30 ՄԱՐՏ 2019 –
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպահայութիւնը մեծ բերկրանքով ողջունեց Արամ Ա. վեհափառին հովուապետական այցելութիւնը Ուրբաթ, 29 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 4ին, հոծ բազմութեամբ համախմբուելով Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց:
Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ կազմի անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան, բարերար Նազարէթ Սապունճեան,
Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Զաւէն աբղյ. Նաճարեան, Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ կաթողիկոսութեան մամլոյ յանձնախումբը:
Վեհափառը դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, պատկան մարմինի, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը։
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ հալէպահայութեան կողքին՝ զօրակից, մասնակից Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն», յայտարարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը։
asbarez.com/arm/341480/Արամ-Ա-Կաթողիկոս-Հալէպ-Ժամանեց/