15 ՄԱՐՏ 2019 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ:
Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշեց պատժել երիտթուրքերու պարագլուխները
Նեմեսիս. առաջին մաս
10 Ապրիլ 1919-ի երեկոյեան Սթամպուլի Սուլթան Պայազիտ հրապարակին մէջ, պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու ներկայութեամբ, որոնց` մահապատժիարարողութեան մասնակցիլը պարտադիր էր, կախաղան կը բարձրացուէր Եոզղատիհայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու յանցագործներէն` Պողազլըեանիգաւառապետ Մեհմէտ Քեմալ պէյը: Դատավարութեան ընթացքին Քեմալը մասամբընդուներ էր մեղքը, ըսելով, թէ ինք ընդամէնը բարեխղճօրէն կատարած էկառավարութենէն ստացած հրահանգը: Կախաղան հանուելէ առաջ ալ Քեմալըփորձած է արդարանալ նոյն հիմնաւորումով:
Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական պատասխանատու օսմանցի բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մահապատժի ենթարկուած միւս երկու ոճրագործներն էին Երզնկայի ժանտարմերիայի հրամանատար Հաֆըզ Ապտուլլահ Աւնին եւ Բաբերդի կառավարիչ, յետագային Ուրֆայի գաւառապետ Պեհրամզատէ Նուսրէթը, որոնց մահապատիժներն իրագործուած են համապատասխանաբար 22 Յուլիս եւ 5 Օգոստոս 1920-ին` Սեւրի դաշնագրի ստորագրման նախօրեակին: Ռազմական ատեանները խուսափեր են մահուան դատապարտել միւս մեղադրեալները, քանի որ կախաղան բարձրացուած Մեհմէտ Քեմալի մահապատիժը վրդովեցուցեր էր թուրքերը: Մահապատիժին յաջորդ օրը կազմակերպուած Քեմալի թաղման արարողութեան մասնակցած է աւելի քան տասը հազար մարդ:
Համաշխարհային հանրութեան ճնշման տակ, Օսմանեան Կայսրութեան սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինը (1918-1922) եւ յաճախ փոփոխուող կառավարութեանց ներկայացուցիչներն աճապարեցին պատժել Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն հայոց տեղահանութեան ու կոտորածներու հեղինակները: Այս հարցին մէջ կարեւոր դեր խաղցաւ նաեւ այն, որ 1918-ի Դեկտեմբերէն սկսեալ օսմանեան կառավարութիւնները Իթթիհատի հակառակորդ եւ ժամանակին հալածուած Ազատութիւն Եւ Համաձայնութիւն կուսակցութեան անդամներէն կը կազմուէին:
Նոյնիսկ թրքական մամուլը մտահոգութեամբ կը գրէր, թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը հայոց կոտորածներու կազմակերպիչները պատասխանատուութեան կը կանչէր ատոր հարկադրուած ըլլալով եւ թէ դատավարութեանց շարժառիթ ծառայած էր ոչ թէ արդարութեան վերականգնումը, այլ ընդամէնը Եւրոպայի առջեւ արդարադատ երեւալու ցանկութիւնը. ՙԿառավարութիւնը տեղահանութեան եւ կոտորածներու խնդրին կապակցութեամբ դատարանին յանձնեց երեք-հինգ հոգի: Խնդիրն արդեօ՞ք այդքանով կը վերջանայ: Ինչպէ՞ս կարելի է տեղահանութիւնն ու կոտորածները սահմանափակել նման շրջանակի մէջ՚: Ռեֆի Ճեւատ Ուլունայը ուրիշ յօդուածի մը մէջ կը գրէ. ՙՄիակ բանը, զոր պարտաւոր ենք ընել, ամբողջ ժողովուրդ մը դէպի բնաջնջում տարած մարդասպանները պատժելն է՚:
Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի խօսքերով` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող բազմահատոր գրականութեան մէջ չափազանց քիչ տեղեկութիւններ կան զանգուածային կոտորածներն իրագործող գլխաւոր ջարդարարներուն դէմ գործադրուած պատժամիջոցներուն մասին. ՙԱյն, ինչ կատարուեցաւ 1919-1920-ին, զինադադարի ժամանակ, խայտառակութիւն էր Թուրքիոյ համար: Ջարդարարները թրքական Զինուորական Ատեանին կողմէ դատուեցան, մեղաւոր ճանչցուեցան, մահուան դատապարտուեցան եւ կրեցին իրենց պատիժը: Յետպատերազմեան օսմանեան իշխանութիւնները մեծ դժկամութեամբ եւ անթաքոյց տագնապով համաձայնեցան կազմակերպել այդ զինուորական ատեանները: Դաշնակիցները տարբեր ձեւերով հասկցնել տուած էին, որ եթէ Թուրքիան իր մեղքերը չքաւէ եւ հայոց կոտորածներու գլխաւոր պատասխանատուները չպատժէ` առաջարկուած խաղաղութեան պայմանները կրնային բաւական խիստ ըլլալ՚:
Հայոց Ցեղասպանութիւնն իրագործուած է 14 (27) Մայիս 1915-ի նախարարական որոշումով: Ան կը հետապնդէր երկու նպատակ` տեղահանութեան անուան տակ ցեղասպանութիւն գործադրել եւ այդ ոճիրի գործադրման համար իրաւական հիմք ստեղծել: Այդ օրէնքը 1915-ի Սեպտեմբերին օսմանեան խորհրդարան պէտք է բերուեր վաւերացման համար, բայց չէր բերուած: Զաւեշտականն այն է, որ այդ օրէնքը հայ երեսփոխաններուն պնդումով խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուեցաւ աւելի քան երեք տարի ետք` 4 Նոյեմբեր 1918-ին, երբ հայերը բնաջնջուած էին, իսկ Օսմանեան Կայսրութիւնը` պատերազմին մէջ պարտուած:
1918-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն օսմանեան խորհրդարանին մէջ ամենաշատ քննարկուած խնդիրը դարձաւ կայսրութիւնն Առաջին Աշխարհամարտ ներքաշելու եւ հայոց կոտորածները կազմակերպելու համար մեղադրեալները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը: 19 Հոկտեմբերին, վարչապետ Ահմէտ Իզզէթ փաշան խորհրդարանին ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը, ուր սակայն չէր ներառուած պատերազմի տարիներու յանցագործութիւնները հետաքննելու հարցը: Քննադատութիւններուն ի պատասխան Ահմէտ Իզզէթը յայտարարեց. ՙՄենք անպայման արդարադատութիւն կը խոստանանք՚:
Հայկական կոտորածներուն հարցով լարուած քննարկումներ տեղի ունեցան խորհրդարանի 4 Նոյեմբերի նիստին. լոյս 2 Նոյեմբերի գիշերը փախուստի դիմեր էին երիտթուրք եօթը ղեկավարներ` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաները, երկու բժիշկներ` Շաքիրը եւ Նազըմը, ոստիկանապետներ` Պետրին եւ Ազմին, որոնք գաղտագողի կերպով հեռացեր էին Վոսփորի եւ Սեւ Ծովու ճամբով: Ասիկա առիթ տուաւ, որ մինչ այդ ահուդողի մատնուած Իթթիհատի հակառակորդները մամուլին միջոցով ահազանգ հնչեցնեն եւ կառավարութեան ազդարարեն, որ ձերբակալէ միւս մեղսակիցները` նախքան անոնց փախուստի դիմելը:
Իթթիհատականներու դէմ քրէական դատ բանալու գործին մէջ կարեւոր էր օսմանեան խորհրդարանին դերը: Տեղի տալով ճնշումներուն` ազգութեամբ արաբ երեսփոխան Ֆուատ պէյի առաջարկի հիման վրայ խորհրդարանին մէջ ստեղծուեցաւ Հինգերորդ Յանձնախումբը, որու պարտականութիւնն էր հարցաքննութեան ենթարկել պատերազմի ժամանակ Սաիտ Հալիմի եւ Թալէաթի կառավարութեանց նախարարները եւ որոշել` պէ՞տք է անոնք որպէս յանցագործ դատապարտուին, թէ՞ ոչ: Յանձնախումբը սակայն չկրցաւ իր եզրակացութիւններն ամփոփել եւ ներկայացնել խորհրդարանին` քուէարկութեան համար, քանի որ սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինը 21 Դեկտեմբեր 1918-ին լուծարեց զայն: Բայց եւ այնպէս, այդ մարմնին հաւաքած տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը աւելի ուշ մեծ օգուտ բերին:
Օսմանեան խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին աշխուժօրէն կը մասնակցէին հայկական կոտորածներուն շուրջ քննարկումներուն. ինչպիսի՞ք էին ոճիրին բնոյթն ու տարողութիւնը, որո՞նք էին պատասխանատուները, ինչպէ՞ս կարելի է դարմանել հասցուած վնասներն ու կորուստները: Հայոց երբեմն զօրաւիգ կը կանգնէին յոյն երեսփոխանները, առաջին կարգին` Էմմանուէլ Էմմանուէլիտին: Քննարկումներուն կը մասնակցէին վեց հայ երեսփոխաններ, չէին մասնակցեր Մուշի երկու հայ երեսփոխանները` Գեղամ Տէր Կարապետեանը (որ հիւանդ էր) եւ Վահան Փափազեանը (որ Թուրքիայէն հեռացեր էր), եւ Պոլիսէն Պետրոս Հալաճեանը: Միւս երեքը` Զoհրապը, Վարդգէսը (Յովհաննէս Սերէնկիւլեան) եւ Վռամեանը (Օննիկ Դերձակեան) դաւադրաբար սպաննուած էին:
Հայոց բնաջնջման նուիրուած իր գիրքին մէջ, օսմանեան խորհրդարանի անդամ Ահմէտ Ռէֆիքը զարմանք կը յայտնէր, որ երբ հայերը Տէր Զօր կը քշուէին ու կը կոտորուէին, հայ երեսփոխանները Սթամպուլի մէջ կը շարունակէին ջերմ կապեր պահպանել Թալէաթի ու հայոց ոչնչացումը կազմակերպած Իթթիհատի ուրիշ ղեկավարներու հետ:
4 Նոյեմբերի քննարկումներուն ընթացքին հայ երեսփոխանները մերթ փաղաքշելով, մերթ սաստելով, մերթ երկիմաստ կամ թաքուն արտայայտութիւններով քննադատեցին հայոց հանդէպ իրագործուած ոճրագործութիւնները: Ներքին գործոց նախարար Ֆեթհի պէյը հարկադրուած էր անձամբ ներկայանալ խորհրդարան` բացատրութիւններ տալու: Անշուշտ, հարց կը ծագի, թէ այս նոյն հայ երեսփոխանները ինչո՞ւ Եղեռնի ողջ ընթացքին լուռ մնացեր էին եւ կրցեր էին զերծ մնալ մեծ սպանդէն: Այդ օրը Էմմանուէլիտին ներկայացուց ութը կէտերէ կազմուած դիմում մը, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ սպաննուած են հայ ըլլալէ բացի ուրիշ մեղք չունեցող մէկ միլիոն հայեր, այդ թիւին` երախաներ ու կանայք: Դիմումին մէջ նաեւ կը նշուէր հարիւր հազարաւոր յոյներու սպանութեան եւ արտաքսման փաստը:
Մուշէն երեսփոխան Գեղամ Տէր Կարապետեանը օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ հայ միակ երեսփոխանն էր, որ բացառապէս հայութեան քուէներով ընտրուած էր: Միւս հայ երեսփոխանները խորհրդարան մտեր էին Իթթիհատի կողմէ կամ անոր օգնութեամբ: Տէր Կարապետեանին ողջ մնալը պատահականութիւն էր. ան չէր աքսորուած, քանի որ հիւանդ գամուած էր անկողինին: Բայց հիւանդութիւնը չէր խանգարած, որ արթուն կերպով հետեւեր Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն սահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի դրուագներէն մէկուն` Մուշ քաղաքի եւ Մշոյ դաշտավայրի շուրջ հարիւր գիւղերու 80-90 հազար հայոց կոտորածին: 9 Դեկտեմբերի նիստին, հայ երեսփոխաններէն Տիգրան Պարսամեանը կ’ընթերցէ արդէն մահկանացուն կնքած Տէր Կարապետեանի ելոյթին շարադրանքը. ՙԻնչպէ՞ս եղաւ, որ արեւելեան նահանգներուն մէջ` Կարին, Սեբաստիա, Խարբերդ, Վան, Տիգրանակերտ եւ Ուրֆա, գաւառին մէջ բնակող բոլոր հայերը տեղահանուեցան, 1,5 միլիոնէ աւելի հայեր ցիրուցան եղան, ջարդուեցան ու մահացան: Այս ընդհանուր ջարդին հետեւանքով այդ շրջանի բոլոր հայոց շարժական ու անշարժ գոյքը, վանքերու ու եկեղեցիներու մէջ պահուող արժէքաւոր իրերը կողոպտուած են, հոն բնակող վանականները սպաննուած ու բնաջնջուած են: Այս ահաւոր բռնարարքներէն ետք մնացած կոտորակուած թիւով զաւակները բռնի կերպով կրօնափոխ ըլլալով, հոս ու հոն ցիրուցան եղած են՚:
Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման համար մեղադրեալներու առաջին ձերբակալութիւնները կատարուեցան 1918-ի Դեկտեմբերի սկիզբին` Անգարայի, Չորումի եւ Ատանայի մէջ: 1919-ի Յունուար-Փետրուարին, ձերբակալութիւնները զանգուածային դարձան:
1919-ի Յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, զոր ստեղծեց յանձնաժողով մը` անոր իրաւասութիւն տալով գտնել պատերազմի յանցագործները: Այս յանձնաժողովի աշխատանքին շնորհիւ էր, որ Սեւրի պայմանագիրին մէջ ներառուեցան հայոց կոտորածներու մեղաւորները դատական պատասխանատուութեան ենթարկելու դրոյթները` 226-րդ, 228-րդ եւ 230-րդ յօդուածները: 1919-ի Փետրուարին, Օսմանեան Կայսրութեան վարչապետ Ահմէտ Թեւֆիք փաշան դիմեց չէզոք երկիրներ Զուիցերիոյ, Տանիմարքի, Սպանիոյ, Շուէտի ու Հոլանտայի եւ անոնցմէ երկուական դատաւոր խնդրեց` հայոց զանգուածային ջարդերու պատասխանատուները դատելու նպատակով միջազգային դատարան հիմնելու համար, սակայն Մեծն Բրիտանիան խոչընդոտեց, քանի որ մտադիր էր պատասխանատուները դատել սեփական դատարաններուն միջոցով:
Հայոց կոտորածներուն համար մեղադրուող ոճրագործները դատելու համար ռազմական դատարաններ հիմնելու առաջին նախաձեռնութիւնը 1918-ի Դեկտեմբերի կէսերուն էր, երբ հրապարակուեցաւ սուլթանին հրովարտակը ասոր վերաբերեալ: Յանցագործները դատելու նպատակով ռազմական ատեաններ պիտի հիմնուէին, եւ Կայսրութիւնը դատաքննչական 10 շրջաններու բաժնուեցաւ:
8 Յունուար 1919-ին Սթամպուլի մէջ կը կազմուին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ ռազմական ատեանները: Երիտթրքական կուսակցութեան եւ կառավարութեան անդամները սկիզբը դատաքննուած են միասնաբար, սակայն դատավարութեան երկրորդ նիստին, դատախազին պահանջով, կառավարութեան անդամներու թղթածրարն առանձնացուած է:
1919-ի Ապրիլին կախաղան բարձրացուած Մեհմէտ Քեմալի մահապատիժէն ետք, երբ ներքաղաքական մթնոլորտը լարուեցաւ, իսկ Մայիսին Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցաւ դատավարութեան դէմ ուղղուած իթթիհատականներու խոշոր ցոյց մը, կառավարութիւնը 41 յանցագործներ ազատ արձակեց, իսկ իթթիհատական ամբաստանեալներու դատաքննութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուեցաւ: Բրիտանացիք Մայիսի վերջերուն բանտէն Մալթա կղզի փոխադրեցին 78 բանտարկեալ, հիմնականին մէջ` իթթիհատական յանցագործներ: Որոշ ժամանակ ետք բրիտանացիք Մալթայի մէջ պահուող` Հայոց Ցեղասպանութիւնն իրականացնողները դատելու փոխարէն փոխանակեցին անգլիացի ռազմագերիներու հետ:
Վարչապետ Տամատ Ֆէրիտ փաշան 1919-ի Մարտին յայտարարեր էր, թէ անգլիացիներու ցանկութեան համապատասխան պիտի գործէ: Անմիջապէս սկսան ձերբակալութիւնները: Բացի նախկին վարչապետ Սաիտ Հալիմէն, ձերբակալուեցան շարք մը նախարարներ ու երեսփոխաններ: Մեծն Բրիտանիան 61 անուն փոխանցեր էր Օսմանեան Կայսրութեան: Հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով ընդհանուր առմամբ ձերբակալուեր էր 300 մարդ, որոնց մէջ` նախարարներ, նահանգապետներ, գաւառապետներ, ոստիկաններ, ժանտարմաներ եւ լրագրողներ: Ձերբակալուածներու մեծ մասն արգելափակուած էր բանտին մէջ, սակայն անոնց հանդէպ վերահսկողութիւնը խիստ չէր: Յանցագործներուն կ’այցելէր յետագային Աթաթուրք մականունն ստացած Մուսթաֆա Քեմալը: Կալանաւորներուն մէկ անգամ ալ այցելած է նաեւ Քեազիմ Գարապէքիրը:
Բանտային ոչ-խիստ պայմաններու հետեւանքով` քանի մը յանցագործներ փախուստի դիմեցին: Անոնց մէջ էին հայոց ջարդարարներէն, յայտնի իթթիհատական, Տիարպէքիրի նահանգապետ Մեհմէտ Ռէշիտ պէյը: Ան Սթամպուլի մէջ իյնալով ոստիկանական շուրջկալի մէջ, ինքնասպանութիւն գործեց Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ: 1919-ի Օգոստոսին բանտէն կը փախին նաեւ Էնվեր փաշայի հօրեղբայր Խալիլն ու յայտնի իթթիհատական Քիւչիւք Թալէաթը:
Հանրային կրթութեան, ապա ներքին գործոց նախարարի պաշտօնները զբաղցուցած Ալի Քեմալը ՙՍապահ՚ օրաթերթին մէջ գրած է. ՙՉորս կամ հինգ տարի առաջ կատարուեցաւ պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող ոճիր մը, յանցագործութիւն մը, զոր սարսափ յարուցեց համայն աշխարհին մէջ: Եթէ ուզենք պատկերացում տալ այդ ոճրագործութեան տարողութեան եւ պայմաններուն մասին, ապա պէտք է խօսինք ոչ թէ հինգէն տասը, այլ` հարիւր հազարաւոր յանցագործներու մասին: Արդէն բացայայտուած է, որ իրականին մէջ այդ ողբերգութիւնը ծրագրուած եղած է Իթթիհատի Կեդրոնական Կոմիտէի տուած որոշումներու հիման վրայ՚:
Ներքին գործոց նախարար Ճեմալը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ընդունած է, որ իթթիհատականները 800 հազարի չափ հայեր տեղահանած ու կոտորած են: Այսպիսով, Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Ճեմալն էր այն առաջին բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ առաջին անգամ կը հրապարակէր հայոց կորուստներուն պաշտօնական տուեալները:
Սուլթան Մեհմէտ Զ. Վահիտէտտինի 8 Մարտ 1919-ի յատուկ հրովարտակով, ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան ղեկավարներն ու նախարարները կը յանձնուէին Սթամպուլի ռազմական արտակարգ ատեանին: Կուսակցութեան անդամներուն դատավարութիւնը կը սկսի 28 Ապրիլին եւ կը շարունակուի մինչեւ 17 Մայիս: Դատավարութեան ժամանակ հեռակայ կարգով կը մեղադրուէին 11, իսկ ի ներկայութեան` 20 կուսակցական գործիչներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Հեռակայ կարգով դատի տրուած մեղադրեալներն էին ներքին գործոց նախարար եւ վարչապետ (1917-1918) Թալէաթ փաշան, ռազմական նախարար Էնվերը, ռազմա-ծովային նախարար Ճեմալը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Յատուկ Կազմակերպութեան նախագահ Պահաէտտին Շաքիրը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Յատուկ Կազմակերպութեան անդամ, հանրային կրթութեան նախարար Նազըմը, ֆինանսներու նախարար Ճաւիտը, հողագործութեան եւ առեւտուրի նախարար (1915-1917) Սուլէյման Էլպիստանին, հողագործութեան եւ առեւտուրի նախարար (1917-1918) Մուսթաֆա Շերիֆը, նամակատան եւ հեռագրատան նախարար (1914-1917) Օսկանը, կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ռուզուհին, հասարակական անվտանգութեան նախարար, Յատուկ Կազմակերպութեան անդամ Ազիզը:
5 Յուլիս 1919-ին կայացած դատավճռով Թալէաթը, Էնվերը, Ճեմալը եւ դոկտոր Նազըմը կը դատապարտուին մահուան, Ճաւիտը, Մուսթաֆա Շերիֆը եւ շէյխ-ուլ-իսլամ Մուսա Քեազիմը` 15 տարուան աքսորի, իսկ Ռիֆաթը եւ Հաշիմը կ’արդարացուին: Հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածներու (tehcir ve taktil) մեղադրանքով 1919-1921-ին յարուցուած 63 դատական գործերով կայացուած է երկու տասնեակ մահապատժի դատավճիռ, որոնցմէ միայն երեքն է ի գործ դրուած, քանի որ միւս յանցագործները փախուստի մէջ գտնուած են:
Մինչ դատավարութիւնները կ’ընթանային, քեմալական շարժման տարածումը կը փոխէր ընդհանուր տրամադրութիւնը: Հիմնականին մէջ քեմալականներով ներկայացուած օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ երեսփոխանները 20 Փետրուար 1920-ին հանդէս եկան Տամատ Ֆէրիտ փաշայի դէմ դատական գործ յարուցելու առաջարկով, քանի որ վարչապետը հայոց կոտորածներու պատասխանատուները բացայայտելու հարցին մէջ հետեւողական էր: Քեմալականներու ճնշման տակ, Տամատ Ֆէրիտը նոյն տարուայ 17 Հոկտեմբերին հրաժարական տուաւ եւ զայն փոխարինեց քեմալականներու նկատմամբ բարեացակամօրէն տրամադրուած Թեւֆիք փաշան: 8 Նոյեմբերին ձերբակալուեցան Բաբերդի դատավճիռն արձակած դատաւորները: Հայոց կոտորածներուն համար մեղադրուած, դատապարտուած եւ մահապատժի ենթարկուած երեք ոճրագործներէն երկուքը` Մեհմէտ Քեմալը եւ Պեհրամզատէ Նուսրէթը, հերոսացուեցան: Նուսրէթի մահապատիժին օրը` 5 Օգոստոս 1920-ին, Անգարայի Մեճլիսը, ի նշան յարգանքի, տասը վայրկեանով դադրեցուց իր աշխատանքը: Անգարայի Մեճլիսը նոյն տարուայ 9 Դեկտեմբերին կայացուցած որոշմամբ` թոշակ նշանակեց Մեհմէտ Քեմալի ընտանիքին, իսկ 25 Դեկտեմբերին` Նուսրէթի ընտանիքին:
Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներուն մէկ մասը դատապարտուեցաւ թրքական ռազմական ատեաններու վճիռներով, մէկ մասն ալ սպաննուեցաւ հայ վրիժառուներու ձեռքով: Բայց կայ ոճրագործներու երրորդ խումբ մը, որոնց կատարած յանցագործութիւնները, ըստ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի, ընդհանուր դատապարտումներէն դուրս մնացած են: Ասոնց մէջ են յելուզակներու ղեկավարները կամ չեթէպաշիները, որոնք ՙծուղակն ինկած հազարաւոր հայ բռնագաղթողներ կոտորած են նոյնիսկ թրքական պետութեանն անյայտ ու մինչ այդ չգերազանցուած բարբարոսութեամբ՚: Այս յելուզակ ղեկավարներէն քանի մը հոգի սպաննուեցաւ իթթիհատականներու կամ քեմալականներու ձեռքով, ուրիշներ այս աշխարհին հրաժեշտ տուին սրտի տագնապի կամ ուղեղի կաթուածի հետեւանքով, եղան նաեւ դժբախտ պատահարներու հետեւանքով մահացողներ եւ ինքնասպանութիւն գործողներ:
Ասոնց մէկ մասը մեղադրուեցաւ Աթաթուրքն սպաննելու եւ իթթիհատական վարչակարգը վերահաստատելու դաւադրութեան համար: Այս նախկին իթթիհատականներուն դատաքննութիւնները բաժնուած են երկու դատավարութեան, մէկը` Իզմիրի, միւսը` Անգարայի մէջ: Ասոնց առաջին շարքն սկսած է Իզմիրի մէջ` 26 Մայիս 1926-ին եւ վերջացած դատավճռի արձակման օրը` 13 Յուլիս 1926-ին, երբ 7 դաւադիրներ մահուան դատապարտուեցան եւ կախաղան բարձրացուեցան նոյն օրը` կէսգիշերին: Անոնցմէ երեքն ընդգրկուած եղած են, իսկ այդ երեքէն երկուքը գլխաւոր դեր կատարած են Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման մէջ:
Հալիս Թուրգութը եղած է ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան եռանդուն գործիչ եւ խորհրդարանական, պատերազմի ժամանակ` Յատուկ Կազմակերպութեան` Սեբաստիոյ նահանգին մէջ գործող անձնակազմի հրամանատար: Աւելի ուշ աշխատած է կովկասեան ճակատին վրայ` ներառեալ Նախիջեւանի շրջանին մէջ` 1917-1918 թուականներուն: Հայկական տեղահանութիւններն ու կոտորածները հետաքննող թրքական զինուորական ատեանի հետապնդումներէն խուսափելով, համախոհներու փոքր խումբի մը հետ պահուըտած է Սեբաստիոյ լեռներուն վրայ:
Ծայրայեղ իթթիհատական եւ հայոց ոխերիմ թշնամի Ահմէտ Շիւքրիւն պատերազմի ժամանակ կրթութեան նախարար եղած է: Զայն կախած են երկու անգամ, քանի որ պարանն առաջին անգամ կտրուած է եւ ան կիսամեռ գետին փռուած է, ապա կախաղանին վրայ հոգին աւանդած է` ահասարսուռ ձայներ արձակելով: Տասնեակ հազարաւոր անմեղ հայ գիւղացիներ մահուան դուռը հասցուցած այս ոճրագործը կախաղան բարձրացած ատեն վախէն սարսափահար գոռացեր է:
Իսմայիլ Ճանփոլատը եղած է Թալէաթի աջ ձեռքը, կայսրութեան Հասարակական Անվտանգութեան (Էմնիյէթի Ումումիյէ) գրասենեակի պետ, օսմանեան մայրաքաղաքի կառավարիչ եւ պատերազմի վերջերուն` նաեւ ներքին գործոց նախարար:
Դատավարութեան երկրորդ շարքն սկսած է Անգարայի մէջ` 2 Օգոստոս 1926-ին, վերջացած` 26 Օգոստոսին: Չորս շատ յայտնի իթթիհատականներ, որոնք նոյնպէս կը մեղադրուէին Քեմալն սպաննելու համար, կախաղան բարձրացուեցան նոյն օրը երեկոյեան: Անոնցմէ մէկը ֆինանսներու նախարար Ճաւիտն էր, որուն դերը Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ, ըստ Տատրեանի, չնչին էր. ՙՄիւս երեքը ամենամոլեգին դերակատարներն էին` գուցէ Թալէաթէն ետք՚:
Դոկտոր Նազըմը հայոց զանգուածային բնաջնջման գաղափարը մտայղացողներէն էր: Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թալէաթի վրայ: Կախաղանին մօտեցած ատեն ան ցնցուեր ու դողացեր է, բողոքեր է կատարուածին դէմ ու ըսած, թէ ինքն անմեղ է:
Ենիպահչելի Նայիլը Տրապիզոնի նահանգին մէջ եղած է Իթթիհատի պատասխանատու քարտուղարը: Ճեմալ Ազմիի հետ, ան նահանգին հայ բնակչութիւնը բնաջնջման ենթարկած է անենադաժան ձեւերով, ոեւէ մէկու չէ խնայած: Կախաղան բարձրանալու ատեն որդիէն խնդրած է հոգ տանիլ մօր եւ միւս զաւակներուն մասին:
Ֆիլիփելի Հիլմին եղած է Իթթիհատի պատուիրակը Կարինի մէջ, դոկտոր Շաքիրի աջ ձեռքը եւ Յատուկ Կազմակերպութեան տարածաշրջանային ոյժերուն ընդհանուր հրամանատարը: Անոր վերահսկողութեամբ են իրականացուած Կարինի նահանգի հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը: Հիլմին երկու անգամ կախաղան բարձրացուած է, քանի որ առաջին անգամ պարանը կտրուած է:
Ըստ Վահագն Տատրեանի ուսումնասիրութեանց` հայկական ջարդերու քանի մը տեղական կազմակերպիչներ մահուան դատապարտած են նոյն իթթիհատականները: Կոտորածներուն իրենց վճռորոշ մասնակցութեամբ` անոնք յաճախ հպարտացեր են պոռոտախօսութիւններով:
Չերքէզ Ահմէտը եղած է Վանի կառավարիչ Ճեւտէթի գլխաւոր օգնականը նահանգի հայ բնակչութիւնը բնաջնջելուն մէջ: Յետագային աշխատած է Տիարպէքիրի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտի ձեռքին տակ եւ իրագործած օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Վարդգէսի եւ Զօհրապի սպանութիւնը: Զայն մեղադրած են սպանութեան եւ կողոպուտի համար: Զինուորական ատեանը զայն մեղաւոր ճանչցած է եւ մահուան դատապարտած. ան կախաղան բարձրացուած է իր մեղսակից ընկերոջ` Խալիլի հետ` 1915-ի Սեպտեմբերին, Դամասկոսի մէջ, Ճեմալ փաշային կողմէ: Անոր մահավճիռն ի կատար ածելու առիթով Ճեմալի աշխատակազմի ղեկավար Ալի Ֆուատ Էրտէնն ըսած է. ՙԱղտոտ գործեր կատարողներու կարիքը կը զգացուի ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ` պատասխանատուութիւնը հիմնականին մէջ անոնց վրայ նետելու նպատակով: Բայց անհրաժեշտ է գործը վերջացնելուն պէս ազատիլ անոնցմէ՚: Իր կարգին, Թալէաթն անոր մահապատիժի հրամանն ստորագրելու ատեն ըսած է. ՙԻնչ ալ ըլլայ` անոր ոչնչացումն անհրաժեշտ է: Այլապէս` յետագային ան շատ վտանգաւոր կրնայ դառնալ՚:
Եաքուպ Ճեմիլը, Չերքեզ Ահմէտի նման, գլխաւոր դեր մը խաղցած է Կայսրութեան արեւելեան հատուածին մէջ մեծ թիւով հայոց բնաջնջման մէջ: Էնվերի եւ Թալէաթի հետ գժտուելով, ան սկսեր էր անոնց սպառնալ: Մահապատժի ենթարկուած է 1916-ի Սեպտեմբերին:
Քիւրտ յելուզակներու առաջնորդ Ամերօն Տիարպէքիրի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտի հրամանով տեղի հայ համայնքի 636 ականաւոր դէմքերու խեղումն ու սպանութիւնն իրագործելէ յետոյ, չերքէզ յելուզակներու կողմէ սպաննուած է նոյն կառավարիչին եւ Տիարպէքիրէն երեսփոխան Ֆէյզիի (երկուքն ալ` զանգուածային սպանութեանց գլխաւոր կազմակերպիչներ) հրամաններով: Քիւրտ Մուրզա պէյը հպարտացեր է Կարինի նահանգին մէջ 70 հազար հայեր սպաննելուն համար: Իր պոռոտախօսութեան պատճառով ալ վտանգաւոր նկատուելով, սպաննուած է իր ղեկավարին հրամանով:
ՙՃեմալ փաշան կարգ մը քիւրտեր կախաղան բարձրացուցած է Իսլահիէի մէջ` հայոց դէմ կազմակերպուած գազանութեանց մասնակցելու համար: Վեհիպ փաշան կախաղան բարձրացուցած է Յատուկ Կազմակերպութեան երկու սպաներ` Սվազի մէջ աշխատանքային գումարտակներուն մէջ ընդգրկուած 2000 հայոց կոտորածը կազմակերպելու համար՚,- կը գրէ Տատրեանը:
Քեմալականներն սպաննած են Յատուկ Կազմակերպութեան երեք յայտնի ղեկավարներ, որոնց` հայոց նկատմամբ ունեցած գազանային եւ արիւնարբու վերաբերմունքին մասին առասպելներ հիւսուած են: Եահիա Քափթանը եղած է Տրապիզոնի մէջ զանգուածային խեղդման գործողութեանց պատասխանատուն. հազարաւոր երախաներ, կանայք եւ ծերունիներ փոխադրուած են բաց ծով եւ ջուրը թափուած` սուինահարուելէ յետոյ: Քափթանը յետագային միացած է քեմալականներուն` չխզելով կապերն Էնվերի հետ: Անոր հաւատարմութիւնը ստուգելու պատրուակով կատարուած հարցաքննութեանց ատեն Քափթանը սպառնացած է չափազանցուած ճնշումներու պարագային բացայայտել իրեն յայտնի պետական գաղտնիքները: Անծանօթ մարդասպանները զայն դարանակալած են եւ սպաննած Տրապիզոնի մէջ` 1922-ի Յուլիսին:
Թոփալ Օսմանը գործած է արեւելեան սահմանային շրջաններուն մէջ որպէս Յատուկ Կազմակերպութեան յելուզակ` չեթէ: Ան յաճախ գլուխը գոված է հայերն սպաննելու իր առաքելութեան համար: Պատերազմէն ետք միացած է քեմալականներուն եւ կազմակերպած Տրապիզոնի յոյն եւ հայ բնակչութեան լայնածաւալ կոտորածները: Մուսթաֆա Քեմալը բարձրացուցած է անոր պաշտօնը եւ զայն իր անձնական պահակախումբին ղեկավար նշանակած: Յետագային, սակայն, Անգարայի խորհրդարանի քեմալական երեսփոխաններուն զայրոյթը յառաջացուցած է, երբ վրէժխնդրութենէ դրդուած, խեղդամահ ըրած է իր տունը հրաւիրած երեսփոխան մը: Սպաննուած է զինք ձերբակալելու եկած զինուորական տարբեր խմբաւորումներու փոխհրաձգութեան ժամանակ: Անոր դիակը 1923-ի Մարտին կախած են խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
Յատուկ Կազմակերպութեան սպայ (Տէլի) Խալիտը մասնակցած է արեւելեան նահանգներու հայ բնակչութեան սպանութեանց: Եղած է մոլեռանդ իթթիհատական, ապա դարձած է մոլեռանդ քեմալական, երբ յետպատերազմեան թրքական զինուորական դատարանը սկսած է որպէս կոտորածներու մասնակցի հետապնդել զինք: Կռուարար եւ յանդուգն մէկը եղած է: Քեմալական ուրիշ ղեկավարներու եւ երեսփոխաններու հետ ունեցած յաճախակի վէճերէն մէկուն ատեն սպաննուած է թրքական խորհրդարանի նախասրահին մէջ` 1925-ի Փետրուարին:
Շարք մը իթթիհատական ղեկավարներ ինքնասպանութիւն գործած են: Տիարպէքիրի նահանգի կառավարիչ դոկտոր Ռէշիտը եղած է ամենադաժան կառավարիչներէն, որ մեծ ոգեւորութեամբ իրագործած է Տիարպէքիրի եւ ուրիշ շրջաններէ եկած հայերը բնաջնջելու իթթիհատականներու դժոխային ծրագիրը: Ձերբակալուելէ, բանտէն փախելէ եւ վերակալանաւորուելէ յետոյ 1919-ի Յունուարին ինքնասպանութիւն գործած է:
Իթթիհատի անխոնջ մարտիկներէն զօրավար Մահմուտ Քեամիլը 1915-1916 թուականներուն եղած է 3-րդ բանակին հրամանատարը: Անոր հրամանատարութեան տարածքը կ’ընդգրկէր 6 հայկական նահանգներն ու Տրապիզոնի նահանգը, որուն հայ բնակչութեան բնաջնջումը անոր վստահուած էր: Յատուկ հրահանգներ տուած է մանուկները, ծերերն ու յղի կանայք չխնայելու վերաբերեալ: Նաեւ սպառնացած է կախել այն իսլամները, որոնք կը համարձակին հայոց ապաստան տալ: Ինքնասպանութիւն գործած է 1922-ի Նոյեմբերին:
Իթթիհատի ղեկավարներէն Քարա Քեմալը Թալէաթի մտերիմը եղած է: Կուսակցութեան բոլոր գաղտնի ծրագիրներն ու որոշումները անոր տրամադրութեան տակ գտնուած են: 1926-ին դատարանը զայն մեղաւոր ճանչցած է Մուսթաֆա Քեմալն սպաննելու դաւադրութեան համար: Ան յաջողած է փախչիլ, այդոււհանդերձ, կալանաւորուած է հաւաբունի մը մէջ եւ 1926-ի Յուլիսին ինքնասպանութիւն գործած:
Հայ ժողովուրդի դահիճներէն քանի մը կերպարներ դժբախտ պատահարներով մահացած են: ՙԻսլամի Բանակ՚ի հրամանատար, ռազմական նախարար Էնվերի եղբայր, 1918-ի Սեպտեմբերին Պաքուի հայոց կոտորածներու հիմնական կազմակերպիչ Նուրի փաշան պատերազմէն ետք գործարար եւ արդիւնաբերող կը դառնայ, Սթամպուլի մէջ զէնքի եւ զինամթերքի գործարան մը կը հիմնէ: 1949-ի Մարտին գործարանն ուժեղ պայթիւնի մը հետեւանքով փուլ կու գայ եւ Նուրին փլատակներուն տակ կը մնայ:
Երզնկայի շրջանի, յետագային` Պիթլիսի, Պաղտատի եւ Մոսուլի նահանգներու կառավարիչ Մեհմէտ Մեմտուհը եղած է Երզնկայի շրջանի կոտորածներուն գլխաւոր կազմակերպիչը: Մեծ հարստութիւն դիզած է հայ զոհերու հաշուին: Պատերազմէն ետք փորձած է Զմիւռնիոյ մէջ (Իզմիր) գործարարութեամբ զբաղիլ, սակայն ինքնաշարժի արկածով մահացած է:
Մոլեռանդ իթթիհատական եւ հայոց ոխերիմ թշնամի, Մալաթիայէն խորհրդարանի երեսփոխան Հաշիմ պէյը հովանաւորած է որդիին` Մուհամմէտի գործողութիւնները: Վերջինս կոտորել տուած է Մալաթիոյ հայ բնակչութեան զգալի մասը: Գողցուած ձիու մը պատճառով ծերունի քիւրտի մը հետ կռուի բռնուելով` Մուհամմէտը կը սպաննուի այդ քիւրտի որդիին ձեռքով: Լուրն ստանալով` Հաշիմ պէյը կաթուած կը ստանայ եւ երկար տառապելէ յետոյ կը մահանայ 1917-ին:
Մալաթիոյ միւֆթին ղեկավարած է Մալաթիոյ հայ կաթողիկէ Առաջնորդին խեղդամահութիւնը, երբ վերջինս մերժած է իսլամն ընդունիլ: Խեղդամահ ընելէ առաջ, կաթողիկէ Առաջնորդին մարմնական անասելի տառապանքներ պատճառած են: Տուն վերադառնալէն անմիջապէս ետք միւֆթին սրտի կաթուած կը ստանայ եւ տեղւոյն վրայ կը մեռնի:
Թեհլիրեան. ՙՄարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ՚
15 Մարտ 1921-ը հայ ժողովուրդի մեծագոյն դահիճներէն Թալէաթ փաշայի կեանքի վերջին օրն էր: Գրող Շահան Նաթալին35 Սողոմոն Թեհլիրեանին բացատրած է, թէ 25-ամեայ հայ վրիժառուն ի՞նչ պէտք է ընէ Պերլինի մէջ Թալէաթն սպաննելէ յետոյ. ՙԹիւ մէկ ազգասպանին գանգը կը պայթեցնես եւ չփորձես փախչիլ. կը կանգնիս տեղւոյն վրայ` ոտքդ սատակին վրայ ու կը յանձնուիս ոստիկաններուն, որոնք կու գան ու քեզ կը ձերբակալեն՚:
Թեհլիրեանն այսպէս կը նկարագրէ Թալէաթի կեանքին վերջին ժամը. ՙԱռտուն սովորականէն շուտ արթնցայ. արեւուն շողերը դիմացի շէնքի պատուհանին հասած էին արդէն: Թէյս հազիւ վերջացուցած էի եւ կ’ուզէի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին, երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամբին տեսայ Թալէաթը: Քարացայ. ա՞ն էր արդեօք: Այո°: Ան մէկ-երկու քայլ առջեւ անցաւ, ուշադիր կերպով զննեց մայթը` նախ վեր, ապա վար, ու կարծես խոհերու ծանրութեան տակ` գլուխը կախ: Ըստ երեւոյթին, թեթեւ չէր կեանքը` գործած անպատում ոճիրէն ետք: Թէեւ անցեր էր հինգ-վեց տարի, բայց վախն անբաժան էր մնացեր անկէ: Իր լայն ուսերուն կը կրէր երկու հրապարակային մահավճիռներ` Պոլսոյ Պատերազմական Ատեանի եւ Հ. Յ. Դ.-ի: Առաջինը անոր համար հաւանաբար ունէր բարոյական նշանակութիւն. փոխանակ վեր հանելու իր ՙազգանուէր՚ մեծ գործը, հարազատ երկրին մէջ զայն մահուան կը դատապարտէին` որպէս սովորական ոճրագործի: Բայց ժամանակը կրնար այդ ՙթիւրիմացութիւն՚ը պարզել. ապագայ սերունդները կը հասկնային կատարած գործին արժէքը, եթէ չըլլար Հ. Յ. Դ.ի դատավճիռը: Նայեցայ ժամացոյցին. 10-ն էր, Ուհլանտ գնալու իր սովորական ժամը: Զէնքը վերցուցի` պատրաստ դուրս գալու: Յանկարծ ան յայտնուեցաւ դրան մօտ եւ փիղի պէս ծանրօրէն սկսաւ վար իջնել: Սառը դատողութիւնը ինծի կ’ըսէր, որ այս անգամ անկարող պիտի ըլլայ ազատիլ ձեռքէս, բայց եւ յուզումը բազմալեզու աղաղակներով կը փոթորկէր զիս՚:
Երիտթուրք ոճրագործները կամ անոնց մեծագոյն մասը կը խուսափէր հայ ժողովուրդի ոչնչացումը կազմակերպելու եւ իրագործելու պատիժէն, եթէ չըլլային հայ երիտասարդ վրիժառուներն ու Հ. Յ. Դ.-ի ՙՆեմեսիս՚ գործողութիւնը: Յունական դիցաբանութեան մէջ Նեմեսիսը վրիժառութեան աստուածուհին էր: 1919-ի աշնան Երեւանի մէջ կայացած Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշեց պատժել երիտթուրքերու պարագլուխներն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միւս իրականացնողները: Առանձնացուեցաւ 650 անուն, որոնցմէ 41-ը գլխաւոր ոճրագործներն էին: ՙՆեմեսիս՚ի իրագործման համար ստեղծուեցաւ պատասխանատու մարմին մը (որուն ղեկավար ընտրուեցաւ Ա. Մ. Ն.ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարօն), ինչպէս նաեւ յատուկ ֆոնտ` Շահան Մարչակլեանի ղեկավարութեամբ: Գործողութեան անմիջական ղեկավար նշանակուեցաւ Շահան Նաթալին, օգնական` Գրիգոր Մերճանովը: Տեղեկութեանց հաւաքումը կ’իրականացնէր թուրքերուն շարքերը թափանցած Հրաչ Փափազեանը, որ գերազանցօրէն տիրապետելով թրքերէնին, դարձեր էր Ճեմալ Ազմիի որդիին ՙընկերը՚` Մեհմէտ Ալի անունով:
Հ. Յ. Դ.ի պատմագիրներէն, Բիւրոյի անդամ Հրաչ Տասնապետեանը նկատել կու տայ, որ ՙհասկնալի պատճառներով՚, Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն գրքոյկը Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելու մասին որեւէ յիշատակում չէ ձգած, սակայն Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը յստակօրէն կը հաստատեն այս քաղաքական դատավճիռներուն կազմակերպուած ըլլալու իրողութիւնը:
Թալէաթ փաշայի սպանութեան կազմակերպման մէջ առաջնային եղած է Հ. Յ. Դ.ի Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Արմէն Գարոյի ու Շահան Նաթալիի դերակատարութիւնը:
Թեհլիրեանն իր յուշերուն մէջ կը գրէ. ՙԴիմացի մայթով հաւասարեցայ Թալէաթին, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ, անցայ նոյն մայթը, ուրկէ ան կ’երթար: Ետ դարձայ: Իրարու կը մօտենայինք: Ան կու գար ճեմելու ձեւով` ձեռնափայտը անփոյթ կերպով ճօճելով: Կարճ տարածութիւն մը մնացած` զարմանալի անդորրութիւն մը համակեց էութիւնս: Հաւասարելուն վրայ` Թալէաթն ինծի նայեցաւ շեշտակիօրէն. աչքերուն մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեցաւ. քիչ մը թեքեցաւ, որպէսզի խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխուն պարպելս մէկ եղաւ: Թալէաթը հարուածէն կարծես ցցուեցաւ ու ակնթարթ մը հզօր մարմինը պրկուեցաւ ձիգ, բայց երերուն կերպով, ապա, սղոցուած կաղնիի բունի պէս թնդիւնով երեսի վրայ տապալեցաւ՚:
Թեհլիրեանը ծնած է Կամախի Բագառիճ գիւղին մէջ: Արեւմտեան Հայաստանի պարպումէն եւ Եղեռնէն ետք – որուն զոհ են գացած են անոր մայրն ու հարազատները – Թեհլիրեանը կը զինուորագրուի ՙՆեմեսիս՚ գործողութեան: Թալէաթն սպաննելէ յետոյ ան կը ձերբակալուի, սակայն 3 Յունիս 1921-ին ազատ կ’արձակուի դատարանի դահլիճին մէջ, ուր զայն կը պաշտպանէր Եոհաննէս Լեփսիուսը:
Դատարանի նախագահ – Դուք ձեզ ինչո՞ւ յանցաւոր չէք սեպեր:
Թեհլիրեան – Ես զիս յանցաւոր չեմ սեպեր, որովհետեւ խիղճս հանգիստ է:
Նախագահ – Խիղճդ ինչո՞ւ հանգիստ է:
Թեհլիրեան – Մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ:
Նախագահ – Թալէաթ փաշա՞ն կ’ուզէիք սպանել:
Թեհլիրեան – Այս հարցը չեմ հասկնար: Ես զայն արդէն սպաննած եմ:
Նախագահ – Կ’ուզեմ ըսել, թէ զայն սպաննելու ծրագիր ունէի՞ք:
Թեհլիրեան – Ես որեւէ ծրագիր չունէի:
Նախագահ – Ե՞րբ արթնցաւ այդ գաղափարը:
Թեհլիրեան – Դէպքէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ շատ գէշ կը զգայի, ջարդերու պատկերները աչքերուս առջեւ էին: Մօրս դիակը տեսայ: Այդ դիակը ոտքի ելաւ, կանգնեցաւ առջեւս եւ ըսաւ ինծի. դուն տեսար, որ Թալէաթը հոս է ու անտարբե՞ր կը մնաս:
Նախագահ – Իսկ դուք ի՞նչ ըրիք:
Թեհլիրեան – Յանկարծ արթնցայ եւ որոշեցի այդ մարդն սպաննել՚:
Դաշնակցութեան կողմէ մահապատժի դատապարտուած միւս իթթիհատականներն ու մուսավաթականները սպաննուեցան 1921-1922 թուականներու ընթացքին: Հ. Յ. Դ.ի 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումով մահուան դատապարտուած եւ սպաննուած բոլոր թուրքերը, բացառութեամբ Էնվեր փաշային, դաշնակցականներու ձեռքով ինկան:
1918-ի Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու կազմակերպիչներէն, Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախկին նախարար Պէհպութ խան Ճիւանշիրն սպաննուեցաւ 18 Յուլիս 1921-ին, Պոլսոյ մէջ, Միսաք Թոռլաքեանի կրակոցներով:
1919-ի Հոկտեմբերին Թիֆլիսի Երեւանեան, այսօր` Ազատութեան հրապարակին մէջ, Արամ Երկանեանը գնդակահարած էր Ատրպէյճանի ռազմական նախարար Ղասիմբէկովը, ապա գնդապետ Սարաֆովը: 19 Յունիս 1920-ին Կոլովինսքիի, այսօր` Ռուսթաւելիի պողոտային մէջ, Երկանեանն սպաննեց Ատրպէյճանի առաջին վարչապետ, ապա արտաքին գործոց նախարար Ֆաթհալի Խան-Խոյսքին եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Խալիլ բէկ Խասմամէտովը:
Արշաւիր Շիրակեանը47 5 Դեկտեմբեր 1921-ին Հռոմի մէջ կ’ահաբեկէ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Սաիտ Հալիմ փաշան, իսկ 17 Ապրիլ 1922-ին Պերլինի մէջ, Արամ Երկանեանի հետ կը տապալէ Պահաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին: Շիրակեանն իր ՙԿտակն Էր Նահատակներուն՚ ինքնակենսագրական գիրքին մէջ այսպէս կը ներկայացնէ Սաիտ Հալիմ փաշային սպանութիւնը. ՙՅանկարծ լսուեցաւ կառքի դղրդիւնը: Մարմնովս մէկ անգամէն անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը կ’ալեկոծուէին քամիէն: Սաիտ Հալիմ փաշան իր թիկնապահին հետ կառքին մէջն էր: Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով ահաբեկեմ: Արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ: Մինչ թիկնապահը կը նայէր կառապանին, Սաիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: Աչքերը սարսափով լեցուած էին, երբ ատրճանակիս փողն ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի հարկ չեղաւ: Խռպոտ ձայն մը, եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ` գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ՚:
Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման գլխաւոր պատասխանատուներէն, Տրապիզոնի նահանգապետ Ճեմալ Ազմիի եւ միւս յանցակիցներուն նկատմամբ 1919-ի գարնան կայացած դատավարութեան մասին օսմանեան ՙԱլէմտար՚ թերթը 6 Ապրիլի թիւին մէջ ներկայացուցած է Տրապիզոնի ՙտեղահանութեան եւ կոտորածներու՚ համար մեղադրեալներուն նկատմամբ դատարանին մէջ ընթերցուած ամբաստանագիրը. ՙՏրապիզոնի վիլայէթին մէջ ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան կեդրոնական կառավարութեան կողմէ հայոց տեղահանութեան վերաբերեալ տրուած որոշումներու գործադրման ընթացքին նախ հայ տղամարդոց, ապա կանանց ու երախաներուն նշանակուած վայրեր տեղափոխելու ատեն անոնց մէկ մասն անգթաբար սպաննուած է Տեյիրմէն Տերէի կողմերը, իսկ կանայք ու երախաներն ալ բեռնաւորուած են նաւակները եւ ջրախեղդ եղած: Հայոց մէկ մասն ալ, իբրեւ թէ բուժման նպատակով, տարբեր միջոցներով թունաւորած են Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցին մէջ, որմէ ետք կողոպտուած է անոնց գոյքը, դրամն ու թանկարժեք իրերը: Ողջ մարդկութեան կողմէ անէծքով ու նողկանքով յիշուելու արժանի նման անամօթ արարքներու ու յանցագործութեանց յանդգնած եւ այժմ փախուստի մէջ գտնուող Տրապիզոնի նահանգապետ Ճեմալ Ազմիի եւ կուսակցութեան պատասխանատու քարտուղար Ենիպահչելի Նայիլի, ինչպէս նաեւ դատարանին մէջ ներկայ միւս յանցակիցներու մասնակցութիւնն այդ վիթխարի կոտորածին` պատիժ սահմանելու հիմք կու տան: Ճեմալ Ազմին եւ Ենիպահչելի Նայիլը (Տրապիզոնի) գլխաւոր յանցագործներն են, գործող անձինք: Բնականաբար, միայն Ճեմալ Ազմին ու Նայիլը չէին կրնար այդ ահռելի սպանդն իրականացնել՚:
Շիրակեանն իր ինքնակենսագրական հատորին մէջ կը գրէ, որ Շաքիրի ու Ազմիի սպանութիւնը կատարուած է Թալէաթի այրիին, Ազմիի կնոջ եւ ընտանիքի ուրիշ անդամներու, Շաքիրի կնոջ ներկայութեամբ. ՙԱտրճանակը ձեռքիս` նետուեցայ: Խումբի յետնապահ Թալէաթի այրին տեսաւ զիս: Ամբողջ կատաղութեամբ խոյացայ եւ ձախ ձեռքով ուժգին կերպով հարուածեցի: Ան գետին ինկաւ` ճիչ արձակելով: Այս ճիչին վրայ` Ազմին դէպի ինծի դարձաւ: Այնքան մօտ էր, որ ատրճանակիս փողն ուղղելով` կրակեցի: Ճիւաղը տապալեցաւ: Փողը դարձուցի Շաքիրին եւ կրակեցի ճակատին, բայց վրիպեցայ. գնդակը ձախ այտը մտաւ: Դեռ ոտքի էր, բայց արդէն Արամը (Երկանեան) հասաւ եւ իր ատրճանակով գնդակն արձակեց ճիշդ ճակատին ու զայն գետին փռեց: Շաքիրը տապալեցաւ իր ընկերոջ` Ազմիի դիակին վրայ` արտառոց խաչ մը ձեւացնելով՚:
Թրքական մամուլը Ազմին եւ Շաքիրն անուանեց երկրորդ եւ երրորդ շեհիտներ: Ըստ Պոլսոյ ՙՃակատամարտ՚ հայկական թերթին` ՙՄասնաւոր շուքով տեղի ունեցաւ Շաքիրի եւ Ազմիի թաղումը: Մեռելակառքին կը հետեւէին 16 ինքնաշարժներ եւ 20 կառքեր: Պերլինի թրքական դեսպանատան իմամը գերեզմանին մօտ կատարեց արարողութիւնը: Թաղումին ներկայ էին դեսպանատան գլխաւոր քարտուղար Ահմէտ պէյը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ թուրքեր: Երկու դիակները ժամանակաւորապէս թաղուեցան Թալէաթի դրացնութեամբ՚:
Էնվեր փաշան սպաննուեցաւ Տաճիկիստանի լեռներուն մէջ` 4 Օգոստոս 1922-ին, Կարմիր Բանակի գնդապետ Յակոբ Մելքումովի ջոկատին իրականացուցած գործողութեան ատեն: Պոլշեւիկներու բարեկամ Էնվերն անցեր էր պասմաչներուն կողմը եւ Կարմիրներուն դէմ կը կռուէր:
Թուրքիոյ նախագահ Սուլէյման Տեմիրէլը 1990-ականներու կէսերուն Տաճիկիստան կատարած այցի օրերուն յայտարարեց, որ շուտով ՙմեր մեծ հայրենակից՚ Էնվեր փաշային աճիւնը կը տեղափոխուի Թուրքիա եւ իր հայրենի հողին մէջ կը թաղուի:
Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրականացման երեք գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան սպաննուեցաւ 21 Յուլիս 1922-ին, Թիֆլիսի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ` Ստեփան Ծաղիկեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Արտաշէս Գէորգեանի կողմէ: Վերջինիս օրագրութիւնը կը պատմէ. ՙԱյն պահուն, երբ այնքան մօտեցեր էինք Ճեմալին, եւ հաստատ էր, որ անոր համար այլեւս փրկութիւն չկայ, այդ վեհ վայրկեանին` այն գիտակցութիւնը, որ մեզի` ինծի ու Տէր Պօղոսեանին գերագոյն բախտ է վիճակուած ի կատար ածել մեր միլիոնաւոր նահատակներուն վերջին կամքը, անոնց կտակը` պատժել, վրիժառու ըլլալ ճեմալներէն, անպատմելի, անհունօրէն հաճելի երանութեամբ մը համակեց էութիւնս: Աչքերս եզակի, երկնային ջերմութեամբ մը վառեցան: Ու քույրս, Ուրֆայի մօտերը գազանաբար յօշոտուած, դեռ 16 տարին չլրացած, աչքերուս առջեւ կը կանգնի այդ պահուն, ձեռքը` ծոցին, գլուխը` խոնարհ… նահատակուած քույրս… Եւ ես կը գոչեմ` փաշա°, փաշա°, յիշէ° Ուրֆան ու Տէր Զօրը՚:
Տասնամեակներ ետք Ճեմալին թոռը` մամլոյ մեկնաբան Հասան Ճեմալը, 2008-ի սեպտեմբերեան առտու մը գնաց Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը, քալեց դէպի անմար կրակը, քանի մը սպիտակ մեխակներ դրաւ ու շրջեցաւ թանգարանին մէջ: Բազմաթիւ թուրքեր ծաղիկներ դրած էին հոն, սակայն Հասան Ճեմալի դէպքն ուրիշ էր. Ծիծեռնակաբերդ կ’այցելէր թուրք մը, որուն մեծ հայրը երիտթուրք միւս առաջնորդներուն հետ իրականացուցած էր հայոց ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման հրէշաւոր ծրագիրը:
Սեպտեմբերեան այդ օրերուն Երեւան գտնուած թուրք ուրիշ լրագրող մը` Եաւուզ Պայտարը կը պատմէր, թէ Հասանը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցէն խորապէս ազդուած եւ յուզուած էր: Ֆրանսական ՙԼէ Նուվել տ’Արմենի՚ հանդէսին հետ զրոյցին մէջ, պատմելով Ծիծեռնակաբերդին մէջ իր զգացողութեանց մասին, Հասան Ճեմալն ըսած է, որ թէեւ ինքը մեծ հօր մականունը (Djemal) կը կրէ, սակայն ինքը Հասան Ճեմալն (Hasan Cemal) է: ՙԿրնամ ըսել միայն հետեւեալը. համաձայն եմ, որ Ճեմալը մեծ հայրս է, բայց ես ուրիշ մարդ եմ՚: ՙԵս նոյնիսկ հանդիպեցայ այն մարդու (Արտաշէս Գէորգեան) թոռան հետ, որուն մեծ հայրը 1922-ին սպանած է մեծ հայրս: Ես զայն Սթամպուլ հրաւիրեցի՚,- ըսած է ան:
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն
Իններորդ գլուխ