Լուծման Ճամբու Քարտէս` Միայն Հայկական Ուղիով

28 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ա. Ա.

Արցախի տագնապին առնչուած միջազգային փաստաթուղթերով ամրագրուած լուծման ճամբու քարտէսներու տարրերուն տրուած մեկնաբանութիւններն են ներկայիս խնդրոյ առարկան, որոնք ուշադրութեան կիզակէտի վերածուած են յատկապէս Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ որոնց համար տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին սկսումը պայմանաւորուած կը թուի ըլլալ այդ մեկնաբանութիւններուն շուրջ որոշ համախոհութեան կամ նոյնութեան առկայութեամբ:

Ճիշդ է, որ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը յայտարարած է, որ մօտիկ ապագային վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան կայացնել հանդիպում մը, որմէ առաջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին եւ, ըստ Մինսքի խումբի համանախագահութեան, կը քննարկեն լուծման հոլովոյթին առնչուած օրակարգի խնդիրները, որոնք ապա կը ներկայացուին Փաշինեանի եւ Ալիեւի: Երկրորդ եւ առաջին մակարդակներու վրայ կատարուելիք բանակցութիւններուն էութեան շուրջ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, ինչպէս յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանը, ունին իրենց մօտեցումը:

Արցախեան պատերազմի զինադուլէն` 1994-էն ի վեր, քսանհինգ տարիներու ընթացքին, բանակցային հոլովոյթը ապրած է տարբեր հանգրուաններ եւ անցած է փուլերէ, որոնց միջեւ հասարակ յայտարարը այն է, որ հայկական եւ ազրպէյճանական կեցուածքներուն միջեւ ոչ մէկ նշանակալից մօտեցում կամ համախոհութեան մը հասնելու գէթ հեռանկարային յոյս գոյութիւն ունի: Կեցուածքները կը մնան հակադիր, եւ անոնք տարբեր ժամանակներ հասած են նաեւ ամբողջական պատերազմի մը դռները, յատկապէս` Ազրպէյճանի ռազմաշունչ եւ անզիջող կեցուածքներուն պատճառով:

Այս քսանհինգ տարիներու ընթացքին նաեւ տագնապին լուծման միջավայրին քուլիսներուն մէջ եզրերու եւ տարրերու տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կատարուած են եւ կը շարունակուին կատարուիլ: Թէ՛ միջազգային օրէնքի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ թէ՛ հողային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքներուն յարգումը պահանջող եւ մատնանշող միջազգային միջնորդներուն մօտեցումը, նաեւ լուծման ճամբու քարտէսներու տարրերուն եւ եզրերուն տրուած մեկնաբանութիւններուն բազմազանութիւնը լուծման ուղին վերածած են խճողուած, խճճուած եւ փակուղիներով լեցուն ճամբու մը, ուր բախումը հայկական եւ ազրպէյճանական կեցուածքներուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ իսկապէս միջազգային ոչ մէկ զօրակցութիւն կամ մերժողական կեցուածքի արժանացած է: Խուսանաւում եւ խուսափում եղած են ու կը մնան ըլլալ միջազգային ընտանիքին մօտեցումները, որոնց մէջ, ամէնէն լաւագոյն պարագային, կը յայտարարուի, որ տագնապին լուծման բանալիները հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն մօտ կը գտնուին, եւ թէ` միջազգային միջնորդութիւնը միայն… միջնորդութիւն է, որ կը ջանայ բանակցային հոլովոյթի յառաջընթացին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել: Այդքա՛ն:

Թէ Արցախի տագնապին էութիւնը հողային տարածքներու գրաւում, բռնագրաւում կամ իւրացում չէ, յստակ է: Թէ` տագնապը առաջնակարգօրէն ժողովուրդի մը իր հողերուն վրայ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու արդար պայքարի մը դիմաց Ազրպէյճանի անզիջողութիւնն է, վիճելի չէ: Թէ` տագնապը հետեւանք է պատմական ահաւոր անարդարութեան մը, հակաճառութեան ենթակայ չէ: Ասոնք արցախեան տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթին հիմերը կը կազմեն եւ մնացեալը` հողային ամբողջականութեան ազրպէյճանական չհիմնաւորուած թեզ, Ղարաբաղի ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու խնդիր եւ այլն, չեն դիմանար առարկայական փաստարկներու եւ փուլ կու գան:

Բայց կայ ամէնէն էականը: Տագնապին լուծման պատկերացումներու եզրերուն եւ տարրերուն մեկնաբանութիւնները ճշգրտելու, արդարացի հիմնաւորումներու եւ առարկայական պատճառաբանութիւններու վրայ կառուցուած սրբագրութիւններու աշխատանքը որո՞ւ իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ: Երբ Պաքու` անգիտանալով Արցախի հայ բնիկ ժողովուրդին իր պապենական հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու արդար իրաւունքը` կը խօսի իր հողային ամբողջականութեան սկզբունքէն առաջնորդուելով, որ, օրինակի համար` պիտի վճռէ, թէ պատմաքաղաքական որոշակի սխալի մը հետեւանք է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին կցելու որոշումը: Ասիկա կրնայ բանակցութիւններու գնացքը ճիշդ գիծին վրայ դնել: Բայց միջազգային միջնորդները բնաւ պատրաստ պիտի ըլլա՞ն նման ճշգրտում կատարելու: Չէ՞ որ միջնորդական առաքելութեան համամտութիւն տուած պետութիւններուն իւրաքանչիւրը կ՛առաջնորդուի իր սեփական շահերէն, եւ դիւանագիտական քաշքշուկը կրնայ այսպէս տարինե՜ր ու տարիներ երկարիլ` մերթ ընդ մերթ մատի թափահարումներով, թէ ստեղծուած գոյավիճակն (սթաթիւս քօ) ալ անընդունելի է: Ուրիշ ոչինչ:

Ուրեմն, եզրերու եւ տարրերու մեկնաբանութեան վերանայման, ճշգրտման, մօտեցման եւ հասարակ յայտարարներ գտնելու դիւանագիտական պատերազմի մը բոլոր տուեալներու այն հանգրուանին, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի, ու նաեւ սփիւռքի միջեւ ամբողջական համակարգման, համագործակցութեան եւ կեցուածքներու նոյնանման դրսեւորումներու կարիքը համազգային պահանջ է, որպէսզի ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը առաւելներ չարձանագրէ: Եւ` որպէսզի բանակցային հոլովոյթը իր ճիշդ հունին մէջ դրուի:

aztagdaily.com/archives/432343

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail