Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին (Շար. 23 եւ վերջ)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

25 ՄԱՐՏ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Լեւոն Քալանթարեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1879-ին, Զաքաթալա, Ազրպէյճան: Փոքր տարիքէն կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:

Պաքուի մէջ` իբրեւ գործիչ, կը մասնակցի ռումբերու պատրաստութեան աշխատանքին:

1904-ին կը մեկնի Կարս, կը մասնակցի զանազան կռիւներու եւ հրաշքով կ՛ազատի:

Պաքուի մէջ կը վերսկսի զէնքի գնման ու փոխադրութեան գործին` Հիւսիսային Կովկասէն մինչեւ Թիֆլիս եւ հոնկէ ալ մինչեւ թրքական սահման:

1918-ին, Պաքուի կռիւներուն, կը կազմակերպէ պահեստի ուժերը, ռազմամթերք ու կռուող ուժեր կը մատակարարէ ռազմաճակատին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրով Երեւանի մէջ կը նշանակուի գաղտնի ոստիկանութեան պետ:

1920-ին Լեւոն Քալանթարեան Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ կը մեկնի Բաշ Գեառնի` այնտեղ գտնուող հայդուկներուն զգաստութեան հրաւիրելու, որպէսզի չենթարկուին պոլշեւիկեան լուծին:

Լեւոն Քալանթարեան կը մահանայ 1964-ին, Իրան:

Գառնիկ Քալաշեան

Գառնիկ Քալաշեան.- Հայ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 16 մայիս 1885-ին, Վաղարշապատ: Աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը (1906): Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է հայկական գրական ընկերութեան, ապա` «Վերնատան» աշխատանքներուն, 1907-ին եղած է Մոսկուայի առեւտուրի հիմնարկի ազատ ունկնդիր:

Սերտ կապեր ունեցած է Լազարեան ճեմարանի յեղափոխական ուսանողութեան հետ, մասնակցած է ցոյցերու, թռուցիկներ տարածած, 1909-ին ձերբակալուած է, նետուած է Մոսկուայի Տագանկայի քաղաքական բանտարկեալներու բանտը: Տիրապետած է ռուսերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, պարսկերէն, վրացերէն լեզուներուն:

«Ներշնչումներ» (1908) եւ «Բանաստեղծութիւններ» (1916) ժողովածուներուն մէջ Քալաշեան սիրոյ, կարօտի, հայրենասիրութեան, աշնան նուագներուն միախառնած, ներբողած է «պայքարի շառաչը»: Աշխատակցած է պարբերական մամուլին («Գեղարուեստ» եւ այլն), հանդէս եկած է գրականագիտական յօդուածներով, ակնարկներով, թարգմանութիւններով, ստորագրած է` Մենորդ, Միրաժ, Անցորդ, Գ. Ք.:

1918-ին Քալաշեան եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ, ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:

Գառնիկ Քալաշեանը մահացած է 1 նոյեմբեր 1921-ին, Երեւան, թաղուած է Էջմիածնի մէջ:

Յովհաննէս Քաջազնունի

Յովհաննէս Քաջազնունի.- Ճարտարապետ, փրոֆեսէօր, քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1868-ին, հայկական Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը: Հայրը քահանայ էր: Նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Թիֆլիս, ուր կը ծանօթանայ Քրիստափոր Միքայէլեանին, Զաւարեանին եւ Ռոստոմին ու կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Մոսկուա, ուր կ՛աւարտէ ճարտարապետական վարժարանը: Ուսումը աւարտելէ ետք կը փոխադրուի Պաքու, ուր կը նուիրուի իր մասնագիտութեան: Շուտով որակեալ դիրք կը գրաւէ իբրեւ ճարտարապետ եւ հանրային գործիչ: Անոր ծրագրով եւ անմիջական հսկողութեան տակ կը շինուի Պաքուի հայոց եկեղեցին: Կ՛աշխատակցի հայ եւ ռուս մամուլին: Լոյս կ՛ընծայէ նաեւ հայերէն հատընտիր բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը:

1905-ին կ՛անցնի Ֆրանսա եւ Պելճիքա, ուրկէ կ՛աշխատակցի Պաքուի ռուսերէն «Պաքու» թերթին: Ապա կը փոխադրուի Թուրքիա, Վասպուրականի շրջանը:

1914-ի աշնան կը յաջողի անցնիլ Կովկաս, ուր կը մասնակցի Ազգային բիւրոյին: Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ` կ՛աշխատի Անդրկովկասի Սէյմի մէջ: Մասնակցած է նոյնպէս Տրապիզոնի եւ Պաթումի հաշտութեան բանակցութիւններուն:

28 մայիս 1918-ին Հայոց ագգային խորհուրդը Քաջազնունին կը նշանակէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ: Համախոհական հիմունքով կը վերակազմուի Քաջազնունիի կառավարութիւնը, որուն կը մասնակցին Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) ներկայացուցիչները: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութիւնը ան կը գլխաւորէ մինչեւ 1919-ի սկիզբը:

Քաջազնունի 4 յունիս 1918-ին Պաթումի դաշնագիրը ստորագրող պատուիրակութեան անդամ էր:

1919-ին կը ճամբորդէ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ` օժանդակութիւն եւ նիւթական յատկացումներ ապահովելու համար:

1919-1920 թուականներուն մասնակցած է Փարիզի հաշտութեան համագումարին: 1920 սեպտեմբերին վերադարձած է Երեւան, ստանձնած է խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնը:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը մնայ Երեւան, ուր կը բանտարկուի դաշնակցական այլ ղեկավարներու հետ: 1921-ին` Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ ազատուած է բանտէն: 18 փետրուարի յեղաշրջումէն ետք կ՛անցնի Պարսկաստան, ուրկէ Միջագետքի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի վրայով կ՛երթայ Պոլիս, եւ հուսկ կը հաստատուի Պուքրէշ, Ռումանիա:

1924-ի աւարտին փափաք կը յայտնէ վերադառնալու Հայաստան, կը մեկնի հայրենիք, ուր կ՛ապրի դժգոհ կեանք մը, ստալինեան լուծին տակ:

29  յուլիս 1937-ին Յ. Քաջազնունին կը ձերբակալուի եւ 10 յունուար 1938-ին կը գնդակահարուի:

Համօ Օհանջանեան

Համազասպ (Համօ) Օհանջանեան.- Հայ քաղաքական եւ պետական գործիչ, բժիշկ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: 1920 թ. եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ, անոր կառավարութիւնն է, որ ստորագրած է Սեւրի դաշնագիրը:

Ծնած է Ախալքալաք, Ջաւախք: Ծննդեան օրուան մասին կայ երեք տարբերակ` 1873 թ., կամ 1 փետրուար 1874 թ., կամ 10 փետրուարին:

Համօ Օհանջանեանը նախնական ուսումը ստացած է Ախալքալաքի դպրոցը, իսկ այնուհետեւ աւարտած է Թիֆլիսի ռուսական վարժարանը: Ապա մեկնած է Մոսկուա` բժշկական կրթութիւն ստանալու: Այդ շրջանին ալ կապեր հաստատած է յեղափոխականներու հետ: Ուսանողական ըմբոստութիւններու մասնակցութեան պատճառով կը հեռացուի ոչ միայն համալսարանէն, այլեւ` Մոսկուայէն: Կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր 1897-ին իրեն կը միանայ ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին` ռուս յեղափոխական Օլկա Վասիլեւնան. կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան երեք զաւակ` 2 մանչ (Մոնիկ եւ Արիկ) եւ դուստր մը (Գալիա):

1899-ին կը մեկնի Զուիցերիա` Լոզանի մէջ բժշկական մասնագիտացման համար: 1902-ին աւարտելով ուսումը` կը վերադառնայ Թիֆլիս:

1903-ին կը հանդիսանայ ժողովրդական շարժումի ծրագրողներէն մէկը, որ ուղղուած էր ցարական իշխանութեան 12 յունիսի օրէնքի դէմ, որով հայ եկեղեցական կալուածները կը պետականացուէին եւ կը բռնագրաւուէին: Օհանջանեանը կը մասնակցի ՀՅԴ Գ. եւ Դ. Ընդհանուր ժողովներուն, կը դառնայ Արեւելեան Բիւրոյի անդամ: Համօ Օհանջանեանը պատմական դեր կատարած է` Դաշնակցութիւնը փրկելով ներքին պառակտման փորձերէն:

Համօ Օհանջանեան աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց 1905-ին համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին` թէ՛ ցարական կարգերը ժողովրդավարական արմատական բարեկարգման ենթարկելու պայքարին մասնակցելու, թէ՛ ցարիզմի հրահրած հայեւթաթարական ընդհարումները հակակշռելու առումներով:

Համօ Օհանջանեան 1908-ին մօտ 160 դաշնակցականներու հետ կը ձերբակալուի ցարական իշխանութեան կողմէ եւ կը նետուի Մետեխի բանտը, ապա նաեւ` Խարքով, ուր խիստ կը վատթարանայ անոր առողջութիւնը, այնուհետեւ Օհանջանեանը կ՛ուղարկեն Սիպիր` ապրելու, իբրեւ աքսորեալ ու բարելաւելու առողջական վիճակը: Այնտեղ է, որ իր ետեւէն կը մեկնի նաեւ Ռուբինա Արէշեանը` զօրավար Միքայէլ Արէշեանին քոյրը, որ մեծ սիրով լեցուած էր Օհանջանեանի նկատմամբ ու Սիպիրի մէջ անոնք կ՛ամուսնանան:

Կալանաւորուած ժամանակաշրջանին, մինչեւ 1912-ի «Դաշնակցութեան դատը», Համօ Օհանջանեան ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուեցաւ Մետեխի մէջ, որպէսզի խոստովանի Դաշնակցութեան «մեղքերը», սակայն ան մնաց տոկուն ու կուռ` իր սկզբունքներուն:

Ա. Աշխարհամարտի բռնկումէն ետք Համօ Օհանջանեան ազատ արձակուեցաւ եւ սիպիրեան իր կալանավայրէն ուղղակի Թիֆլիս վերադարձաւ եւ, իբրեւ բժիշկ, իր պատասխանատու դերակատարութիւնը ստանձնեց ռազմաճակատներու վրայ` հայ կամաւորական գունդերու մղած կռիւներուն ընթացքին: Յատկապէս հայ զինուորներու խնամատարութեան մէջ օրհնաբեր եղաւ Համօ Օհանջանեանի գործունէութիւնը:

Համօ Օհանջանեան նոյնպէս կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ Վանի մէջ, ուր Արամ Մանուկեանի աջ բազուկը դարձաւ:

Հայաստանի անկախացման հերոսամարտներու օրերուն Համօ Օհանջանեան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որուն ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին: Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք Համօ Օհանջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան պետական կռուաններու ամրապնդումին:

1918-ին, իբրեւ պատուիրակ ուղարկուած է Գերմանիա` հայ-թրքական հարցերուն մէջ գերմանական միջնորդութիւնը ապահովելու համար եւ ապա` Հայաստանի անկախութեան ճանաչումն ու ապահովութիւնը հետապնդելու համար:

Եղած է Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ` Փարիզի վեհաժողովին:

1919-ին Հայկական հարցը Բ. Միջազգայնականին ներկայացնելու համար կ՛ուղարկուի Պեռն:

Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին (1919) ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, իր մեծ օժանդակութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական կապերու ընդլայնումի եւ ամրապնդումի աշխատանքներուն մէջ: Եղաւ հաշտութեան խորհրդաժողովներուն մասնակցող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան փոխնախագահ: Յունուար 1920-ին արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, իսկ մայիսին վարչապետ` Հայաստանի Հանրապետութեան:

1920 դեկտեմբերին նորահաստատ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը կը ձերբակալէ Համօ Օհանջանեանը եւ կը բանտարկէ Երեւանի մէջ: 18 փետրուար 1921-ին ապստամբութեան Երեւանի բանտէն այլ դաշնակցական ղեկավար գործիչներու հետ կ՛ազատի:

Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան ճնշուելէն ետք Համօ Օհանջանեան Զանգեզուրի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուրկէ 1923-ին գնաց Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ:

1928-ին Համօ Օհանջանեան հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան կազմութեան աշխատանքներուն: Ընտրուեցաւ նորակազմ միութեան նախագահը եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը:

Տարագրութեան այդ ամբողջ շրջանին եւս Հ. Օհանջանեան մաս կազմեց ՀՅԴ Բիւրոներուն: Անոր կուսակցական ազգանունը Մհերեան էր:

Համօ Օհանջանեան 31 յուլիս 1947-ին, Գահիրէի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, կը մահանայ:

Սարգիս Օհանջանեան

Հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1869-ին, Վաղարշապատ: 1889-1892` ռուսական բանակի զինուոր: Ծանօթ է Ֆարհատ ծածկանունով:

1892 սեպտեմբերին` իբրեւ դաշնակցական գործիչ, Ատրպատական կը հաստատուի, ապա` Թաւրիզ, Ագուլիս եւ Երեւան: 1894-ին` դարձեալ Ատրպատական: Կը մասնակցի Դերիկի վանքի առաջին կռիւին: Ապա, սեպտեմբերին, Պետոյի խումբին հետ կ՛անցնի Վան: Ամիս մը ետք Թաւրիզ` ուսուցչական պաշտօնով: 1895-ին Թիֆլիսի մէջ կը մասնակցի Ռայոնական ժողովին:

Շրջան մը Պաքու մնալէ ետք, 1897-ին դարձեալ կ՛անցնի Սալմաստ: Կը մասնակցի Խանասորի արշաւանքին: Ապա` վերստին Պաքու:

1902-ին նոր փորձ մը կ՛ընէ Երկիր անցնելու, բայց վտանգուած` Վանէն կը վերադառնայ: Կը դառնայ Երեւանի դաշնակցական կարեւոր դէմքերէն մէկը: Հայ-թաթարական կռիւներուն կը նշանակուի Երեւանի ուժերու պետ:

1917-ին կը մասնակցի Երեւանի Ազգային խորհուրդի աշխատանքներուն:

1918-ին` Երեւանի Յատուկ կոմիտէի գործավար, ապա` ներքին գործոց նախարարութեան գործավար:

Սարգիս Օհանջանեան կը մահանայ բծաւոր տիֆէ, 1918-ին, Երեւան:

(Շար. 23 եւ վերջ)

aztagdaily.com/archives/432017

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail