«Ուաշինկթըն Արեւմտեան Կիսագունդի Մէջ Օտարերկրեայ Զինուորական Ներկայութիւն Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Պոլթըն

27 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն մոլորակի արեւմտեան կիսագունդի գործերուն օտարերկրեայ զինուորականներու միջամտութիւն «պիտի չհանդուրժէ»:

«Միացեալ Նահանգներ պիտի չհանդուրժեն, որ թշնամական օտարերկրեայ զինուորականները միջամտեն արեւմտեան կիսագունդի երկիրներու ընդհանուր նպատակներու` ժողովրդավարութեան, անվտանգութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ձեռքբերման: Վենեզուելացի զինուորականները պէտք է բռնեն երկրի ժողովուրդին կողմը», գրած է ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ:

Պոլթըն նաեւ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «պարէնամթերք եւ դեղորայք կ՛ուղարկեն Վենեզուելա` այնտեղ փտած բռնատէրին աջակցելու համար հիւլէական ռմբաձիգներ ու մասնայատուկ ուժեր ուղարկելու փոխարէն»:

«Ռուսիան պէտք է աշխատի միջազգային ընտանիքին հետ վենեզուելացի ժողովուրդին օժանդակելու համար», ընդգծած է ան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ օդուժի երկու փոխադրական օդանաւեր հասած են Քարաքաս եւ այնտեղ տեղափոխած սպառազինութիւններու մասնագէտներ ու բեռներ: Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ դէմ արտայայտուած են Վենեզուելայի տարածքին մէջ ռուս զինուորներու ներկայութեան: Կազմակերպութենէն աղբիւրներ յայտնած են, որ Վենեզուելայի մէջ այդպիսի զինուորական ներկայութիւնը սահմանադրական չէ, որովհետեւ հաւանութեան չէ արժանացած երկրի Ազգային ժողովին կողմէ, որ կը գտնուի ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ:

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, Նիքոլաս Մատուրոն չի ճանչնար իբրեւ Վենեզուելայի օրինական նախագահ եւ կը զօրակցի ինքզինք ժամանակաւոր նախագահ հռչակած Խուան Կուայտոյին:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած էր. «Ուաշինկթըն ձեռնածալ պիտի չմնայ ի տես Վենեզուելայի մէջ Մոսկուայի դերակատարութեան»:

aztagdaily.com/archives/432244

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail