիւ­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րու՝ հայ մայ­րե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու, հայ կոյ­սե­րու եւ ա­լե­հեր­նե­րու ա­րիւ­նը։

Այդ ա­ռու­մով ալ, թէեւ աշ­խարհ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը յան­ձին ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դատ ու դա­տաս­տան ի­րա­գոր­ծեց եւ վճռեց մա­հա­պա­տի­ժով ար­դա­րու­թիւ­նը գոր­ծադ­րել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն նկատ­մամբ։

Եւ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին ու մէ­կու­կէս մի­լիոն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը գտաւ ­Թա­լէա­թին եւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան 1921-ին հա­սաւ ­Պեր­լին ու հրէ­շի բնա­կա­րա­նին առ­ջեւ գե­տին փռեց հայ ժո­ղո­վուր­դի թիւ 1 ցե­ղաս­պա­նին։

Թա­լէա­թի «եր­գը շա­տոնց եր­գո­ւած էր»… 1919-ի աշ­նան ար­դէն, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, տրո­ւած էր ո­րո­շու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժին։ Ար­մէն ­Գա­րո­յի եւ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մո­ւած էր յա­տուկ ­Մար­մին՝ ծրագ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը։ Այդ­պէ՛ս կեանք ա­ռաւ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու «­Նե­մե­սիս» (յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան Վ­րէ­ժի չաս­տո­ւա­ծին ա­նո­ւան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Եւ ճա­կա­տագ­րի դա­սա­ւո­րու­մով մինչ այդ աշ­խար­հին ու ազ­գա­յին ընդգր­կու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­ծա­նօթ դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը՝ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ի­րա­գոր­ծու­մը ­Հայ­կա­կան Ար­դա­րա­գոյն ­Հա­տուց­ման։

Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը խորհր­դան­շող ա­նու­նը դար­ձաւ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ։

Եւ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տուն (ինչ­պէս որ ­Նա­թա­լի կը կո­չէր զայն)՝ ե­ղեռ­նա­գործ ­Թա­լէա­թը կրեց իր պա­տի­ժը։

Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չը ծնած էր 2 Ապ­րիլ 1896-ին, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ երկ­րէն աք­սո­րո­ւած եւ ­Սեր­պիա հաս­տա­տո­ւած ­Խա­չա­տուր ­Թեհ­լի­րեա­նը տա­րի­նե­րով պանդխ­տու­թեամբ հո­գաց ապ­րուս­տը Երզն­կա մնա­ցած իր կնոջ եւ հինգ զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց կրտսերն էր ­Սո­ղո­մոն։ Ան իր ու­սու­մը ստա­ցաւ Երզն­կա­յի նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ Եզ­նի­կեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912ին ա­ւար­տեց տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ փա­րե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան։

1913-ին ­Սո­ղո­մոն եւս մեկ­նե­ցաւ ­Սեր­պիա՝ հօր ու ա­նոր միա­ցած ըն­տա­նի­քին մօտ, որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նէր Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց 1914ին պայ­թած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը լրիւ փո­խեց նաեւ 18ա­մեայ ­Սո­ղո­մո­նի կեան­քի ու­ղին։

1914-ի աշ­նան, ծնող­քէն գաղտ­նի, ան ան­ցաւ ­Սո­ֆիա (­Պուլ­կա­րիա), ուր կը հա­ւա­քագ­րո­ւէին Կով­կաս կա­մա­ւոր եր­թա­լու պատ­րաստ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի պան­դուխտ թէ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ս­կիզ­բը ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու դի­մու­մին, բայց ան յա­ջո­ղե­ցաւ, հօ­րը քա­նի մը նա­մակ­ներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նա­լու ծնո­ղին գրա­ւոր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը իր կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լուն։

Այդ­պէ՛ս, ­Հոկ­տեմ­բեր 1914-ին, ­Սո­ղո­մոն հա­սաւ ­Թիֆ­լիս եւ միա­ցաւ ­Սե­պու­հի վաշ­տին, որ մաս կը կազ­մէր Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող ­Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին Գուն­դին։ Ե­րեք տա­րո­ւան կա­մա­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս թրծեց ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան դաշ­նակ­ցա­կան մար­տի­կի կեր­պա­րը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­զա­տագ­րու­թեան հետ, ­Սո­ղո­մոն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը­՛ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու նաեւ Երզնկա, ո­րուն քա­րու­քանդ վի­ճակն ու ա­մա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցե­ցին զինք այն­քան ծան­րօ­րէն, որ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ ­Գէոր­գեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «ու­շա­թափ կ­’իյ­նայ գե­տին։ Ար­դա­րեւ, Երզն­կա­յի եւ շրջա­կայ­քի ամ­բողջ հա­յու­թեան հետ, նաեւ իր գեր­դաս­տա­նին 85 ան­դամ­նե­րը — մայ­րը, եր­կու եղ­բայր­նե­րուն կի­ներն ու զա­ւակ­նե­րը եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րը — սպան­նո­ւած էին 1915ին։ Իսկ ի­րենց տու­նը դար­ձած էր թրքա­կան հան­րա­կա­ցա­րան»։

Սե­փա­կան ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սպանդն ու հայ­րե­նի օ­ճա­խին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րու­մը ան­հուն ցա­սու­մով ու վրէժխնդ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ողջ էու­թիւ­նը։ ­Խո­րա­պէս ցնցիչ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին հիմք ծա­ռա­յեց, ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­պաշ­տան ­Քըրթ ­Նայ­մէ­յը­րի (­Քո­լո­նեը հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս) կա­ռու­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նին։

1917-ին, ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի փլու­զու­մէն եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, ­Թեհ­լի­րեան ան­ցաւ ­Կով­կաս։ Շր­ջե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի եւ Խ­րի­մի քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ նո­ւի­րո­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ այդ ա­փե­րը ին­կած որ­բե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման աշ­խա­տան­քին։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ժա­մա­նա­կին թա­ւա­լու­մին հետ փո­խա­նակ սպիա­նա­լու, ­Թեհ­լի­րեա­նի սիրտն ու հո­գին խո­ցած վէր­քե­րը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցան։ Թեհ­լի­րեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով 1920-ի Ապ­րի­լին կա­տա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Պէ­շիկ­թա­շի տխրահռ­չակ թա­ղա­պետ ­Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նը, որ գլխա­ւոր մեղ­սա­կի­ցը ե­ղած էր 24 Ապ­րիլ 1915-ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեան։

Ա­հա­բե­կու­մէն ետք ան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ անց­նե­լու ­Փա­րիզ, ուր ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հա­մար կօշ­կա­կա­րու­թիւն սոր­վե­ցաւ։ ­Բայց քա­նի մը ա­միս ետք կան­չո­ւե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն, Մ.­Նա­հանգ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ար­մէն ­Գա­րո­յի կող­մէ, որ կը ղե­կա­վա­րէր «­Նե­մե­սիս»ի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն է եւ «­Նե­մե­սիս»ի ար­խի­ւին հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ծա­նօթ փաստ է, որ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ճշդու­մը կա­տա­րո­ւած է վի­ճա­կաձ­գու­թեամբ եւ այդ­պէս է, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին վի­ճա­կուե­ցաւ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։

Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած կ’ապ­րէր ­Պեր­լի­նի Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցի վրայ։

Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը վար­ձեց ­Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։ Եւ 15 ­Մարտ 1921-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նար մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ գա­լու հա­մար մօ­տե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։ Ան­ցորդ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, խոշ­տան­գե­ցին զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռած էր ան­ծա­նօթ ան­ցոր­դը…

Շա­հան ­Նա­թա­լի կը վկա­յէ, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին ինք յանձ­նա­րա­րած էր ա­հա­բե­կու­մէն ետք փա­խուստ չտալ եւ յանձ­նո­ւիլ գեր­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց, որ­պէս­զի ա­րար-աշ­խար­հի առ­ջեւ ­Թա­լէաթ դա­տո­ւէր եւ իր հետ դա­տա­վա­րու­թեան են­թար­կէր ­Թուր­քիոյ գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րը։

Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ ­Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ էր ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Փաս­տօ­րէն ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան կրկնա­կիօ­րէն պատ­մու­թիւն խտաց­նող խորհր­դա­նիշ դար­ձաւ 15 ­Մարտ 1921-ի իր ­Հա­րո­ւա­ծով եւ ­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը խորհր­դան­շող ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մով։ ­Նախ մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց Ար­դար Դա­տաս­տա­նը գոր­ծադ­րող բա­զու­կը։ Ա­պա՝ խորհր­դան­շեց մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Ար­դէն հան­րա­յատ ի­րո­ղու­թիւն է եւ հան­րա­գի­տա­կան ճշմար­տու­թիւն, որ նոյ­նինքն Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը իր ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով գոր­ծա­ծու­թեան յանձ­նած ­Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քին ներշն­չո­ւե­ցաւ ո­րո­շա­պէս ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն եւ հիմ­նո­ւե­ցաւ այն մեծ հար­ցադ­րու­մին վրայ, թէ ին­չո՞ւ մէկ մար­դու ա­հա­բեկ­ման հա­մար կը դա­տո­ւէր ­Թեհ­լի­րեան ա­նու­նով հայ ե­րի­տա­սար­դը, մինչ ան­դին դատ ու դա­տաս­տա­նի չէր են­թար­կո­ւած մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լէաթ­նե­րու պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը…

Մարտ 15-ը այս ա­ռու­մով կրկնա­կի՛ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի էջ է հա­յոց ­Յու­շա­տետ­րին մէջ։

Նաեւ՝ ­Հայ­կա­կան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը մին­չեւ ար­դար դա­տաս­տան յա­ռաջ մղե­լու պայ­քա­րի ուխ­տին վե­րա­նո­րոգ­ման Օրն է, մին­չեւ որ խո­նար­հի հա­յաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ամ­բող­ջա­պէս վե­րա­տի­րա­նայ իր ոտ­նա­կո­խո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն։

yerakouyn.com/2019/03/15/15-մարտ-1921-թալէաթի-ահաբեկումը-երբ-մէկ-մար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail