Հըզպալլա»ի Առաջնորդը «Բարի Լոյս» Ըսաւ Տաւութօղլույին
26-Յուլիս-2015
Լիբանան- (Al Jadeed-Պէյրութ) «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա կուսակցութեան նահատակներու նահատակ զաւակներուն վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղելով իր խօսքը նկատել տուաւ, որ անոնք ուշացած է ISIS -ի դէմ իրենց կեցուածքներու կողմնորոշման մէջ: Նասրալլա, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլույի վերջին օրերուն կատարած յայատարարութիւններուն ակնարկելով ըսաւ ՝«Բարի Լոյս»: Շիիթ առաջնորդը նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն ահաբեկչական խմբաւորումներուն երեւելի նեցուկ ցոյց տուած բոլոր կողմերը պիտի տուժեն եւ հարուածներ պիտի ստանան իրենց իսկ ստեղծած ISIS-էն: «Հըզպալլա»ի առաջնորդը յիշեցուց, որ իրենց համար Միացեալ Նահանգներ ինչպէս երէկ այսօր եւս կը հանդիսանայ «մեծագոյն սատանան» եւ այդ մէկը կապ չունի Իրան- Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան հետ:
http://www.arevelk.am/