02 ԱՊՐԻԼ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ապրիլ 2-ին, ընդունած է Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանի գլխաւորած սփիւռքահայ ներդրողներու խումբը:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է ներդրողներու հետ հանդիպումները եւ գործարար միջավայրի բարելաւման, տարբեր ներդրումային ծրագիրներու շուրջ քննարկումները: Վարչապետը նշած է, որ անոնք լաւ հնարաւորութիւն կու տան կառավարութեան անդամներուն լսելու գործարարներու բարձրացուցած հարցերը, խնդիրներն ու առաջարկները:
Գագիկ Մակարեան տեղեկացուցած է, որ ոգեւորուած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով՝ արտերկրէն մօտ ժամանակներս կը պատրաստուին Հայաստան ժամանել ներդրողներու նոր խումբեր, որոնք շահագրգռուած են գործարար միջավայրի բարելաւման պայմաններով՝ մեր երկրին մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով: Անոր խօսքով՝ Հայաստանի դիրքերը ներդրողներու համար հետզհետէ կ՝ամրապնդուին եւ ատիկա լաւ հնարաւորութիւն է նոր ներդրումներ ներգրաւելու:
Այնուհետեւ, ներդրողները վարչապետին ներկայացուցած են ուժանիւթի, շինարարութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ նախատեսուող ներդրումային ծրագիրները, որոնց շուրջ տեղի ունեցած է շահագրգիռ քննարկում:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը կ՝ողջունէ գործարարներու նախաձեռնութիւնները եւ պատրաստ է իր գործիքակազմերուն ծիրէն ներս օժանդակելու ներդրումային ծրագիրներու կեանքի կոչման: Վարչապետը նաեւ առաջարկած է, մասնաւորապէս, ուժանիւթի ոլորտէն ներս, ծանօթանալու կառավարութեան ներկայացուցած ներդրումային փաթեթներուն եւ հնարաւորութեան պարագային մասնակցելու անոնց մրցոյթներուն:
Ներդրողները նշել են, որ ողջունում են Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան քաղաքականութիւնն ու գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը եւ համոզմունք յայտնել, որ դրանք կը նպաստեն ոչ միայն արտասահմանցի ներդրողների ներգրաւմանը, այլեւ հայրենիքում սփիւռքահայ գործարարների ներուժի համախմբմանը:
yerakouyn.com/2019/04/02/սփիւռքահայ-խումբ-մը-գործարարներ-հհ-վա/