Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Ուղարկէ Իրան

29 ՄԱՐՏ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայաստան պիտի մասնակցի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ջրհեղեղէն տուժածներու օգնութեան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Մարտ 29-ին ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ այս մասին ըսած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան:

«Կը ցանկանք Իրան ուղարկել մարդասիրական օգնութիւն, որ կը կազմակերպուի ռուս-հայկական մարդասիրական կեդրոնի միջոցով` այնտեղ նաեւ անոնց մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ: Պիտի ուղարկուին տեխնիկական միջոցներ, մեքենաներ եւ փրկարարներ»,-ըսած է Ցոլակեան:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան կարեւոր համարած է այս օգնութեան կազմակերպումը բարեկամ երկրի համար:

Մարտ 28-ին նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան ընդունած էր Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաջատին:

Նախարարը ցաւակցութիւն յայտնած էր նախորդ շաբաթ Իրան պատուհասած ջրհեղեղի կապակցութեամբ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած օժանդակելու տուժածներուն:

Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուած են Իրանի Կարմիր մահիկի միջազգային կազմակերպութեան հետ բանակցիլ` ջրհեղեղէն տուժած մարդոց օժանդակելու համար:

yerakouyn.com/2019/03/29/հայաստան-մարդասիրական-օգնութիւն-պիտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail