Քիւրտ Մեծցած, Բռնի Թրքացած, Այժմ Հայ Կոչուող— Փինար Թեմպլէյ «Ալ-Մոնիթըր» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ

Տիգրանակերտցի Մարի Էսկիճի

21 հոկտեմբեր 2015

Տիգրանակերտցի Մարի Էսկիճի
Տիգրանակերտցի Մարի Էսկիճի

Փինար Թեմպլէյ «Ալ-Մոնիթըր» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Քաղաքական բանտարկեալ Սելման Կիւլպահչէ 1 Սեպտեմբերին թրքական դատարանին մէջ թարգման մը պահանջեց։ Կիւլպահչէ կ՚ուզէր խօսիլ իր մայրենի լեզուով՝ քրտերէնով։ Սակայն դատաւորը այդ խնդրանքէն շատ զայրացաւ։ Ըստ դատական նիստէն ետք Կիւլպահչէի գրութեան, դատաւորը ըսած է. «Քիւրտ չկայ։ Այս երկրին դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստացած ես։ Շատ անամօթ ես ու անկիրթ։ Հեռացիր դատարանէս»։

«Եւ ըստ տեղեկութեանց, հարցը այդտեղ վերջ չէ գտած։ Դատաւոր Սեւալ Աքաշ դատարանին մէջ ոստիկաններուն ըսած է. «Անոնք ձեր զինակիցները կը սպաննեն ամէն օր։ Անոնք ոստիկանները կը սպաննեն։ Իբրեւ կին, անոնց դէմ կը կռուին, իսկ դուք այդտեղ կանգնած կը դիտէք։ Անոնք հայերու նման են։ Եթէ ժամանակին չկասեցուին, Աստուած գիտէ ինչ պիտի պատահի»։

«Դատաւոր Աքքաշի ենթադրեալ խօսքը Թուրքիոյ մէջ իրարանցում յառաջացուց։

«Օգոստոս 2014-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ այժմ նախագահն է, ըսաւ. «Ան որ թուրք է, թող ըսէ թուրք եմ, եւ ան որ քիւրտ է, թող ըսէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտ մըն է։ Ատոր մէջ ի՞նչ հարց կայ։ Անցեալին իմ մասիս տարաձայնութիւններ տարածեցին։ Անոնք ըսին, որ ես վրացի եմ։ Կը ներէք, սակայն անոնք իմ մասին նոյնիսկ աւելի տգեղ բաներ ըսած են։ Անոնք զիս հայ կոչած են»։

Էրտողանի բառերը այդ օրերուն զայրոյթ յառաջացուցին։ Սակայն այժմ պէտք է հարց տանք, որ ինչու մէկը հայ կոչուելուն համար կը վիրաւորուի։ Երբ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած հարաւային Ճիզրէ քաղաքին մէջ Սեպտեմբերին հրադադարի դրութիւն յայտարարուեցաւ, ոստիկանութիւնը բարձրախօսերով յայտարարեց. «Հայերը ձեզմով հպարտ են։ Դուք բոլորդ ալ հայեր էք»։

«7 Սեպտեմբերին նախագահական խորհրդական Պուրհան Քուզու «Թուիթըր»-ի վրայ գրառութիւն մը կատարելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան(ՔԱԿ) անդամներուն ակնարկելով ըսաւ. «Սպաննուած ահաբեկիչներուն մարմինները պէտք է քննուին։ Այդ ատեն ի յայտ պիտի գայ, որ անոնց մեծամասնութիւնը թլփատուած չէ։ Արթնցէ՛ք քիւրտ եղբայրներս, արթնցէ՛ք այլեւս»։ «Հասարակութեան հակազդեցութիւնը նշանակալից էր։ Անոնց մեծամասնութիւնը ծաղրական եւ հասարակ էր։ Սակայն միտք բանին ոչ իսլամները (իբրեւ չթլփատուած) զանազանելն էր եւ զանոնք նկատել ահաբեկիչներ։ Ըստ այդ գրառումին, ՔԱԿ-ի անդամները իսլամներ չեն, ուստի մեր եղբայրները չեն։ Քուզու ըսել կ՚ուզեր, որ ըմբոստացողները հայեր են եւ ոչ թէ քիւրտեր։ Եւ անգամ մը եւս «հայ»-ը ատելութիւն եւ թշնամանք յառաջացնող եզրի մը վերածուեցաւ»։

«Ալ-Մոնիթըր» հարցազրոյց կատարած է 10 հայ եւ քիւրտ քաղաքագէտներու, վերլուծաբաններու եւ գործիչներու հետ ջանալով հասկնալ քիւրտերը հայ կոչելու այս ընթացքը ի՞նչպէս կ՚ազդէ հասարակութեան վրայ եւ ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ մօտ ապագային։ Ինչո՞ւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներն ու կառավարական պաշտօնեաները այսպիսի ատելութեամբ լեցուն խօսելաոճ կ՚օգտագործեն ընտրարշաւի ընթացքին։

«Փաստաբան եւ նահատակ հայ մտաւորական Հրանդ Տինքի բարեկամ Ֆեթհիյէ Չեթին, որ իր թաքնուած հայկական արմատները յայտնաբերած է «Ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնեց. «Երբ Օկիւն Սամասթը կրակ բացաւ Հրանդի վրայ, ան բացագանչեց «մեռիր հայ»։ Սակայն ան իր կեանքին մէջ այլ հայ մը չէր ճանչցած կամ հանդիպած։ Սամասթ դատարանին մէջ ըսաւ. «Եթէ գիտնայի, որ Տինք ընտանիք եւ զաւակներ ունի, զինք չէի սպաններ»։ Այդ մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս քաղաքական համակարգը ձերբազատելի կեանքեր կը ստեղծէ։ Հայը այդ ցանկին վրայ գտնուող անարժէք կեանքերէն մէկն է։ Նոր սերունդներուն կը սորվեցնեն, որ հայերը մարդ չեն, սակայն էակ մը, որ պէտք է ատել եւ սպաննել, յոռեգոյն թշնամի մը։ Եւ դպրոցական ծրագիրը գոյութիւն ունեցող կրակին վառելանիւթ կը հայթայթէ»։

«Չեթինի բացատրութիւնը համահունչ է փորձառութեանը քիւրտ ալեւի Հաթիճէ Ալթընըշըքի, որ անդամ է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) կեդրոնական գործադիր խորհուրդին։ Ան «Ալ-Մոնթըր»-ի յայտնեց.«Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ մէջ կառավարութիւնները փորձեցին Անատոլուն ձերբազատել հայկական ինքնութեան որեւէ հետքէ։ Սպանութիւններն ու բռնի տեղահանութիւնները բաւարար չէին։ Քաղաքներու, փողոցներու եւ նոյնիսկ ճաշերու անունները փոխուեցան։ Եկեղեցիները մզկիթներու վերածուեցան։ Անոնք փորձեցին պատմութիւնը վերախմբագրել։ Այժմ 9 օրերէ ի վեր կրակմարի դրութեան տակ գտնուող Ճիզրէի ժողովուրդին կ՚ըսեն.«Դուք բոլորդ ալ հայեր էք»։ Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ, որ շինծու «մէկ ժողովուրդ, մէկ հաւատք»-ը տապալած է։ Անոնք ձախողած են պատմութեան հայկական հետքերը ջնջել»։

«ԺԺԿ-ի փոխնախագահ Ալփ Ալթինորս «Ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնած է.«1990-ականներէն ի վեր պաշտօնական կեցուածքը փորձած է ՔԱԿ-ը հասարակութենէն հեռացնել, զայն պիտակելով իբրեւ հայկական»։ Յաճախ կարելի է հանդիպիլ «անոնք թլփատուած չեն», «հայկական հունտ» եւ «ԱՍԱԼԱ-ն վերջ գտաւ, երբ ՔԱԿ-ը սկսաւ»-ի նման նշանաբաններու։ «Նորութիւնը այն է, որ անոնք կ՚ըսէին, որ ՔԱԿ-ի անդամները հայ են եւ ոչ թէ քիւրտ, սակայն այժմ անոնք շրջանին մէջ բոլոր քիւրտերուն վրայ կը տարածեն հայ ըլլալու «ամբաստանութիւնը», ըսած է Ալթինորս։

«Ամերիկայի հայկական համագումարէն շրջանային վերլուծաբան եւ «Ակօս»-ի թղթակից Ալին Օզինեան «Ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնեց. «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յաջողութիւնը ցոյց տուաւ, որ զայն միայն իբրեւ քրտական կուսակցութիւն մը պիտակելու ջանքերը ձախողեցան։ Ուստի կուսակցութեան հայհոյելու համար այժմ պէտք է այլ պիտակ փնտռեն, եւ հայը անոնց գտած յոռեգոյն պիտակն է։ Սակայն եթէ մտածէք, քիւրտերը որոշ չափով հայկական արիւն ունի՞ն։ Հաւանաբար։ Ճիշդ թուրքերուն նման։ Գիտենք, թէ բազմաթիւ հայ մանուկներ լքուեցան, եւ այսօր իբրեւ թաքուն հայեր անոնց կարգ մը պատմութիւնները կը լսենք»։

«Թրքահայ Պետօ Կեսարացի, հարցը կը դիտէ հետաքրքրական տեսանկիւնէ մը։ Ան «Ալ-Մոնիթըր»-ի ըսաւ. «Այսօր մէկը հայ կոչելը մէկ քարով երկու թռչուն զառնել է։ Պետութեան ընդդիմացող ոեւէ մէկը արժանի է այն վարմունքին, որուն ատենին արժանացան հայերը։ Աւելին, հայկական ինքնութիւնը ՔԱԿ-ին կապելը նպաստաւոր է կառավարութեան, որովհետեւ չեն կրնար բոլոր քիւրտերը քիւրտ ըլլալնուն համար պատժել, պարզապէս, որովհետեւ չեն ուզեր բոլոր քիւրտերը օտարել»։

«Կը նկատենք, որ «անոնք հայեր են» պիտակին թիրախը բարեպաշտ քիւրտերն են, որպէսզի զանոնք հեռացնեն անոնցմէ, որոնք ԺԺԿ-ի կրնան համակրիլ եւ սիրաշահին ծայրայեղ ազգայնական քուէարկողները հայրենասիրութեան կրակը հրահրելով։ Ամբոխավարական քաղաքականութեանց հեռահաս հետեւանքները ահարկու են։ Մինչ Թուրքիոյ մէջ լարուածութիւնը աճ կ՚արձանագրէ, փոքրամասնութիւններուն անդամ ըլլալը դարձեալ վախի աղբիւրի կը վերածուի եւ մարդիկ կը փորձեն իրենց ինքնութիւնը ծածկել։

Տիգրանակերտէն Մարի Էսկիճի անգամ մը ըսաւ. «Մենք ծնունդով հայ ենք, մեծնալու ընթացքին քիւրտ եւ հասուն տարիքնուս՝ թուրք»։ Այդ նախադասութիւնը ինքնին պէտք է Թուրքիոյ մէջ բնակող ոեւէ մէկը խորապէս մտահոգէ»

http://www.horizonweekly.ca/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail