Թուրք քարոզիչ. «Հիմա թրքական բանակը կը կռուի հրեաներու եւ հայերու դէմ»

22 հոկտեմբեր 2015

Թուրք իսլամագէտ եւ քարոզիչ Ահմետ Մահմուտ Ունլուն «Vahdet» թերթին մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ կը մեղադրէ քրիստոնեաները՝ ահաբեկչութիւն տարածելու մէջ: Յօդուածին մէջ Ունլուն գրած է. «Այս պահուն թրքական բանակը կը կռուի հրեաներու եւ հայերու դէմ: Կը կռուի նաեւ գերմանացիներու եւ յոյներու դէմ:

Այսինքն ամբողջ աշխարհին դէմ կը կռուի»։ Ունլուի կարծիքով ահաբեկչութիւնները կազմակերպողները «անհաւատներ»ն են։

Ունլու յօդուածին մէջ կը նշէ. «PKK-ականներուն սպանութենէն ետք ի յայտ կու գայ, որ մէկը անգլիացի է, միւսին մօտ խաչ կը յայտնաբերեմ, իսկ մէկ այլ սպանուած կը պարզուի, որ թլպատուած չէ: Այդպէս է. որովհետեւ այդ անձերը իսլամ քիւրտեր չեն: Քիւրտերը ի՞նչ կապ ունին: Այս ամէնուն ետին անհաւատներու ծրագիրն է»:

http://www.horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail