27 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սէյիտ Նասրալլա. «Երուսաղէմի Մասին Թրամփի Որոշումին Նկատմամբ Աշխարհին Ցուցաբերած Լուռ Կեցուածքը Զայն Մղեց Յանդգնելու Եւ Կոլանի Մասին Նոր Որոշում Մը Տալու»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց ճառ մը, որ կը կրէր «Լիբանան պիտի մնայ գերիշխան, դիմադրող եւ յաղթական» խորագիրը:
Ան նշեց, որ իր ճառը պիտի կեդրոնանար միայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի Լիբանան այցելութեան վրայ, «սակայն նկատի ունենալով վերջին 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուած շրջանային զարգացումները, ապա անկարելի է անոնց չանդրադառնալ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան ողջունելով զօրակցութիւն յայտնեց Կազայի եւ Եմէնի ժողովուրդներուն, որոնք կ՛ենթարկուին բռնարարքներու նոր ալիքի մը եւ գոյութենական պայքար կը մղեն:
Ապա ան ակնարկեց Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին` ընդգծելով, որ այս որոշումը արաբեւիսրայէլեան տագնապին մէջ անկիւնադարձային կը նկատուի:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ հակառակ Թրամփի այդ որոշումին դէմ արաբական եւ իսլամական երկիրներու համախոհութեան, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու մերժումին, ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ իր անխոհեմութիւնը:
«Այս որոշումը կը փաստէ, որ Թրամփ չի յարգեր միջազգային օրէնքը, միջազգային կազմակերպութիւնները, միջազգային համախոհութիւնն ու միջազգային բոլոր չափանիշները, ինչպէս նաեւ կը փորձէ զգետնել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումի ջանքերը` հարուածելով խաղաղութեան դիմաց հողի սկզբունքը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այս որոշումը շարունակութիւնն է Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու անարդար եւ անճիշդ որոշումին, որուն աշխարհը «այո՛», ըսաւ, եւ որուն արաբական եւ իսլամական աշխարհը չընդդիմացաւ: «Ամերիկեան վարչակազմի այդ որոշումը գրաւեց Երուսաղէմը եւ զայն յանձնեց Իսրայէլին, իսկ աշխարհը իր լռութեամբ սատարեց Միացեալ Նահանգներուն, որ հողերը աջ ու ձախ բաժնելու եւ բռնակցելու նախընթացը ստեղծէ, ինչպէս որ է Կոլանի պարագան», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա առաջարկեց, որ Թունուզի մէջ գումարուելիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին քաղաքական եւ բարոյական արժէք ներկայացնող Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է 2002-ին, Պէյրութի մէջ, սեղանէն քաշուի: Եթէ արաբական երկիրները քիչ մը արժանապատուութիւն ունին, ապա անոնք պէտք է կատարեն այս քայլը, որովհետեւ Կոլանի բարձունքները իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատելուն պիտի յաջորդէ նաեւ Այսրյորդանանը իսրայէլեան հող նկատելու իրականութիւնը:
Ան նշեց, որ սուրիացիները Կոլանը, իսկ լիբանանցիները` Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու հիւսիսային Ղաժարը ազատագրելու միայն մէկ միջոց ունին եւ այդ ալ Դիմադրութիւնն է ու Դիմադրութեան առանցքը:
Լիբանանի մէջ Փոմփէոյի կատարած յայտարարութիւններուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այդ անձնաւորութիւնը խաբեբայ մըն է եւ անոր կատարած յայտարարութիւնները իրենց բովանդակութեան մէջ եղած են անճիշդ:
«Մենք ուրախ ենք, որ Թրամփի վարչակազմը մեզմէ բարկացած է, որովհետեւ գերագոյն սատանայ նկատուող վարչակարգին կողմէ մեզի նկատմամբ ընդվզումը առողջ երեւոյթ է եւ կը փաստէ, որ Աստուած մեզմէ գոհ է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Փոմփէոյի կատարած բոլոր յայտարարութիւնները տողընդմէջ եթէ կարդացուին, ապա կը դրսեւորուի հիմնական մէկ միտք, որն է այն իրականութիւնը, թէ լիբանանցիներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ հարց կայ, իսկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հարց չկայ:
Այս մասին կ՛արժէ հարց տալ բոլորին Լիբանանի դէմ ուղղուած` երկիրը քանդելու եւ ենթակառոյցը հարուածելու գծով իսրայէլեան սպառնալիքներուն մասին: «Կ՛արժէ հարց տալ նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններուն մասին: Սահմանային քարաշէն պատի շինութեան մասին: Արդեօք այս բոլորը Իսրայէ՞լ կը կատարէ», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ արդեօք լիբանանցիներուն երազներուն արգելք հանդիսացող կողմը Հըզպալլա՞ն է, թէ՞ Իսրայէլը:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ լիբանանցիներու երազներուն իրականացումը խոչընդոտողը այն է, որ կ՛արգիլէ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը:
Ան շեշտեց, որ 1948-էն ի վեր Իսրայէլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն վտանգ կը սպառնայ, իսկ 34 տարիէ ի վեր Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ Լիբանանն ու անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` առանց անոնց դէմ վտանգ սպառնալու:
«Մենք յանձնառու ենք լիբանանեան ներքին կայունութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ երկրին բարգաւաճման: Մենք յանձնառու ենք լիբանանեան պետութեան հզօրացման: Հետեւաբար անկարելի է ընդունիլ, որ մեծագոյն ահաբեկիչը եւ ժողովուրդներուն սպառնացողը գայ եւ Իսրայէլի շահերը պաշտպանելու համար հակառակը փորձէ փաստել` լիբանանցիները Հըզպալլայի դէմ լարելով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհը քանդած Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետ Փոմփէոյի այցելութեան ու յայտարարութեան հիմնական եւ իսկական նպատակը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկեցումն է ու ներքին լիբանանեան սադրանքներ նախապատրաստելը:
«Ան բացայայտօրէն կը ստէ, երբ կ՛ըսէ, թէ ամերիկացիները կը զօրակցին սուրիացի տեղահանուածներուն անյապաղ տունդարձին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի հետ ամերիկեան վարչակազմին հիմնական հարցը այն է, որ Հըզպալլայի մարտիկները Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ծրագիրը ձախողեցուցած են:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք իմացած են, թէ Փոմփէօ Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմի հաւանականութեան մասին չէ խօսած, «ընդհակառակն` Փոմփէօ այդ մասին լուսաբանական հարցումներուն ակնարկելով յայտնած է, թէ ինք Իսրայէլ գտնուած պահուն արգիլած է պատերազմի հաւանականութիւնը: Սակայն հոս պէտք է հաստատել, որ Իսրայէլ տակաւին կը մնայ սարդոստայնէն աւելի տկար, եւ միայն լիբանանցիները կրնան արգիլել պատերազմը` իրենց ներքին միասնականութեամբ եւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազով», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին, որոնք միացեալ կեցուածքներով պատասխանեցին Փոմփէոյին` արտայայտելով լիբանանեան պետութեան յստակ կեցուածքները:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր քաղաքական ուժերուն, որոնք զօրակցեցան Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքական այն ուժերուն, որոնք մերժեցին ընդառաջել Փոմփէոյի սերմանած սադրանքներուն:
aztagdaily.com/archives/432231