02 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
«Եւ ճշմարիտ հերոսները նրանք են միայն, որոնք մեծագործում են եւ առաքինանում իրենց վտանգուած հայրենիքը պաշտպանելու ժամանակ»
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
2016 ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը կը միտէր կայծակնային յարձակումով ռազմական բեկում յառաջացնել Արցախի հիւսիսային, հարաւային եւ կեդրոնական պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ստուարաթիւ մասնակցութիւնը, նոր հրթիռային համակարգերու, անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ ժամանակակից զինատեսակներու օգտագործումը կը փաստեն այն իրողութիւնը, որ Ազրպէյճանի կայծակնային այս յարձակումը կը նպատակադրէր ռազմական բեկում յառաջացնել Արցախի Պաշտպանական բանակի ողնաշարին: Ազրպէյճանական բանակի գերազանցող ուժերու աշխարհագրական լայն տարածութեան վրայ սփռուած յարձակումը զսպուեցաւ հայկական բանակի հրետանային հակամարտկոցային կրակով, որմէ ետք միայն հրադադարն էր, որ կասեցուց հայկական կողմի պատասխան հակագրոհը:
Ապրիլեան պատերազմը իրողութեան մէջ փանթուրանականութեան երկարաժամկէտ ծրագրի իրագործման մէկ օղակն է. այդ մէկը կը վկայէ թրքական ռազմական հրահանգիչներու եւ սպաներու թուաքանակի շարունակական բարձրացումը Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի մէջ: Այդ մէկը կը վկայէ նաեւ պատերազմի նախորդող ամիսներուն եւ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին յստակ եւ ծրագրուած թուրք-ազրպէյճանական տեղեկատուական լայնածիր հակահայ քարոզչական արշաւը: Անգարա-Պաքու փանթրքական առանցքի հիմնական խոչընդոտը Հայաստանի լեռնային դարպասը հանդիսացող Արցախն է:
Պալքանեան բարձրաւանդակէն մինչեւ Չինաստանի սահմանները երկարող կայսերապաշտական մոլեռանդ փանթուրանականութեան իրաւայաջորդը այսօր փանթրքութիւնն է, եւ այս գաղափարախօսութեան հիմնական արգելքը Հայաստանն է: Իսկ համաթուրանականութեան գործընթացը պատմութեան մէջ յատկանշուած է որպէս այլ ժողովուրդներ թրքացնելու, դաւանափոխելու եւ, ընդհուպ, մինչեւ բնաջնջելու պատմական հոլովոյթով:
Քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ հայրենիքին սպառնացող վտանգի ընթացքին համազգային զօրաշարժով համախումբ ու միատարր է հայութիւնը: Հայոց պատմութեան էջերուն վրայ պիտի արձանագրուի, թէ ինչպէ՛ս մարտական գործողութիւններու ազդանշանէն անմիջապէս ետք հազարաւոր պահեստազօրայիններ եւ կամաւորներ զէն ի ձեռին խրամադիրքերուն մէջ կանգնեցան հայ զինուորի կողքին:
Ապրիլեան պատերազմը տուաւ ուսանելի դասեր, որ` Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար, ժամանակակից գիտութիւնն ու արտաքին քաղաքականութիւնը, արհեստագիտութիւնն ու ռազմաքաղաքականութիւնը փոխադարձաբար միաձուլուած են իրարու հետ:
Սահմանամերձ բնակավայրերն ու տարածքները վերաբնակեցնելը զոյգ պետութիւններուն համար անյետաձգելի առաքելութիւն է, որուն զուգահեռ, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու տնտեսական զարգացման եւ աշխատատեղերու ստեղծման համար անհրաժեշտ է սփիւռքի գործարար ներուժի անմիջական ներդրումը այս բնագաւառին մէջ:
Պաքուի հետեւողական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ հայկական կողմի հաւանական փոխզիջումները երբեւիցէ երաշխաւորուած պիտի չըլլան: Ներկայ փուլին, օրուան հրամայականն է գերազանցօրէն սպառազինուած վիճակով հզօրացնել պաշտպանական գօտին եւ զայն վերածել անխորտակելի պատուարի եւ բանակցային հարթակին վրայ օգտագործել ճկուն դիւանագիտական մարտավարութիւն: Եթէ 11 տարի առաջ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի միջազգային օրէնքին վրայ հիմնուած` Քոսովոն անկախութիւն հռչակեց, ուրեմն Արցախը ունի անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները իր ճակատագիրը որոշելու եւ` յառաջիկայ փուլին միջազգային գետնի վրայ իբրեւ ինքնորոշուած անկախ պետութիւն գործելու:
Այսօր Արցախի սահմանային եւ ռազմաճակատային ինքնապաշտպանական համակարգը պէտք է յագեցած ըլլայ գերարդիական ռազմական արհեստագիտութեամբ եւ զինուորական սպառազինութեամբ: Հայ ժողովուրդին սպառնացող ազրպէյճանական թշնամական բռնարարքները կանխելու համար պատրաստ ըլլանք ազգովին վահանաւորելու մեր ամրոց պետութիւնը` Արցախը:
aztagdaily.com/archives/433087