Էրտողան. «Չեն Կրնար Ըսել, Թէ Նոր Զելանտայի Գործողութեան Հեղինակը Քրիստոնեայ Ահաբեկիչ Մըն Է»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

18 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Բոլորը, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ը Նոր Զելանտայի յարձակումը կը նկատեն իսլամութեան դէմ յարձակում մը, սակայն չեն կրնար ըսել, թէ ան (յարձակումին հեղինակը, «Ա.») քրիստոնեայ ահաբեկիչ մըն է»:

Էրտողան Իզմիրի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հաւաքի ընթացքին նշեց. «Եւրոպական խորհուրդը ՔԱԿ եւ Կիւլեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պնդումները օգտագործելով մեր դէմ յարձակում կը գործէ: Ամբողջովին վստահ եղէք, որ անոնք ոչ իսկ վայրկեան մը պիտի տատամսին այս երկիրը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն յանձնելու, եթէ անոնց առիթ ընծայուի»:

«Եւրոպական Միութիւնը եթէ կրնայ թող Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու դադրեցման որոշումը որդեգրէ, մենք պատրաստ ենք, սակայն իրենք չեն կրնար, իսկ Եւրոպական խորհրդարանի այդ առնչութեամբ տուած որոշումին կարեւորութիւն չենք ընծայեր», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:

aztagdaily.com/archives/431131

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail