Լիմայի Խմբակը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Վենեզուելայի Մէջ Ռուսական «Գրգռութեան» Նկատմամբ

28 ՄԱՐՏ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

13 լատինամերիկեան երկիրներէ եւ Քանատայէն կազմուած Լիմայի խմբակը դատապարտեց Վենեզուելայի մէջ ռուսական զինուորական օդանաւերու ներկայութիւնը` զայն նկատելով գրգռութիւն մը, որ կը վտանգէ շրջանային խաղաղութիւնը:

Լիմայի խմբակի անդամ երկիրները յայտնեցին, որ մտահոգ են «ռուսական զինուորական երկու օդանաւերու ժամանումով», եւ դատապարտեցին «որեւէ գրգռութիւն կամ զինուորական տեղակայում, որ կը վտանգէ շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ խմբակին անդամներէն Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

2017-ին Վենեզուելայի քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամին շրջանային լուծումի մը ջատագովման համար Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ կազմուած խմբակը նաեւ «Նիքոլաս Մատուրոյի անօրինական վարչակարգին հետ» տակաւին բարեկամական կապեր ունեցող երկիրներուն կոչ ուղղեց` ժողովրդավարական լուծումի մը որոնումին օժանդակելու:

Լիմայի խմբակի անդամները` Արժանթինը, Պրազիլը, Քանատան, Չիլին, Քոլոմպիան, Քոսթա Ռիքան, Կուաթեմալան, Կույանան, Հոնտուրասը, Փանաման, Փարակուէյը, Փերուն եւ Սանթա Լուչիան Կուայտոն կը ճանչնան իբրեւ Վենեզուելայի ժամանակաւոր նախագահ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան շաբաթ օր Քարաքաս ուղարկած էր 100 զինուորներ եւ 35 թոն զինուորական բեռներ փոխադրող զինուորական երկու օդանաւեր:

Վենեզուելայի ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօ յայտնեց, որ Ռուսիոյ քայլը կը խախտէ երկրին սահմանադրութիւնը, սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ ռուս զինուորներուն տեղակայումը «բացարձակապէս համահունչ է այդ երկրի սահմանադրութեան հետ եւ ամբողջովին կը յարգէ անոր օրէնսդրական արժեչափերը»:

Միւս կողմէ, անծանօթ անձեր Քարաքասի մէջ յարձակում գործեցին Կուայտոյի ինքնաշարժին վրայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ դատապարտեց այդ արարքը եւ յայտարարեց, որ իրենց հակառակորդները այդ ձեւով չեն կրնար յետաձգել անխուսափելին` «ժողովրդավարութեան խաղաղ վերականգնումն ու Վենեզուելայի ժողովուրդի բարգաւաճումն ու կայունութիւնը»:

aztagdaily.com/archives/432425

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail