Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւային Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնատեղիներ Քանդած Է

15 ՄԱՐՏ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Համայի գիւղական շրջանին մէջ գործող զօրախումբերը բուռն հարուածներով հակադարձած են զինեալ խմբաւորումներուն լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ համաձայնութեան ոտնահարումներուն եւ թիրախ դարձուցած են Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու շարք մը որջեր:

Սուրիական բանակը քանդած է շարք մը կեդրոններ եւ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ սպաննած շարք մը զինեալներ եւ վիրաւորած ուրիշներ:

ՍԱՆԱ նշեց, որ սուրիական բանակը մէկ օր առաջ հրթիռակոծած եւ ռմբակոծած է Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Մաար Հիրմաթել Խուի, Զարզուր եւ Թամանիհա գիւղերուն շրջանին մէջ զինուորական կէտերու եւ ապահով գիւղերու ուղղութեամբ ներթափանցել փորձող շարք մը զինեալներ:

Բանակը երեքշաբթի օր Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ հրթիռակոծելով ոչնչացուցած էր Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալ խումբեր եւ քանդած անոնց մեքենաները:

aztagdaily.com/archives/430802

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail