Սպասուած Ռումբը Չպայթեցաւ, Բայց Կայ Շղարշը…

26 ՄԱՐՏ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Writers Sarkis MahseredjianՆախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին լուռ հետախուզութիւն կատարած յատուկ քննիչ Ռապըրթ Միւլըր չպայթեցուց այն ռումբը, որ կը սպասուէր ամերիկեան եւ աշխարհի կարգ մը շրջանակներէն. 22 Մարտին, ան արդարութեան նախարար Ուիլեըմ Պարի յանձնեց հսկայածաւալ տեղեկագիր մը, որ կ՛ամփոփէ շուրջ 22 ամիս տեւած իր հետախուզութիւնները։ Ան պարտականութիւն ունէր ստուգելու, թէ նախագահը իր ընտրապայքարի օրերուն արդեօք Ռուսիոյ հետ գործակցութիւն ունեցա՞ծ է՝ Սպիտակ Տուն հասնելու համար։ Միւլըրի տեղեկագիրը ամբողջութեանը մէջ չէ հրապարակուած, հրատարակելի չէ, սակայն նախարարը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցած է խորհրդարան, ըսելով, որ Միւլըրի տեղեկագիրը կը հաստատէ, որ նախագահը Ռուսիոյ հետ որեւէ գործակցութիւն չէ ունեցած, նաեւ՝ փաստեր չէ գտած, որ ան արգելակած է այս հարցին շուրջ քննութիւնները։

Միւլըրի տեղեկագիրը առաջին ակնարկով կու գայ վերջ տալու նախագահին ուղղուած բացասական արշաւին եւ անկէ բխած որոշ նախատեսութիւններու, որոնք ամերիկեան քաղաքական բեմը մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր սուր բանավէճերու փոթորիկին մէջ բռնած էին, եւ մինչեւ իսկ հանրապետականներ կը պատրաստուէին մեծ պայթումի մը։ Նախագահը, որ առաջին իսկ օրէն յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ հետ գործակցած ըլլալուն մասին վերագրումները պարզապէս զրպարտութիւն են ու շինծու փոթորիկ, բնականաբար խոր գոհունակութեամբ ընկալեց այս լուրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միւլըրին։ Առաջին մեկնաբանութիւնը եղաւ այն, որ նախագահը կարեւոր յաղթանակ մը տարած է ընդդիմադիրներուն վրայ, ուրեմն, հիմա կրնայ աւելի հանգիստ ձեւով բանալ… յառաջիկայ նախագահական ընտրապայքարի արշաւը։

Մեկնաբանութեանց երկրորդ օղակը այդքան ալ դրական չէ, նկատի ունենալով քանի մը տուեալներ։ Արձանագրենք մէկ քանին։

Միւլըր եթէ անմիջականօրէն անպարտութեան վկայական կու տայ Թրամփի եւ իր անմիջական գործակիցներուն, կարելի չէ անտեսել նոյն այս քննութեանց մէկ այլ երեսը. անցեալ շուրջ մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, Թրամփի սերտ գործակիցներէն բազմաթիւ գլուխներ տապալեցան. Միւլըր ամբաստանութեան տակ առաւ նախագահին աւելի քան 30 սերտ գործակիցները, որոնք կարգ մը մեկնաբաններու կողմէ այսօր կը դիտուին իբրեւ քաւութեան նոխազներ։ Արդարեւ, ի՞նչ տեղի կրնար ունենալ, եթէ քննութիւններէն ի յայտ գար, որ նախագահը գործակցած է աշխարհի ռազմաքաղաքական բեմին վրայ իր գլխաւոր մրցակից-թշնամիներէն նկատուող՝ Ռուսիոյ հետ։ Նախ, Սպիտակ Տունն ու անոր հետ ամերիկեան քաղաքական կեանքը ծանրագոյն վարկաբեկումին ենթարկուած պիտի ըլլային, պիտի ստեղծուէր «անկարելի վիճակ», որովհետեւ դուռը լայն պիտի բացուէր նախագահին պաշտօնազրկումը պահանջողներուն առջեւ, ճգնաժամ պատճառելով, որովհետեւ կան գոնէ իրարու հակադիր երկու վարկած-տեսակէտ. մէկը կ՛ըսէ, թէ գործող նախագահ մը չի կրնար դատական հետապնդումի ենթարկուիլ նման մեղադրանքներով ու պաշտօնէ հեռացուիլ, իսկ միւս վարկածը կ՛ըսէ, որ կարելի է նախագահ մը պաշտօնազրկել, նախընթացներ եղած են, սակայն նաեւ կարելի չէ աչքերը չուղղել նման քայլէ մը անդին, տեսնելու համար, որ հաւանական փոխարինողները իրենք ալ բարի պտուղ չեն…

Այլ գիծի մը վրայ, մեկնաբանութիւնները կը զարգանան տարբեր մեկնակէտով եւ ուղղութիւններով։ Նախ եւ առաջ, ընդդիմադիրները չեն բաւարարուած Միւլրի տեղեկագիրէն միայն մասնիկներու հաղորդ դառնալով, կը պահանջեն, որ ոչ մէկ բան գաղտնի պահուի, մինչեւ իսկ եթէ արդարութեան նախարարն ու նախագահին մօտիկ շրջանակները կը պնդեն, որ հետախուզութեանց արդիւնքները ունին ծալքեր, որոնք ազգային ապահովութեան հարց են ու հետեւաբար՝ կարելի չէ ամէն բան «բացի տալ»։ Սա արդէն կը բանայ կասկածամտութեան փոքր վարագոյր մը։ Յետոյ, Կը նշուի, որ ի վերջոյ, նախագահին պաշտօնազրկուած ու վարկաբեկուած գործակիցները խոստովանած են շատ մը մեղքեր, բացորոշ է, որ նախագահը բոլորովին անհաղորդ չէր անոնց արարքերուն, իսկ Միւլըրի տեղեկագիրը հիմնականին մէջ նախագահին անձին վրայ կեդրոնացած է, այլ խօսքով, նախագահը փրկելու համար, ընտրուած են քաւութեան նոխազներ։

0326mueller

Տակաւին, կան այլ հարցեր,  բաց թղթածրարներ, որոնք կը մնան «Փանտորայի տուփ»ին մէջ եւ պատրաստ են փոթորիկը այլ գիծերու վրայ զարգացնելու։ Նախագահը տակաւին անպարտ չէ հռչակուած շահատուրքերէ փախուստ տալու, անբարոյ արարքները ծածկելու համար՝ գործակիցներու միջոցով որոշ գումարներ վճարած ըլլալու, ընտրապայքարն ու պաշտօնը սեփական շահու ծառայեցնելու եւ ընտանիքի անդամներուն շահու միջոցներ ապահոված ըլլալու, ու տակաւին՝ նոյնինքն քննութիւնները արգելակած չըլլալու գիծերուն մէջ. ի վերջոյ, Միւլըրի տեղեկագիրը վերջին կէտին մէջ ամբողջական անպարտութիւն չի տար նախագահին, այլ կը նշէ, թէ «բաւարար փաստեր չեն գտնուած» նման ամբաստանութիւն մը հիմնաւորելու համար, ուրեմն, այս հարցը «շատ ջուր կը վերցնէ»։ Եւ կասկած չկայ, որ ընդդիմադիրնեը հիմա իրենց աչքերը պիտի ուղղեն անոնց վրայ։

***

Եթէ շարունակենք հետեւիլ մեկնաբանութիւններու եւ վերանորոգուող բանավէճերու շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, բնականաբար կրնանք ցանկը երկարել, սակայն եկէ՛ք, պահ մը մէկդի թողունք Միւլըրի տեղեկագիրով բացուած էջը, եւ հարց տանք, թէ ստեղծուած փոթորիկն ու տակաւին չպայթած ռումբերը ի՞նչ վիճակ ստեղծած են ամերիկեան քաղաքական-քարոզչական բեմին վրայ, որուն կը հետեւի, սերտօրէն առնչակից է աշխարհը, որ կը կրէ նման զարգացումներու անմիջական ազդեցութիւնները։

Փաստօրէն, այս տեղեկագիրն ու զայն կանխած օրերու իրադարձութիւնները նսեմացուցին ու որոշ շղարշի տակ առին շատ աւելի լուրջ զարգացումներ ու արտայայտութիւններ, որոնք պահ մը հնչեցին ու շուտով խլութեան մատնուեցան։ Արձանագրենք մէկ քանին, ոչ անպայման ժամանակագրական կարգով, լուսարձակի տակ բերելու համար Ուաշինկթընի «հետեւողական տրամաբանութիւն»ը, որ չազդուիր նման տեղեկագիրներու դրական կամ բացասական հետեւանքներէն։

«Հետեւողական քաղաքականութիւն»ը, ի դէպ, վերջին շրջանին շատ աւելի բացայայտ եւ անկեղծ ձեւով կ՛արտայայտուի, քան նախորդ նախագահներու օրով, անոնք ըլլային հանրապետական կամ դեմոկրատ։ Թուենք քանի մը օրինակ, առանց մանրամասն մեկնաբանութիւն կատարելու։

Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւն մը. ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այլ երկիրներու (ի մտի ունէր Ուաշինկթընի դաշնակից դասուածները) հետ յարաբերութիւնները չի պայմանաւորեր անոնց սահմաններէն ներս մարդկային իրաւունքներու պահպանման կամ բռնաբարման իրականութիւններով, այլ կը մեկնի իր շահերէն…

Անկէ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Վենեզուելայի տագնապը դրուած էր «տաք կրակի վրայ», Ճոն Պոլթըն առանց բառերը ծամծմելու ցանկութիւն յայտնեց, որ հարաւ-ամերիկեան այդ երկրին քարիւղի ու բնական կազի հանքերը պէտք է շահագործուին ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ…

Նախագահ Թրամփ, որ նուազ քան տարի մը առաջ աշխարհը ափ ի բերան ձգած էր, Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելով, նա՛եւ գործնապէս մէկդի նետելով անկողմնակալ միջնորդի դիմակը, Միւլըրի տեղեկագիրին մասին հրապարակումներէն քանի մը օր առաջ յայտարարեց, որ ժամանակը հասած է որ Կոլանը վերջնականապէս Իսրայէլի կցուի…

Ցանկը կարելի է երկարել, թուելով Սէուտական Արաբիոյ զէնք չծախելու մասին խորհրդարանի բանաձեւը արհամարհելու, Իրանին նոր սպառնալիքներ ուղղելու, Եմէնի մէջ նախճիրներուն նկատմամբ անտարբերութեան, ու տակաւին, Հիւսիսային Քորէայի հետ բարեշրջական ընթացքէն ետդարձի քայլերով, Ուաշինկթընի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ կլանուած Պրազիլիան նա՛եւ ՆԱԹՕի անդամ դարձնելու առաջարկով, Չինաստանի հետ նոր ճակատումի ճամբու պատրաստութեամբ, Սէուտական Արաբիան կորիզային զէնքով օժտելու նախնական ծրագիրներով…։ Ստեղծուած ու սպասուող փոթորիկներն ու պայթումները բնականաբար կը քողարկեն նման իրադարձութիւններ ու կեցուածքներ, հետեւաբար, աւելորդ կ՛ըլլայ ակնարկութիւն ընել ամերիկացի եւ այլ սպառողներու ապրուստի պայմաններուն վրայ նոր ճնշում բերող «մանր դէպքերու», ինչպէս, օրինակ, վառելանիւթի սակերուն հապճեպ վերելքը, սպառողական նիւթերու եւ դեղերու շուկային մէջ զուգահեռ ոստումները, որոնց նմաններուն դէմ այլ երկիրներու մէջ կրնան ժողովրդային ընդվզումի ալիքներ յառաջանալ, ինչպէս, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ…

Մենք ալ անկեղծ ըլլանք ու հարց տանք. կարելի՞ է չսիրել նման անկեղծ կառավարական մարդիկ, որոնք օրինակ կը դառնան մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրներու պետական մարդոց։ Աւելի՛ն, կարելի՞ է սպասել, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պէս բռնադատող երկիրներ մտահոգուին՝ գիտնալով, որ Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց բարեկամութիւնը չի կրնար վտանգուիլ, որովհետեւ կան Փոմփէոյի պէս պաշտպաններ։ Իսկ Թրամփ քանի մը օրէն պիտի հիւրնկալէ «երախտապարտ» Նեթանիահուն…

24 Մարտ 2019

asbarez.com/arm/340914/Սպասուած-Ռումբը-Չպայթեցաւ-Բայց-Կայ-Շղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail