17 Մարտ 1905. Վիտոշի Խորհուրդը եւ Քրիստափորեան Աւանդը

18 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ կար­միր ա­րեամբ յա­ւեր­ժա­ցած պահ է 1905 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ 17 ­Մար­տը, երբ ­Պուլ­կա­րիոյ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­զու­գա­կան վա­րի­չը՝ եւ իր գոր­ծա­կից Վ­ռամ­շա­պուհ Քեն­տի­րեան զո­հո­ւե­ցան, ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի ա­հա­բեկ­ման հա­մար պատ­րաս­տո­ւած ռում­բի փոր­ձարկ­ման ըն­թաց­քին։

Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը ինչ­պէս իր օ­րին եւ այ­նու­հե­տեւ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ, նոյն­պէս եւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ լու­սա­ւո­րել ու ա­ռաջ­նոր­դել ու­ղին ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րած­նուն­դին եւ դէ­պի նոր հո­րի­զոն­ներ յան­դուգն թռիչ­քին։

Այդ­պէ՛ս է, ո­րով­հե­տեւ ­Մեծ ­Մար­դաս­պա­նը ա­հա­բե­կե­լու իր քա­ղա­քա­կան յանդգ­նու­թեամբ, ա­հա­բեկ­ման կազ­մա­կեր­պու­մը ան­ձամբ ղե­կա­վա­րե­լու իր յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, յա­նուն ­Սուրբ ­Գոր­ծին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու իր կեն­դա­նի օ­րի­նա­կով՝ Ք­րիս­տա­փոր հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ու­ղի լու­սա­ւո­րող ­Գա­ղա­փա­րի Փա­րո­սը։

Ա­յո՛, ­Գե­րա­գոյն ­Յանդգ­նու­թեան ու Անձ­նո­ւի­րու­մի խոր­հուր­դը շնչա­ւո­րող օրն է 1905 թո­ւա­կա­նի 17 ­Մար­տը, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան մէջ միշտ վառ կը պա­հէ Ք­րիս­տա­փո­րի պատ­գա­մը.

— «­Պատ­ռել է հար­կա­ւոր քար­տէս­նե­րու վրայ այս կամ այն ա­ւա­զա­կա­պե­տի կամ­քով գծո­ւած սահ­ման­նե­րը. ջնջել է հար­կա­ւոր այն աշ­խար­հագ­րա­կան ներ­կե­րը, ո­րոնք մեզ բա­ժա­նում են ի­րա­րից եւ ո­րոնք առ­հա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ եր­բեմն շատ կար­ճա­տեւ են լի­նում։ Ո՛չ մի բռնու­թիւն, ո՛չ մի հա­լա­ծանք, ո՛չ մի սահ­ման չէ կա­րող բա­ժա­նել մի ժո­ղո­վուրդ, ե­թէ նա տո­գո­րո­ւած է ընդ­հա­նուր շա­հե­րի գի­տակ­ցու­թեամբ, ու­նի նաեւ կռո­ւե­լու ան­սա­սան վճռո­ղա­կա­նու­թիւն եւ կա­պո­ւած, միա­ցած է դա­րե­րով սնո­ւած ու պահ­պա­նո­ւած ընդ­հա­նուր բնազդ­նե­րի ու զգաց­մունք­նե­րի ա­ռողջ զար­կե­րով»։

— «… Ե­թէ ի­րա­ւուն­քը իր պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար կռիւ է պա­հան­ջում, հա­պա կռի­ւը իր յաղ­թա­նա­կի հա­մար նե­ցուկ պի­տի ու­նե­նայ ոյ­ժը։ Ոյժն է՝ որ կա­ռա­վա­րում է աշ­խարհս, եւ մենք ձեռք կը բե­րենք մեր ու­զած­նե­րը՝ երբ ո՛յժ կ­’ու­նե­նանք»։

Ոչ միայն խօս­քով, այ­լեւ գոր­ծով Ք­րիս­տա­փոր մարմ­նա­ւո­րեց ան­սա­կարկ անձ­նո­ւի­րու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին։ Գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ երբ կայ մար­տու­նա­կու­թիւ­նը եւ երբ ա­նե­րեր է ի հար­կին ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­լու կամ­քը՝ յե­ղա­փո­խա­կա­նը ի վի­ճա­կի է վե­րա­հաս­տա­տե­լու ­Դա­ւի­թի եւ ­Գո­ղիա­թի ա­ռաս­պե­լին օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը, հայ­րե­նի մեր հո­ղը բռնագ­րա­ւած ու հա­յու ա­րեամբ ներ­կած բռնա­կալ մեծ կայս­րու­թեան գե­րա­գոյն խորհր­դա­նիշ «­Մար­դաս­պան ­Սուլ­թան»ն­ իսկ ա­հա­բե­կե­լու իր ան­կա­սե­լի յանդգ­նու­թեամբ։
Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան այդ ան­մահ պա­հը կը խորհրդան­շէ 17 ­Մարտ 1905ը եւ, իբ­րեւ գե­րա­գոյն յանդգ­նու­թեան մարմ­նա­ւո­րու­մը, յա­ւեր­ժու­թեան կ­’ար­ժա­նաց­նէ դէմ­քը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քեա­լին՝ Ք­րիս­տա­փո­րի, ո­րուն մա­սին օ­տարն ան­գամ, «Պ­րօ Ար­մե­նիա»յի խմբա­գիր պել­ճի­քա­ցի ­Բի­յէր ­Քի­յեա­րի բա­ռե­րով, կը վկա­յէ.

— «Այդ փոք­րիկ, թու­լա­մորթ մար­դը, շփոթ քայ­լո­ւած­քով, որ՝ հա­կա­ռա­կան իր ա­լե­խառն մա­զե­րին՝ դեռ տա­րի­քա­ւոր չէր եւ պահ­պա­նել էր ման­կա­կան աչ­քե­րի յստա­կու­թիւ­նը, խօ­սում էր մի ձայ­նով՝ միա­ժա­մա­նակ մեղմ ու խռպոտ, հա­մո­զիչ եւ հրա­մա­յա­կան։ Ն­րա տժգոյն կեր­պա­րան­քը, հիւ­ծո­ւած՝ եր­կար ա­նանձ­նա­կան տա­ռա­պան­քից, ցա­ւագ­նօ­րէն յայտ­նում էր, որ նա զգա­ցել ու կրել է իր հա­լա­ծա­կան եւ մար­տի­րո­սա­ցած բո­լոր եղ­բայր­նե­րի տան­ջանք­նե­րը եւ որ նա ա­րիւն էր թո­րել բո­լոր նրանց վէր­քե­րով եւ լա­ցել նրանց ար­ցուն­քով։ ­Սա­կայն այդ դէմ­քը ա­սում էր եւ այն, որ ին­քը նրան­ցից չէ, ո­րոնք ընկճ­ւում են տան­ջան­քի առ­ջեւ, եւ իւ­րա­յին­նե­րի դէմ գոր­ծո­ւած ա­մէն մի ո­ճիր ար­ծար­ծում էր նրա մէջ հաս­տա­տուն վճիռ՝ բնաւ չեն­թար­կո­ւե­լու դառն ճա­կա­տագ­րին եւ պատ­րաս­տել ա­ւե­լի լաւ օ­րեր՝ տրա­մադ­րե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով, սկսած ա­մե­նա­խա­ղա­ղա­միտ եւ խո­րա­թա­փանց բա­նա­կա­նու­թիւ­նից մին­չեւ ան­խու­սա­փե­լի բռնա­դա­տու­մը, երբ այ­լեւս չկայ ու­րիշ»։

Այդ ի­մաս­տով է, որ ­Վի­տո­շի խոր­հուր­դը իր մէջ կը խտաց­նէ Ք­րիս­տա­փո­րի օ­րի­նա­կով մարմ­նա­ւո­րո­ւած եւ շնչա­ւո­րո­ւած դա­սե­րը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան.

— Ա­նար­դա­րու­թեան դէմ ծա­ռա­ցու­մը անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունքն է ա­մէն մար­դու, այդ շար­քին եւ մա­նա­ւանդ ­Հա­յուն, որ օր ցե­րե­կով եւ աշ­խար­հի ան­տար­բեր հա­յեաց­քին տակ բա­ռա­ցիօ­րէն կը կո­տո­րո­ւէր թրքա­կան բռնա­կա­լու­թեան կող­մէ։

— Ար­դա­րու­թեան ու Ի­րա­ւուն­քի հա­մար պայ­քա­րը ան­պայ­ման չեն են­թադ­րեր բիրտ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թիւն եւ յե­ղա­փո­խա­կա­նը զէնք կը վերց­նէ միայն այն ա­տեն, երբ բռնա­կալ ու կա­մա­կոր թշնա­մին կը փոր­ձէ ա­րեան մէջ խեղ­դել Ա­զա­տագ­րու­թեան յանդգ­նու­թիւ­նը։

— Ք­րիս­տա­փոր հա­ւա­տա­ցողն էր ­Մար­դու բա­րու­թեան եւ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով քա­րո­զիչն էր ի­տէա­լա­պաշտ ըն­կեր­վա­րու­թեան այն դա­ւա­նան­քին, թէ հար­կա­ւոր է քա­ղա­քակր­թա­կան բա­րեշրջ­ման ճամ­բով մար­դու մէջ բա­րին մշա­կել եւ չա­րը ան­ցեա­լին մէջ թա­ղել։ ­Մարդ­կայ­նա­պաշտ իր այդ աշ­խար­հա­յեաց­քով իսկ, ի տես ան­մեղ ու ան­զէն Հա­յու ա­րեամբ ներ­կո­ւած հայ­րե­նի հո­ղին եւ հայ կեան­քի ստրկա­կան դա­ժան ի­րա­կա­նու­թեան, Ք­րիս­տա­փոր ոչ միայն պար­զեց դրօ­շը յե­ղա­փո­խա­կան յան­դուգն պայ­քա­րին, այ­լեւ հու­նա­ւո­րեց ուս­մուն­քը յա­րա­տեւ կռո­ւին եւ սե­փա­կան Ոյ­ժի կու­տա­կու­մով Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը նուա­ճե­լու մար­տու­նա­կու­թեան։

— Ք­րիս­տա­փոր զէն­քի գոր­ծա­ծու­թեան հմուտ մարդ չէր, բայց երբ հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը նաեւ զէն­քի հմտու­թեան պա­հան­ջը դրաւ իր առ­ջեւ՝ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան «­Մար­դա­գործ» ա­ռաջ­նոր­դը ան­վա­րան, ան­ձամբ ձեռ­նար­կեց ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը ա­հա­բե­կե­լու կո­չո­ւած ռում­բին պատ­րաս­տու­թեան ու փոր­ձար­կու­մին։

Վի­տո­շի խոր­հուր­դը այս ա­մէ­նը իբ­րեւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կտակ յանձ­նեց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

1859ին ­Գողթն գա­ւա­ռի Ա­գու­լիս գիւ­ղը ծնած Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան կո­չու­մով ու­սու­ցիչ էր։ 1880ին ա­ւար­տած էր ­Թիֆ­լի­սի Ու­սուց­չա­նո­ցը եւ 1885ին մեկ­նած էր Մոս­կո­ւա՝ իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ ­Բայց Երկ­րի կան­չը՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին մեծ խա­րոյ­կը վա­ռե­լու կո­չու­մը, 1887ին, ­Մոս­կո­ւա­յի յե­ղա­փո­խա­շունչ մի­ջա­վայ­րէն տուն դար­ձուց ու­սու­մը կի­սատ թո­ղած Ք­րիս­տա­փո­րին։ Իր ծննդա­վայր Ա­գու­լի­սի մէջ ու­սուց­չու­թեամբ պա­րա­պող ­Քիս­տա­փո­րը ժա­մա­նակ չկորսնցուց եւ աշ­խոյժ լծո­ւե­ցաւ ­Կով­կա­սի հա­յու­թեան ծո­ցին մէջ խմո­րո­ւող յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու եւ շար­ժում­նե­րու միա­ւոր­ման աշ­խա­տան­քին։

Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, յա­ջոր­դա­բար 1885ին եւ 1887ին, ար­դէն կեան­քի կո­չո­ւած էին, բայց մեծ էր պա­հան­ջը հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան միա­ւո­րու­մին, որ­պէս­զի հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը կա­րե­նար Օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեան ա­նո­ղոք հա­րո­ւած­նե­րուն դէմ ազ­դու Ոյժ կու­տա­կել, նաեւ՝ դի­մադ­րել ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի կաշ­կան­դում­նե­րուն ու հա­լա­ծանք­նե­րուն։ Ք­րիս­տա­փոր լծո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան լայ­նա­խո­հու­թեամբ ու, միա­ժա­մա­նակ, յե­ղա­փո­խա­կան մար­տու­նա­կու­թեամբ օժ­տո­ւած իր հզօր ան­հա­տա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ՝ յա­ջո­ղե­ցաւ ի­րա­գոր­ծել միու­թիւ­նը, ե­թէ ոչ մէկ ու միեւ­նոյն կու­սակ­ցու­թեան ա­ռա­ջա­ցու­մով, բայց ան­պայ­ման հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Հա­ւա­քա­կան Ու­ժը եր­կա­թեայ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ օժ­տող եւ ­Հա­մազ­գա­յին ­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան Ո­գիով յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րը ղե­կա­վա­րող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յաղ­թար­շա­ւով։

Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Գոր­ծին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Ք­րիս­տա­փո­րին կա­նու­խէն տա­րաւ ­Ժը­նեւ, ուր ցա­րա­կան հա­լա­ծանք­նե­րէն ձեր­բա­զա­տո­ւած՝ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մեծ ա­ռաջ­նոր­դը լծո­ւե­ցաւ շարժ­ման ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը հու­նա­ւո­րե­լու, եւ­րո­պա­կան ա­զա­տա­խոհ շրջա­նակ­նե­րուն մօտ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ հա­մակ­րան­քի նկա­տա­ռե­լի ա­լիք բարձ­րաց­նե­լու, «Պ­րօ-Ար­մե­նիա» ֆրան­սե­րէն հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու եւ մեծ պե­տու­թեանց մօտ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու եւ ծա­ւա­լե­լու աշ­խա­տան­քին։

Իսկ երբ 1898ին գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 2րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, որ հե­տե­ւե­ցաւ 1896ի հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն եւ գու­մա­րո­ւե­ցաւ հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու սաստ­կաց­ման մթնո­լոր­տին մէջ, Ք­րիս­տա­փոր չէր կրնար այ­լեւս ար­տա­սահ­ման մնալ։ ­Վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ բո­լոր ու­ժե­րով լծո­ւե­ցաւ Յե­ղա­փո­խա­կան Կ­ռի­ւը նո­րո­վի յա­ռաջ մղե­լու եւ ա­հագ­նաց­նե­լու պայ­քա­րին։ Այդ մղու­մով էր, նաեւ, որ ի­րա­գոր­ծեց ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի նիւ­թա­կան կռո­ւան­նե­րու ա­պա­հով­ման հե­տա­մուտ «­Փո­թո­րիկ»ի ծրա­գի­րը, որ ու­նե­ւոր հա­յե­րէն նո­ւի­րա­հա­ւաքն էր յա­նուն ­Սուրբ ­Գոր­ծին, ի հար­կին բռնի ե­ղա­նա­կով։

Իսկ երբ 1904ին գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, ուր ո­րո­շո­ւե­ցաւ ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի ա­հա­բե­կու­մը, Ք­րիս­տա­փոր բնա­կա­նա­բար պի­տի ստանձ­նէր ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, եւ ստանձ­նե՛ց։

Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րը գե­րա­գոյն պարտ­քի զգա­ցու­մով ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ մեծ Բռ­նա­կա­լի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան ծրագ­րու­մին եւ գոր­ծադ­րու­թեան։

Միեւ­նոյն մղու­մով ալ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րեց ա­հա­բեկ­ման գոր­ծո­ղու­թեան բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն ման­րա­մասն ծրագ­րումն ու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը։
Եւ այդ ճամ­բուն վրայ Ք­րիս­տա­փո­րի բա­ժին հա­նուե­ցաւ ճա­կա­տագ­րի դառն խա­ղը։

Վի­տո­շի լան­ջին, Բռ­նա­կա­լը ա­հա­բե­կե­լու կո­չո­ւած ռում­բը վա­ղա­հաս պայ­թե­ցաւ փոր­ձարկ­ման պա­հուն՝ զգետ­նե­լով մեծ յե­ղա­փո­խա­կանն ու իր զի­նա­կի­ցը։

Ք­րիս­տա­փոր բախ­տը չու­նե­ցաւ ի­րա­գոր­ծե­լու ­Մեծ ­Մար­դաս­պա­նի ա­հա­բեկ­ման իր ծրա­գի­րը։ ­Բայց իր նա­հա­տա­կու­թեամբ վա­ռեց հա­յոց ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Յանդգ­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ան­մար խա­րոյ­կը, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը կը կռա­նէ կամ­քե­րը եւ կ­՛ո­գե­ւո­րէ փա­ղան­գը հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ի­րենց գե­րա­գոյ­նը նո­ւի­րա­բե­րե­լու պատ­րաստ հա­յոց ­Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տիկ­նե­րուն։

Մար­տի 17ն­ է դար­ձեալ, 114 տա­րի ան­ցած է 1905ի այդ չա­րա­բախտ օ­րէն աս­դին, բայց Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը ինչ­պէս ան­ցեալ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րուն, նաեւ մեր օ­րե­րուն կը շա­րու­նա­կէ յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեամբ ջրդե­ղել հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ու­ղին։

— Եւ երբ մե­ծերն ու զօ­րեղ­նե­րը բիրտ ու­ժով եւ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն տկար­նե­րուն ար­դար պա­հանջ­նե­րը խեղ­դե­լու ի­րենց վա­քա­գի­ծը,

— Երբ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան պա­տու­հա­սը՝ թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր փոր­ձե­րը՝ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան նո­րա­նոր հնարք­նե­րով՝ խեղ­դե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը,

Ա­ւե­լի քան հասկ­նա­լի է, թէ ին­չո՛ւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ի­րենց հա­յեաց­քը կ­’ուղ­ղեն դէ­պի Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը։

Դէ­պի ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յե­ղա­փո­խա­կան սուրբ միւ­ռո­նին իր ա­րիւ­նը միա­խառ­նած Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մահ պատ­գա­մը.-

«­Յա­րա­տեւ կռիւ – ­յա­ճախ եւ եր­կար ժա­մա­նակ, գու­ցէ ան­յա­ջող՝ չնա­յած եր­բեմն նոյ­նիսկ իր լայն ծա­ւա­լին — ա­հա թէ ո՛ւր է մեր փրկու­թեան բա­նա­լին։ Պահ­պա­նե՛նք, շա­րու­նա­կենք կռի­ւը, որ­պէս­զի լայ­նա­նայ, ըն­դար­ձա­կո­ւի եւ ըն­դար­ձա­կո­ւե­լով՝ յա­րա­տե­ւի — ա­հա՛ դէ­պի մեր նպա­տա­կը տա­նող միակ ճա­նա­պար­հը։ Չ­շե­ղո­ւե՛նք այդ ճա­նա­պար­հից, որ պատ­ճառ­նե­րի եւ հե­տե­ւանք­նե­րի կա­պակ­ցու­թեամբ, ու­նի պատ­մու­թեան մէջ հաս­տա­տո­ւած օ­րէն­քի ոյժ. չշե­ղո­ւե՛նք այդ միակ ճա­նա­պար­հից, որ սփռո­ւած է յու­սա­տու ա­պա­գա­յի գրա­ւիչ ծա­ղիկ­նե­րով»։

aztagdaily.com/archives/431185

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail