28 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական զինուորական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի գիշերուան ժամը 11:00-ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Հալէպի հիւսիսարեւելեան արուարձաններու Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրին համաձայն, վնասները նիւթական են, մարդկային վնաս չէ արձանագրուած։
aztagdaily.com/archives/432408