15 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ: ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ:/ thecaliforniacourier.com /
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր դիւանագէտները արտասահմանի մէջ ամէն բան կ՛ընեն՝ աշխարհի հրեաները, ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւնները եւ Իսրայէլը իրենց կողմը գրաւելու համար:
Ատրպէյճան պարզապէս կը կրկնէ Թուրքիոյ չարամիտ պահուածքը, որ մինչեւ վերջերս կը սիրաշահէր Միացեալ Նահանգներու հրէական կազմակերպութիւնները եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունումը արգելափակելու համար: Հրէական բազմաթիւ խումբեր դադրեցուցին իրենց անբարոյ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ միայն այն ատեն, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սկսաւ հակասեմական յայտարարութիւններ ընելու եւ սպառնալու Իսրայէլին:
Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի կողմէ հրէական կազմակերպութիւններու ու Իսրայէլի հետ կապեր հաստատելու ձգտումը հիմնուած է զուտ հակասեմական տեսակէտի վրայ, ընդ որում հրեաները կը վերահսկեն ամերիկացի քաղաքական գործիչները, ուստի Ատրպէյճանի շահերէն կը բխի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ «հզօր» հրեաներու հետ: Իսրայէլական «Հաարեց» թերթին տուեալներով՝ «շատ մը երկիրներ կը զարգացնեն իրենց յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ յոյսեր փայփայելով վայելել աջակցութիւնը ազդեցիկ ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու, որոնք իրենց հերթին լաւ կ՛արտայայտուին այդ երկիրներուն մասին, ամերիկեան կառավարութեան առջեւ»:
Աւելին. Ատրպէյճանի հրեամէտ ջանքերը կը հիմնուին այն փաստին վրայ, որ Ատրպէյճան միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնքեր կը գնէ Իսրայէլէն: Իր հերթին, Ատրպէյճան մեծ քանակութեամբ քարիւղ կը վաճառէ Իսրայէլի: Նաեւ հետախուզական զեկոյցներ կան այն մասին, որ Ատրպէյճան քանի մը զօրակայան տրամադրած է Իսրայէլին՝ Իրանի հետ իր սահմանին վրայ, եթէ յանկարծ Իսրայէլ որոշէ յարձակիլ Իրանի միջուկային կեդրոններուն վրայ:
Ամերիկեան հրէական առաջնորդներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան վերջին օրինակը ամերիկեան աւետարանական հոգեւոր հովիւներու այցելութիւնն էր Պաքու՝ 3էն 8 Մարտ, Նիւ Եորքի ուղղափառ ռաբբի Մարք Շնայըրի գլխաւորութեամբ՝ «նպաստելու համար միջկրօնական երկխօսութեան եւ Իսրայէլի հետ համագործակցութեան լուսաբանման», կը տեղեկացնէ «Ասոշիէյթըտ Փրէս»ը: Ասիկա առաջին աւետարանական պատուիրակութիւնն էր, որ այցելած է շիա մահմետական երկիր: Ռաբբին Ատրպէյճանը ներկայացուցած է իբրեւ «ամէնէն սիրելի եւ յարգուած մահմետական երկիրը հրէական ամերիկեան համայնքի աչքին», կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Թր-ենտ» գործակալութիւնը: Անցեալ տարի Շնայըր ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը պահուն՝ փառաբանելով Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ սերտ բարեկամութիւնը:
Ամերիկեան աւետարանական տասներկու հովիւներէ բաղկացած խումբը տեսակցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարարին, մահմետական շէյխերու, տեղական եկեղեցական ղեկավարներու եւ Իսրայէլի դեսպանին հետ: Ռաբբի Շնայըր «Ասոշիէյթըտ Փրէս»ին յայտնեց, որ նախագահ Ալիեւ «պատուիրակութեան այցելութեան ատեն յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ պիտի կառուցուի Ատրպէյճանի առաջին հրէական մշակութային կեդրոնը, հրէական օրէնքներով թոյլատրելի կերակուրներով, ճաշարանով եւ պանդոկով՝ հրեայ հիւրերը ընդունելու համար»: Շնայըր կը ղեկավարէ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող ցեղային փոխըմբռնման հիմնարկը եւ հիմնադրած է Հեմփթըն սինակոկը Ուեսթհեմփթըն Պիչի մէջ, Նիւ Եորք: Ի նշան բարեկամանական յարաբերութիւններու՝ Ատրպէյճանի ազգային օդանաւային ընկերութիւնը ուղիղ թռիչքներ կը կատարէ դէպի Թել Աւիւ, իսկ նախագահ Ալիեւ 2016ին հիւրընկալած էր Իսրայէլի վարչապետը:
Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով օգտուած էր աւետարանական առաջնորդներու հետ իր հանդիպումէն՝ քննադատելու Հայաստանը եւ խեղաթիւրելու Արցախեան հակամարտութիւնը: «Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւնները կ՛ընդգծեն, որ նման յայտարարութիւններ կը խոչընդոտեն խաղաղ բանակցութիւնները», ըսած էր Մամետեարով:
Հոգեւոր հովիւ Էտըմ Մեսա, որ կը ղեկավարէ Քալիֆորնիոյ Ռենչօ ՔուՔամանկա քաղաքին մէջ գտնուող Abundant Living Family եկեղեցին, «Ասոշիէյթըտ Փր-էս»ին յայտնեց, որ այդ իր առաջին այցելութիւնն էր մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող երկիր մը: Հովիւը ըսաւ, որ զինք քաջալերած են մասնակցելու շրջապտոյտին՝ Իսրայէլի նկատմամբ Ատրպէյճանի աջակցող դիրքորոշման եւ միջկրօնական ջանքերուն պատճառով: «Անհաւատալի է, որ մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող նոյն այս երկիրը իրականութեան մէջ պէտք է առաջնորդէ պայքարը՝ կրօնական երկխօսութեան, համայնքի եւ համերաշխութեան համար»:
Ռաբբի Շնայըր «Ասոշիէյթըտ Փրէս»ին հաստատեց, որ կրօնական այս խումբին այցելութեան վերաբերող քաղաքական օրակարգին մէջ. «քաղաքական տեսանկիւնէ հարց չկայ, գիտէք, որ Ատրպէյճան կը ձգտի ամրապնդել իր յարաբերութիւնները Միացեալ նահանգներու վարչակազմին եւ Քոնկրեսին հետ: Իսրայէլ կարեւոր միջնորդ է այս հարցով»:
Քոնկրեսական Էլսի Հէյսթինկզի նման, այս անգամ ալ Ատրպէյճան, կարծես թէ, մէկ այլ խայտառակ անձնաւորութիւն ընտրած է իր քարոզչութիւնը տարածելու համար: 60 տարեկան ռաբբի Շնայըր վեց անգամ ամուսնացած է, վերջին անգամ՝ Մարտ 2017ին: Փետրուար 2018ին, Ֆլորիտայի նահանգը հրամայեց Շնայըրին՝ ամսական 5000 տոլար վճարել՝ իր զաւակին 64,594 տոլարի նպաստը չվճարելուն համար. գումար մը, որ ան պարտական էր իր երրորդ կնոջ՝ իրենց 19 տարեկան տղուն խնամքին համար: Ռաբբի Շնայըր Յունիս 2015ին հեռացուած էր Ամերիկայի ռաբբիական խորհուրդին կողմէ՝ բարոյագիտական կանոնները խախտելուն՝ արտաամուսնական յարաբերութիւններ ունենալուն պատճառով: Յունիս 2010ին, ռաբբին իր կրօնակիցներուն յայտարարեց, որ կը տառապի «երկբեւեռ խանգարում» (bipolar disorder) կոչուող հիւանդութենէն:
«Ուիքիփետիա»ի համաձայն՝ «իր կրօնակիցներուն ճնշման տակ՝ իր բազմաթիւ ամուսնալուծութիւններուն եւ սիրաբանութիւններուն պատճառով, Շնայըր 2016ին հրաժարեցաւ քարոզիչի իր դիրքէն, Հեմփթըն սինակոկի մէջ, զոր ան հիմնադրած էր 1990ին: Հաւատացեալները սպառնացին, որ պիտի հրաժարին իրենց խոստումներէն եւ վճարումներէն, մինչեւ այն ատեն, երբ ան չէ լքած սինակոկը»:
«Նիւ Եորք Փոսթ»ը հաղորդեց, որ իր երրորդ կինը խաբելէ ետք, ռաբբի Շնայըր 2006ին ամուսնացած է «սեռային երկրպագուի մը»՝ Թոպի Ռուպինշտէյնի հետ, որ դարձած է անոր թիւ 4 կինը: «2010ին, Թոպի վարձեց յատուկ խուզարկու, որ յայտնաբերեց անոր ամուսինին եւ այդ օրերուն 30 տարեկան Կիթի Լէյնըրի սեռային բնոյթի բաց լուսանկարները Սուրբ երկրին մէջ. Շնայըր իր կնոջ ըսած էր, որ Սուրբ երկիր կը մեկնի սովորական աշխատանքային այցելութեամբ: Թիւ 4 ամուսնութիւնը շուտով վերջ գտաւ ամուսնալուծութեամբ»:
2013ին ռաբբին ամուսնացաւ Կիթի Լէյնըրի՝ թիւ 5 կնոջ հետ: 2014ին այս զոյգը զաւակ ունեցաւ, «սակայն 2015ին Շնայըրը բռնեցին Քուինզի մէջ, երիտասարդ Սիմի Թէյթըլպաումի հետ ընթրելու պահուն. վերջինս ալ 2017ին դարձաւ անոր 6րդ կինը…։ Հետաքրքրական է, որ «Նիւ Եորք Փոսթ»ը հաղորդած է, որ «Շնայըր իր արատաւոր արտաամուսնական կապերը բացատրած է անով, որ ինք մտային հիւանդ է եւ բուժում կը փնտռէ»։
«Երբ ես լքեցի զայն, ան կը շահէր 800 հազար տոլար…։ Այս գումարը կը ներառէր 500 հազար տարեկան եկամուտը, գումարած՝ հարիւր հազարաւոր լրացուցիչ փոխհատուցումներ, ներառեալ վճարումները՝ Ուեսթհեմփթըն Պիչի մէջ անոր ունեցած գրեթէ 5000 քառ. մեթր մակերեսով տան, որ կը գնահատուի մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլարով», «Նիւ Եորք Փոսթ»ին ըսաւ ռաբբիի նախկին կինը՝ Թոպի Կաթզմըն։
Ռաբբի Շնայըրի նախորդ շաբթուան այցելութիւնը Ատրպէյճան անոր առաջինը չէր: Վերջին տարիներուն ան քանի մը անգամ քարոզչական շրջապտոյտներով եղած է հոն: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ արդեօք ռաբբին որեւէ փոխհատուցում ստացած է նախագահ Ալիեւէն՝ իր «արժէքաւոր» ծառայութիւններուն համար: Ռաբբիի բազմաթիւ այցելութիւնները Ատրպէյճան՝ զայն աւելի շատ լոպիիստ կը դարձնեն, քան կրօնական գործիչ…
Ես կոչ կ՛ուղղէի հայկական աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն՝ կապուելու այդ 12 հովիւներուն հետ, որոնք անցեալ շաբաթ այցելեցին Պաքու՝ հակազդելու համար իրենց մատուցուած՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ քարոզչութեան: Ես կը փափաքէի նաեւ իմանալ, թէ արդեօք հովիւները եւ ռաբբի Շնայըր Պաքուէն վերադարձած են ճամպրուկներո՞վ՝ լեցուած ատրպէյճանական սովորական «նուէրներով»՝ խաւիարով, գորգերով եւ այլ արժէքաւոր իրերով։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/339985/Ռաբբի-Շնայըր-Աւետարանական-Հոգեւոր-Հո/