19 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Թուրք ժողովուրդը պիտի մնայ Իսթանպուլի մէջ, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ այս քաղաքը դարձեալ Կոստանդնուպոլիսի վերածել»: «Մենք այստեղ պիտի մնանք մինչեւ վերջին դատաստանը, եւ Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիսի պիտի չվերածէք», աւելցուց ան:
«Թուրքիան թիրախ դառնալու պարագային, անոր ժողովուրդը պիտի չտատամսի Չանաքքալէն թշնամիներուն գերեզմանին վերածել, ճիշդ ինչպէս ըրաւ 104 տարի առաջ», ըսաւ ան` ողջունելով «արդի Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ղեկավար դերակատարութիւնը»:
aztagdaily.com/archives/431271