27 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
23 մարտ 2019-ին Միացեալ Նահանգներ եւ քրտամէտ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ իրենց 4 տարուան պատերազմը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ վերջ գտաւ ահաբեկչական խմբաւորումին պարտութեամբ, երբ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող վերջին քաղաքը` Պաղուզը ինկաւ քրտական ուժերուն ձեռքը:
Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Մուսթաֆա Պալի իր թուիթըրեան էջին մէջ յայտարարեց, որ քաղաքը ազատագրուած է, եւ շուտով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուեցան նկարներ ու վիտէոներ, ուր ցոյց կը տրուէր, թէ քրտական ուժերը վար կ՛առնէին ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակը եւ կը ծածանէին քրտական ջոկատներուն դրօշները:
Այո՛, մէկը չի կրնար անտեսել քրտական ուժերուն բացառիկ կռիւները եւ յարգանքի տուրք չմատուցել անոնց նահատակներուն, սակայն նաեւ այս պատերազմին հսկայ դերակատարութիւն ունեցան սուրիական բանակը, Հըզպալլայի ուժերը եւ ռուսական օդուժը: Սակայն արդեօք սուրիացի մայրերուն արցունքները պիտի չորնա՞ն, եւ արդեօք ՏԱՀԵՇ-ը պարտուեցա՞ւ: Ո՛չ:
Արդեօք կարելի՞ է յաղթել գաղափարախօսութեան մը,որ ունի միլիոնաւոր համակիրներ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ինտոնեզիա եւ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա: Վերջին տարիներուն ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութիւնները Գերմանիոյ, Անգլիոյ,Ֆրանսայի, Դանիոյ, Պելճիքայի, Շուէտի եւ Սպանիոյ մէջ ցոյց կու տան, որ այս կազմակերպութիւնը ունի հսկայ ցանց մը: Ըստ «ԹԷ ՍԱԹ»-ի, 2015-ին Եւրոպական Միութեան մէջ ձերբակալուեցան ՏԱՀԵՇ-ի 687 համակիրներ եւ ահաբեկիչներ, 2016-ին` 718, իսկ 2017-ին` 705:
Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել գաղափարի մը, որ դարերու ընթացքին արմատացած է կրօնի, մշակոյթի եւ պետական ու հետախուզական կեդրոններու քաղաքականութեան մէջ: ՏԱՀԵՇ-ի բարբարոսութիւնը նորութիւն մը չէ,մոնկոլական արշաւանքներէն եւ Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած Ցեղասպանութենէն մինչեւ իրաքեան եւ սուրիական պատերազմը` այս բոլոր արհաւիրքները ցոյց կու տան, որ այս գաղափարը արմատացած է կրօնին եւ մշակոյթին մէջ: Առաւել եւս Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի պատերազմի ընթացքին օժանդակած են այս գաղափարախօսութեան հետեւորդներուն` Խորհրդային Միութեան բանակին դէմ:
Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթել ՏԱՀԵՇ-ին` առանց պայքար մղելու աղքատութեան, անգործութեան, ցեղային եւ համայնքային խտրականութեան, կնոջական իրաւունքներու ոտնակոխման դէմ: Ո՞ւր մնացին եզիտիներու ցեղասպանութեան եւ հազարաւոր ասորիներու ու այլ քրիստոնեայ խմբաւորումներու տունդարձի հարցերը: Ըստ միջազգային կազմակերպութիւններուն, արաբ բնակչութեան 40,6 առ հարիւրը կ՛ապրին աղքատութեան, իսկ երիտասարդներուն 35առ հարիւրը` անգործութեան մէջ: Իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ գրագիտութեան մակարդակը հազիւ կը հասնի 60-65 առ հարիւրի: Այս թիւերը մտահոգիչ են, որովհետեւ կրնան որեւէ ժամանակ վերածուիլ ընկերային հարցերու մէկական ռումբերու,որոնց մինչեւ օրս շրջանի պետութիւնները լուծումներ չունին:
Այս բոլորին անդրադառնալով` կրնանք ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ը իբրեւ գաղափար ու կազմակերպութիւն` կը գործէ եւ պիտի գործէ, այնքան ատեն որ ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները շրջանին մէջ չեն լուծուած եւ քաղաքական հարցերը կը մնան բարդ:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
– Arab Multidimensional Poverty Report, 2017,http://www.ophi.org.uk/wp-content/uploads/ArabMPI-En-1.pdf
– Arab Countries ranked by Unemployment Rate, 2018, https://stepfeed.com/arab-countries-ranked-by-youth-unemployment-7359
aztagdaily.com/archives/432170