21 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն նշեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ երկու մզկիթներուն դէմ գործուած յարձակումներէն ետք կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք մեր գտնուած շատ զգայուն միջավայրին մէջ աւստրալիացիներուն համար մեծապէս վիրաւորական ու շատ անխոհեմ կը նկատեմ»:
Ան յայտնեց, որ Աւստրալիոյ կողմէ Էրտողանի խօսքերուն հակադարձութեան համար «բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»: «Ես կ՛ակնկալեմ եւ պահանջած եմ, որպէսզի այս յայտարարութիւններուն առիթով (Թուրքիան) բացատրութիւններ տայ», նշեց Աւստրալիոյ վարչապետը:
Յայտնենք, որ Էրտողան այդ յարձակումը նկատած էր Թուրքիոյ եւ իսլամութեան դէմ յարձակումին մէկ մասը, եւ մասնաւորաբար զգուշացուցած է, որ այն աւստրիալացիները, որոնք հակաիսլամական պիտի ըլլան, պիտի արժանանան Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Կալիփոլիի ճակատամարտին մէջ օսմանեան ուժերուն կողմէ սպաննուած աւստրալիացի զինուորներու ճակատագիրին:
Նշենք, որ Էրտողան նաեւ իր խօսքը այդ յարձակումին հեղինակ Պրանթըն Թարանթին ուղղելով ըսած էր. «Պէտք է գործած արարքիդ գինը վճարես, եւ եթէ Նոր Զելանտան քեզ հաշուետուութեան չենթարկէ, մենք գիտենք քեզ ձեւով մը հաշուետուութեան ենթարկել»:
Թուրքիոյ նախագահը երէկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտարարեց, որ Նոր Զելանտայի ահաբեկչութեան հեղինակին եւ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Ինտոնեզիոյ ու այլ վայրերու մէջ ահաբեկչական յարձակումներ կատարող անձերուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ, եւ կոչ ուղղեց չարտօնելու ահաբեկչութիւնը կապել որեւէ կրօնի հետ:
aztagdaily.com/archives/431632