«Կարեւոր Է Սփիւռքի Ներկայութիւնը Եւ Ներուժը Օգտագործել` Ի Սպաս Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչման Ուղղուած Ջանքերուն»

02 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ:

«Կարեւոր Է Սփիւռքի Ներկայութիւնը Եւ Ներուժը Օգտագործել` Ի Սպաս Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչման Ուղղուած Ջանքերուն», Կ՛ըսէ Նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, հրապարակային ելոյթներու եւ քաղաքական հանդիպումներու համար հիւրաբար Աթէնք այցելած Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեանը այցելեց նաեւ «Ազատ Օր»-ի խմբագրատուն, ուր հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ մեր թերթի խմբագրութեան հետ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Վերջին շրջանին բանակցային գործի ընթացքին մէջ աշխուժութիւն մը կը տեսնենք Արցախի հարցով: Որո՞նք են այս աշխուժութեան պատճառները:

ԼԵՌՆԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Աշխուժութիւնը սկսաւ այն ժամանակ, երբ մարտ 9-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յայտարարութիւն մը տարածեց, եւ այդ յայտարարութեան վերջին պարբերութիւնը հայանպաստ չէր: Մինչեւ հիմա համանախագահներուն յայտարարութիւնները զուսպ էին, բայց այս անգամ որոշակի յայտարարութիւններ եղան, որոնք այնքան ալ չեն նպաստեր ու այնքան ալ յարիր չեն Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան, որովհետեւ մէկ կողմին կը պարտադրեն զիջումներ, իսկ միւս կողմին` ոչ մէկ բան: Այսպէս հարցը չի լուծուիր:
Այսօր թիւ մէկ խնդիրը Արցախը վերադարձնելն է բանակցութիւններուն` որպէս լիարժէք կողմ, հարց մը, որ թէ՛ Արցախի իշխանութիւնները, թէ՛ Արցախի քաղաքական ուժերը միշտ իրենց յայտարարութիւններուն եւ հարցազրոյցներու ընթացքին կը պահանջեն: Առանց արցախեան կողմի ներգրաւման` որպէս բանակցութիւններու լիարժէք կողմ, հարցը դատապարտուած է չլուծուելու:
Այսօր ալ նման մտայնութիւն մը կայ Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յայտարարութիւնները այդ մասին կը վկայեն: Ազրպէյճան ինքը կը յայտարարէ, որ չի կրնար բանակցիլ Արցախի հետ: Ատիկա ապակառուցողական մօտեցում է, որովհետեւ առանց Արցախի` որպէս լիարժէք կողմ բանակցութիւններուն, որեւէ միջնորդական քայլ կը ձախողի: Այդ բոլորը կը հասկնան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան: 1994-էն սկսեալ այդ բանակցութիւններուն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պահպանուեցան, որովհետեւ եղած են եռակողմ: Ինչպէս` 1994-ին զինադադարի կնքումը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու փաստաթուղթերուն մէջ բանակցութիւններու այդ եռակողմ ձեւաչափը կար եւ 1994, 95, 96 թուականներուն ատիկա կը կիրարկուէր: Հիմա, թէ ինչո՛ւ Արցախը բանակցութիւններէն դուրս մնաց, չենք մանրամասներ: Անշուշտ որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կ՛այցելեն Ստեփանակերտ եւ Արցախի իշխանութիւններուն կարծիքը կ՛իմանան, բայց ատիկա բաւարար չէ, որպէսզի բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը վերականգնուի:

«Ա. Օ.».- Վերջին զարգացումներու վերիվայրումները որեւէ ձեւով ազդեցութիւն կ՛ունենա՞ն ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ:

Լ. Յ.- Որոշակիօրէն կրնան ազդել: Ի վերջոյ այդ յայտարարութիւններուն Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացի կը վերաբերի անհանգստութեամբ, որովհետեւ մեր երկրի ճակատագիրն է, մեր երկրի հարցն է, բայց որովհետեւ այդպիսի յայտարարութիւններ մենք շատ տեսած ենք, պէտք է այնպէս ընել, որպէսզի շատ ճիշդ դիւանագիտական ճանապարհով յառաջանանք, եւ այն սկզբունքները, որոնք չեն գոհացներ մեզ, եւ այդ Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք մշակուած են առանց Արցախի ժողովուրդին եւ զայն ներկայացնող իշխանութիւններու մասնակցութեան, չեն կրնար գործել: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնայ, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է Արցախը եւ Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը անպայման մասնակցին բանակցութիւններուն` որպէս լիարժէք կողմ: 1990-ական թուականներուն Ազրպէյճան կը բանակցէր, եւ նոյնիսկ կան փաստաթուղթեր` տակաւին Հայտար Ալիեւի օրերէն, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Արցախի իշխանութեան հետ կը բանակցէր զանազան հարցերու շուրջ` կապուած ռազմագերիներու, կապուած զինադադարի պահպանման հետ: Այս փորձը կայ եւ դարձեալ պէտք է դրուի բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ: Այդ պարագային, բանակցութիւնները կրնան հասնիլ արդիւնքի մը: Իսկ այսպէս` հեռակայ կարգով, որեւէ ձեւով` առանց Արցախի մասնակցութեան, չի կրնար լուծուիլ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը:

«Ա. Օ.».- Ի՞նչ կը պարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին առաջարկը:

Լ. Յ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, Ազրպէյճանի նախագահը, արտաքին գործոց նախարարները հանդիպած են իրարու հետ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այցելած են ե՛ւ Պաքու, ե՛ւ Երեւան, եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահը Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ: Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է օր առաջ կազմաքակուին եւ մղուին պատմութեան գիրկը: Նոր ձեւաչափ պէտք է: Հինով չես կրնար շարունակել, որովհետեւ հինը չ՛արտացոլացներ այն իրողութիւնները, որոնք այսօր իրականութեան մէջ կան: Այսինքն վերացականութեամբ չես կրնար կարգաւորում տալ այնպիսի հիմնախնդիրներու, ինչպիսիք են արցախեան հիմնախնդիրը: Տեսանք, որ Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք դրուած էին սեղանին, որեւէ արդիւնք պիտի չտան: Գործնական չեն, եւ անոնցմէ որքան շուտ հրաժարինք եւ ընդհանրապէս մղենք պատմութեան գիրկը եւ անոր այլեւս չանդրադառնանք, այնքան աւելի լաւ:

«Ա. Օ.».- 2016-ի Ազրպէյճանի ձախող յարձակումէն ի՞նչ դասեր քաղեցինք:

Լ. Յ.- 2016-ի ապրիլը ցոյց տուաւ, որ Ազրպէյճանը կրնայ սկսիլ պատերազմ` առանց հաշուի առնելու որեւէ միջազգային իրաւունքի սկզբունք: Դասը այն է, որ պէտք չէ հաւատալ Ազրպէյճանին, եւ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ կրնայ որեւէ պահու Ազրպէյճանը սկսիլ յարձակումի: Մինսքի խմբակը որքան ալ ուզէ, որ ամէն ինչ ըլլայ խաղաղ պայմաններով, մեր թշնամին չ՛ուզեր ատիկա, որովհետեւ մեր թշնամիին հիմնական խնդիրը մեզ ոչնչացնելն է: Շարունակ ա՛յդ կը յայտարարեն. ոչ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ազրպէյճանը խախտելով բոլոր միջազգային պարտաւորուածութիւնները` անվերահսկելիօրէն կը զինուի: Իր զէնքի գնման աշխարհագրութիւնը տարբեր է, գիտէք` Ռուսիա, Պիելոռուսիա, Փաքիստան, Իսրայէլ, Թուրքիա եւ այլն, այսինքն ինքը զէնք կ՛ապահովէ, ի վերջոյ պիտի չդնէ թանգարանին մէջ: Զէնքը կը գնէ յստակ նպատակով, որպէսզի սկսի ռազմական գործողութիւններու Արցախի ճակատին վրայ: Փա՛ռք Աստուծոյ, մեր Պաշտպանութեան բանակը մարտունակ է եւ կը կարողանայ լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրները: 2016-ին նոր սերունդը ցոյց տուաւ, որ ինքը կարող է իր հայրենիքը պաշտպանել, եւ սա մեզ կ՛ուրախացնէ:

«Ա. Օ.».- Ի՞նչ է սփիւռքին դերակատարութիւնը Արցախի հարցին մէջ: Ինչպիսի՞ քայլերով կրնայ օգտակար հանդիսանալ:

Լ. Յ.- Ինչպէս այս օրերուն հանրային ձեռնարկներու մէջ նշեցի, կարեւոր է սփիւռքին ներկայութիւնը եւ ներուժը օգտագործել ի սպաս Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքերուն: Բնականաբար շատ հեշտ գործ չէ, բայց մենք պէտք չէ կանգ առնենք այն դժուարութիւններուն առջեւ, որոնք այսօր կան, այլ պէտք է քայլ առ քայլ յառաջանալ: Այդ պատճառով խիստ կարեւոր է, որ մեր հասարակութիւնը դառնայ համաշխարհային հասարակութեան մաս, եւ Արցախի ժողովուրդը իրականացնէ իր բոլոր իրաւունքները եւ դառնայ միջազգային հանրութեան մէկ մասնիկը: Սփիւռքին դերակատարութիւնը կարեւոր է: Մենք ունինք մեր հայրենակիցները, որոնք սփռուած են աշխարհի տարածքին եւ լուռ դերակատարութիւն ունին որոշակիօրէն, եւ պէտք է այդ բոլորը օգտագործել եւ քայլ առ քայլ երթալ դէպի Արցախի միջազգային ճանաչում: Ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ ալ հեշտ չէր, նոյնիսկ բարեկամական երկիրներուն, ինչպէս` Յունաստանը, եւ մեր աւագ ընկերները ինծի պատմեցին, թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւններու առաջ կը կանգնէին: Յունաստանը եւ Թուրքիան որոշակի յարաբերութիւններ ունէին, եւ կրնար Ցեղասպանութեան ճանաչման այդ յայտարարութիւնը ազդել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ: Բայց յաղթահարուեցան դժուարութիւնները, եւ տեսէք, թէ 1965 թուականին ընդամէնը միայն մէկ երկիր ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը, միայն Ուրուկուէյը, բայց հիմա որքան երկիրներ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով: Պէտք է քայլ առ քայլ երթալ եւ պէտք է քաղաքապետութիւններու մակարդակով գործակցութիւն ունենալ, ինչպէս որ ունինք արդէն: 23 գործակցութեան պայմանագիր կայ` Ֆրանսայի, Պրազիլի եւ Լիբանանի քաղաքապետարաններուն հետ:
Այդպէս քայլ առ քայլ պէտք է յառաջանալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու ճամբուն վրայ, որովհետեւ Արցախի միջազգային ճանաչումը քայլ է` հետագային միաւորուելու համար մայր Հայաստանի հետ:

«Ա. Օ.».- Վերջին տարիներուն հայերու թէ օտարներու Արցախ այցելողներու թիւը աւելցած է: Ի՞նչ ծրագիրներ կան զբօսաշրջութեան մարզէն ներս:

Լ. Յ.- 2017 թուականին Արցախ այցելած է 23.000 զբօսաշրջիկ, այս տարի այդ թիւը հասաւ 28.000-ի: Նաեւ կ՛ընդլայնուի զբօսաշրջիկներու աշխարհագրական շրջանակը: Առաջին տեղը կը գրաւեն Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, բայց արդէն Արցախ կ՛այցելեն այլ երկիրներէ ալ, օրինակ` Թայլանտէն, Չիլիէն, այն երկիրներէն, ուր հայկական համայնք չկայ, կամ` շատ քիչ թիւ կայ, որով ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ: Սա անշուշտ ուրախալի է, բայց մեծ աշխատանք կայ կատարելու, եւ կը կատարուին տարբեր աշխատանքներ, տարբեր զբօսաշրջային ուղղութիւններ կը գծագրուին: Նաեւ, բացի մշակութային զբօսաշրջութենէն, կ՛աշխատինք զբօսաշրջութեան այլ ուղղութիւններ զարգացնելու, ինչպիսիք են` գինիի զբօսաշրջութեան, ակրօ զբօսաշրջութիւնը: Ամէն տարի սեպտեմբեր 14-ին կը կազմակերպենք գինիի փառատօն, որուն կը մասնակցին, բացի Արցախի մէջ գինի արտադրողներէն, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտադրողներ: Այդ փառատօնը իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ մեր զբօսաշրջութեան քաղաքականութեան մէջ եւ, որպէս անոր շարունակութիւն, մշակած ենք գինիի զբօսաշրջութեան մշակման գաղափարը, որովհետեւ այդ հնարաւորութիւնները այսօր Արցախը ունի: Նաեւ` ամէն տարի կ՛աւելնայ հիւրանոցներու թիւը: Անշուշտ հիմնականօրէն կեդրոնացած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, բայց որպէսզի համաչափութիւնը պահպանուի, պէտք է ընդգրկել Արցախի միւս շրջանները եւս: Մենք անցեալ տարի դասընթացներ կազմակերպեցինք գիւղական անդամներու զբօսաշրջային զարգացման ծրագիրներով, մասնագէտներ հրաւիրեցինք, որոնք առնուազն կը մնան Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Կան որոշ դժուարութիւններ այդ հարցով, բայց կը կարծեմ, որ կը յաղթահարուին, կապուած` մեր ժողովուրդի բնաւորութեան հետ եւ այլն:

«Ա. Օ.».- Ինչո՞վ խորապէս կը տպաւորուի օտար զբօսաշրջիկը:

Լ. Յ.- Ունինք զանազան ճարտարապետական յուշարձաններ, որոնք հիացում կը պատճառեն զբօսաշրջիկին, Արցախը կը նախընտրեն իր բնութեամբ, որ լեռնային է: Օրինակ` իտալացիները կ՛ուզեն լեռնագնացութիւն զարգացնել, մագլցման զբօսաշրջութիւնը, մարդիկ կան, որոնք կ՛ուզեն քալել եւ կը կազմակերպենք զանազան արահետային ուղղութիւններու որոշակի բարեկարգումներ: Կ՛ուզեն բնութիւնը տեսնել, Արցախին մօտէն ծանօթանալ, այդ պատճառով կը նախընտրեն ոտքով կամ հեծելանիւով շրջագայիլ Արցախի մէջ: Նաեւ մեզի առաջարկուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութիւն յառաջացնել, որովհետեւ Արցախի մէջ շատ են պաշտամունքային վայրերը, յատկապէս նաեւ կապուած` քրիստոնէութեան տարածման հետ:
Նաեւ մեծ աշխատանք կայ կատարելու հիւրանոցային տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, որովհետեւ եթէ չունենաս բնականոն հիւրատուներ, ապա զբօսաշրջութիւնը չի կրնար զարգանալ: Ի հարկէ, բացի պետական միջոցներէն, հովանաւորչական դրամաշնորհներ կ՛աշխատին, կայ սեփական գործակալութիւն մը, որ այդ ուղղութեամբ բաւականին աշխատանք կը կատարէ Եւրոպայէն ստացուած դրամաշնորհի միջոցներով:

«Ա. Օ.».- Ի՞նչ են երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները` հայկական մշակոյթի հետ կապուած:

Լ. Յ.- Մեր մշակութային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, վերականգնումը եւ հանրահռչակումն են: Ունինք տաղանդաւոր լաւ երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք կ՛աշխատին մեր տարբեր թատերահամերգային կազմակերպութիւններուն մէջ, եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ոլորտը աստիճանաբար կ՛երիտասարդականանայ, ինչ որ շատ ուրախալի է. այսօր բաւական արցախցի ուսանողներ կը յաճախեն Երեւանի պետական երաժշտանոց, թատրոնի եւ շարժանկարի գեղարուեստի ակադեմիա, ինչը նոյնպէս ուրախալի է. վերջերս մեր երկու պատանիներ, որոնք Ստեփանակերտի երաժշտանոցի դպրոցի սաներն են, Մոսկուայի մէջ կայացած միջազգային փառատօնին գրաւեցին երկրորդ մրցանակային տեղը, նաեւ տարուան ընթացքին տարբեր հրաւէրներ կը ստանանք տարբեր երկիրներէ, ուր տեղի կ՛ունենան մրցոյթ-փառատօներ. բնականաբար Ազրպէյճան կը փորձէ խանգարել, որպէսզի չմասնակցինք, բայց այդ դժուարութիւնները մենք մեծ մասամբ կը կարողանանք յաղթահարել, եւ մեր պատանիներն ու երիտասարդները կը կարողանան իրենց մասնակցութիւնը բերել տարբեր տեսակի փառատօներու: Նաեւ տրամաթիքական թատրոնն ալ կրցած է աշխուժանալ. ունինք շէնքին հետ կապուած խնդիր, եւ կը կարծեմ, որ պէտք է սկսի մեր պետական թատրոնի շէնքի վերակառուցման նուիրուած տարբեր միջոցառումներու շարք. կը յուսամ, որ սփիւռքն ալ կրնայ մասնակցութիւն ունենալ. այսօր, ճիշդ է, մեր թատրոնը կ՛աշխատի այլ շէնքի մէջ, եւ 2018 թուականի գործունէութիւնը բաւական յոյսեր կը ներշնչէ, թատրոնը համալրուած է, եւ ունինք պատկառելի մարդիկ, որոնք երկար տարիներ կ՛աշխատին եւ ունինք երիտասարդ սերունդ, գեղարուեստական ղեկավարը նոյնպէս երիտասարդ է, եւ կան տաղանդաւոր երիտասարդ դերասաններ, որոնք մեծ ապագայ կը խոստանան:

aztagdaily.com/archives/432982

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail